
Read Time:1 Minute, 39 Second
Խմբագրական
«Մահացածները չեն կրնար աղաղակել արդարութեան համար: Ապրողներու պարտականութիւնն է ատիկա ընել՝ անոնց համար»
Լոյս ՄըքՄասթըր-Պիւժօ
(ամերիկացի վիպագիր)
Զգացական բնոյթ ունեցող եւ յուզում յառաջացնող «Մայրերու Օր» չէ որ կը տօնուի ամէն շաբաթ Պոլսոյ Կալաթասարայի բանուկ հրապարակին մէջ․․․Մայիս 27, 1995-էն ի վեր։
Ընդհակառակը, մայրեր կը հաւաքուին,՝ իրենց անհետացած, առեւանգուած, չարչարուած եւ սպաննուած զաւակներու յիշատակը նշելու նպատակով։ Շաբաթական դրութեամբ կը ներկայացուին անհետացած երիտասարդներու ոդիսականները, առանց յաւելեալ մթնոլորտ ստեղծելու։ «Մենք տարիներէ ի վեր միայն մէկ բան կը պահանջենք, որ մեր հարազատները սպաննողները յայտնաբերուին եւ իրենց գործած յանցանքին համապատասխան պատիժին արժանանան», կը յայտնեն այս դժբախտ ու վրիժառու մայրերը։
Այս հաւաքները միջազգային եւ յատկապէս աշխարհայնացած փափուկ սեռի իրաւունքներուն, կամ նոյնիսկ միասեռականներու ի նպաստ կատարուած։ Յար եւ նման են Պուէնոս Այրէսի մէջ ցայսօր հաւաքներ կազմակերպող այն դժբախտ մայրերուն, որոնք իրենց զաւակներն ու հարազատները կորսնցուցած են 1976-էն 1983 թուականներուն զինուորական խունթայի կատարած առեւանգումներուն եւ սպանութիւններուն իբրեւ արդիւնք։
Յատկապէս, ներկայ բռնատէր Էրտողանի օրերուն, այս հաւաքները շատ աւելի քաղաքական բնոյթ կը ստանան, մանաւանդ որ մասնակցողները այլախոհներու մայրերն ու հարազատներն են։
Շաբաթ, Օգոստոս 25-ին կատարուած ցոյցը, որ եօթ հարիւրերորդն էր, սովորականին նման չընթացաւ։ Այդ օր, ոստիկանութեան թելադրուած էր չթոյլատրել եւ ամէն գնով արգելք հանդիսանալ որեւէ հաւաքի։ Տասնեակներով ձերբակալութիւններ կատարուեցան՝ ներքին գործոց նախարարութեան եւ անոր հլու կամակատար ներքին ապահովութեան ուժերուն հսկողութեամբ։
Այս անակնկալ ընդհարումներուն ընթացքին, քիչ մնաց որ ձերբակալուէր նաեւ Հրանդ Տինքի զաւակ Առատն ու քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան կուսակցութեան երեսփոխաններ, որոնց կարգին Պոլսոյ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, նաեւ Հուտա Քայա, Սերփիլ Քեմալպայ եւ Ահմէտ Շըք:
Ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սէօյլու, որ ըստ երեւոյթին մարդկային իրաւունքներու մասին ապատեղեակ է, ամենայն ինքնավստահութեամբ շեշտած է, թէ ինք անձամբ հրահանգած է ներքին ապահովութեան ուժերուն, որպէսզի միջամտեն, նկատի ունենալով, որ այսպիսի չարաշահում կարելի չէր աւելի երկար հանդուրժել եւ ձեռնածալ մնալ։
Անգարայի մէջ գործող Մարդկային Իրաւունքներու հիմնարկը պաշտօնապէս կը հաստատէ թէ 1992-էն 1996 թուականներուն աւելի քան ութ հարիւր անհետացման պարագաներ նշուած են, իսկ 1980-ականներուն, զինուորական իշխանութիւններու օրերուն ալ, յատկապէս քիւրտերու դէմ կատարուած է հալածանք, ձերբակալութիւն եւ անյայտացում։
Ըստ երեւոյթին, ոդիսականի վերածուած է «Շաբաթական Մայրեր»-ու այս հաւաքը։