
Շաբաթ, Յունիս 1-ին, Ուաթըրթաունի “Բագէն Սիւնի“ ակումբին մէջ, նշուեցաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան 95-ամեակը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն “Սարդարապատ“ Կոմիտէութեան, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ-արենոյշներու տողանցքով սկսաւ օրուան հաւաքը: Օրուան հանդիսավարն էր Սօսէ Պէօճէքեան, որ հրաւիրեց Լօրին Տա Սիլվան, ներկայացնելու համար Մայիս 28-ի խորհուրդը: Այս վերջինը շեշտեց թէ քաջատեղեակ ըլլալով ուժերու հսկայ տարբերութեան, հայոց բանակը անվհատ պայքար մղեց եւ կերտեց սուղ անկախութիւն մը:
Ապա տեղի ունեցաւ ընթրիք եւ խնճոյք: Հրաւիրուած էր տեղւոյն “Արեւ“ խումբը, որ հրամցուց ազգային եւ տոհմիկ երգերու փունջ մը: Մտերմիկ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ կէս գիշեր: