ՊՈՍԹԸՆԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ “ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ“ԵՐԱԺՇՏԱՆՈՑԸ ԲԱՑԱԾ Է ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ
Արդէն իսկ, շաբաթներէ ի վեր, Ուաթըրթունի Հայ Կեդրոնին (ACEC- 47 Nichols Ave, Watertown, MA 02472) մէջ, կատարուած է բացումը` Պոսթընի Համազգայինի “Արամ Խաչատուրեան“ երաժշտանոցին, որուն վարիչ պատասխանատու տնօրէնն է` Կարէն Քոչարեանը:
Հարուածային գործիքներու բնագաւառէն ներս մասնագիտացած Քոչարեան, արդէն իսկ ծանօթ է թէ՛ Պոսթընի եւ թէ՛ Երեւանի մէջ: Ան հերթաբար ելոյթներ կ՛ունենայ զանազան ձեռնարկներու առթիւ:
“Տան մէջ երաժշտութիւնը միշտ ալ կը հնչէ եւ պէտք է որ հնչէ: Հետեւաբար տարբեր ազգի եւ տարիքի պատանիներ, լաւ է որ ստանան երաժշտական կրթութիւն: Փորձառու ուսուցիչներու հետ դասընթացքներու հետեւելով, կարելի պիտի ըլլայ մշակութասէր ապագայ սերունդ մը…“, կը յայտնէ Քոչարեան:
Հետաքրքրուողները կրնան յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ, այցելելով կայքէջ.- https://www.hamazkayin-usa.org/akhsm կամ ելետրանամակ յղելով.- info@akhmusic.org հասցէին:

