ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԻՆԴԼԵԱՆԻ ՇԻՐԻՄԷՆ ՋԱՀԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 2 Second

Յուլիս 20-ին Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդէն մեկնարկը պիտի կատարուի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն` Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հիմնադիրներուն շիրիմներէն բերուած հողերուն` հայրենի հողին միախառնումով եւ նոյն վայրերէն բոցավառած ջահերու միացումով` Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին։
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հիմնադիրներէն, Հայոց ցեղասպանութեան զոհ ըլլալով անշիրիմ մնացած Շաւարշ Քրիսեանի շիրիմին փոխարէն Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց մատուռի վառեցան անոր նուիրուած ջահը, ինչպէս նաեւ հոնկէ առնուեցաւ ափ մը հողը, Փարիզի մէջ նոյն արարողութիւնը կատարուեցաւ միութեան հիմնադիր անդամներէն, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտապետ Գրիգոր Յակոբեանի շիրիմէն, իսկ Յուլիս 12-ին նմանօրինակ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ`Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հիմնադիր երրորդութենէն Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմին շուրջ:
Այս առիթով Պոլիս ուղղուած էին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի երկու ներկայացուցիչներ` Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․-ի Վարչութեան ատենապետ, Հայաստանի «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Դաւիթ Յակոբեանը եւ նախկին տարազաւոր խմբապետ Գեղամ Մանուկեանը, որ «Երկիր մետիա»-ի քաղաքական հաղորդումներու եւ լուրերու տնօրէնն է։
Նախ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը Սկիւտարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յուսիկ քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ, իսկ երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Էտվին սրկ. Կալիպօղլուի գլխաւորութեամբ։
Դաւիթ Յակոբեան եւ Գեղամ Մանուկեան ծաղիկներ զետեղեցին Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմին վրայ եւ յարգեցին անոր յիշատակը, ապա Գեղամ Մանուկեան վառեց յատուկ ջահը, որուն խորհրդանշական լոյսը պիտի տեղափոխուի Երեւան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles