ՊՈԼԻՍ.- Հ.Յ.Դ.-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻՆ ԵՒ ԿԱՏԱՐԵՑ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 57 Second

ARF2

ՊՈԼԻՍ.- Նոյեմբեր 12-ին, բարձրաստիճան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, Հ.Յ.Դ.-ի եւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղա­ղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) միջեւ: Այս վերջինին պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին հարցերու պատասխանատու եւ Վանի շրջանէն, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր:  Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէին, Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, ընկերակցութեամբ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հայ-քրտական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական հասարակաց ձգտումները:

Նշենք թէ, նմանօրինակ հանդիպում մը կատարուած էր երկու շաբաթ առաջ, Ուաշինկթընի մէջ, երբ Խաղա­ղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանա­խագահ Սալահէտտին Տէմիրթաշի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերակցէր նոյնինքն Կիւր, այցելած էր Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցած` Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Նշենք թէ , Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան եւ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, ժամանած էին Պոլիս, մանսակցելու համար Ընկերվարական Միջազգայնականին, որ սկսած էր Նոյեմբեր 10-ին, Ընկերվար Միջազգայնականի ելեւմուտքի եւ վարչական յանձնախումբին նիստով, ապա գումարուած էր նախագահութեան նիստը: Կազմակերպութեան նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճորճ (Էորղոս) Փափանտրէուի նախագահութեամբ տեղի ունեցած ժողովը անդրադարձաւ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ կազմակերպութեան դիմագրաւած հարցերուն:arf3

Ժողովին ներկայ էր նաեւ հիւրընկալ` Ժողովրդահանրապետական (CHP) կուսակցութեան ղեկավար, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն: Մարիօ Նալպանտեանը իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ կազմակերպութեան հարցերը. մինչ այդ, սակայն, ան նախագահութեան անդամներուն ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ, թէ իրեն եւ իր կուսակցութեան` Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար Պոլսոյ մէջ այս ժողովներուն մասնակցութիւնը պատմական նշանակութիւն ունի, ոչ թէ որովհետեւ պատուիրակութեան անդամներու առաջին այցելութիւնն է Պոլիս, այլ յատկապէս որովհետեւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս այս քաղաքին մէջ չէ գտնուած աւելի քան 92 տարիէ ի վեր` բոլորին ծանօթ իրադարձութիւններու պատճառով:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11-ին սկսաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովը: Բացման խօսքերէն ետք յատուկ օրակարգով ելոյթ ունեցան այս տարուան Յունիսին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի Կեզի այգիի (որ նախապէս եղած է հայկական գերեզմանատուն) պահպանման համար տեղի ունեցած շարժումներուն մասնակիցները` ներկայացնելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հակաժողովրդավարական կեցուածքը այս դէպքերուն նկատմամբ:

Ժողովին գլխաւոր օրակարգն էր` “Յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ժողովրդավարութեան համար պայքարներուն առնչուող ընթացիկ տագնապներ եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնացող հակամարտութիւններ“: Բացի անդամ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն, այս օրակարգով ելոյթ ունեցան նաեւ Սուրիոյ ընդդիմադիրներու ներկայացուցիչներ եւ Արաբական լիկայի գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչը:

Ելոյթ ունենալով` Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան ըսաւ, թէ Սուրիոյ տագնապը ունի միայն քաղաքական լուծում, որուն պէտք է մասնակցին բոլոր անոնք, որոնք համաձայն են երկխօսութան ճամբով հասնելու քաղաքական լուծման մը, եւ պէտք է յարգուին առանց բացառութեան բոլորին իրաւունքները: Սուրիոյ ժողովուրդին բարեփոխումներու արդար պահանջքը խափանուեցաւ` արտասահմանէն եկած ծայրայեղական խմբաւորումներու զինեալ մասնակցութեան իբրեւ հետեւանք: Սուրիան բազմացեղային, բազմակրօն եւ բազմամշակութային երկիր ու հասարակութիւն է, ըսաւ Նալպանտեանը, ուր հայերս, տեղւոյն ժողովուրդներուն եւ կրօնքներուն հետ ապրած ենք աւելի քան հազար տարի եւ պայքարած` մեր իրաւունքներուն համար: “Կը զօրակցինք Ընկերվար Միջազգայնականի այն ճիգերուն, որոնց նպատակն է երկխօսութեան ճամբով նպաստել հարցի լուծման եւ ապահովել բոլոր կողմերու մասնակցութիւնը Ժընեւ 2ի խորհրդակցութիւններուն“, ըսաւ Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչը եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտ է պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, որովհետեւ այլապէս պիտի խախտի նաեւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը:ARF1

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամը` շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունեցող անկայունութիւնը արեւելեան Միջերկրականէն կը հասնի մինչեւ Կասպից Ծով, որովհետեւ այնտեղ առկայ է ահաւոր սպառազինում, որ կը զուգորդուի ռազմատենչ հռետորութեամբ: “Այս տարածաշրջանը կարիքը ունի ներդրումներու, կարիք ունի աշխատատեղերու, կարիք ունի զարգացումի, որոնք կը բարելաւեն կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը եւ կը բաւարարեն շրջանի ժողովուրդներու ընկերային կարիքները, ապագայի նկատմամբ յոյս կու տան երիտասարդութեան եւ այդպիսով երիտասարդութիւնը հեռու կը պահեն ծայրայեղականութիւններէ` ահաբեկչութենէ եւ թմրանիւթերէ: Այդ պատճառով ալ, համաձայն եմ այսօր հնչած այն գնահատականներուն, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը չէ նպաստած կայունութեան հաստատման, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ Թուրքիոյ կողմէ դէպի Սուրիա տեղի ունեցաւ ապակայունացնող ամէն ինչի ներհոսք: Իսկ միւս կողմէ, Թուրքիան միակողմանի եւ անարդար կերպով արդէն քսան տարիէ ի վեր փակ կը պահէ Հայաստանի հետ սահմանը: Ժամանակը հասած է, որպէսզի Թուրքիան վերանայի իր պատմութիւնը եւ ընդունի իր պատասխանատուութիւնը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ծրագրման եւ իրագործման համար“, ըսաւ Մարիօ Նալպանտեան:

Նալպանտեանը իր խօսքը աւարտեց` շեշտելով. “Կը հաւատանք, որ ամբողջ տարածաշրջանի հակամարտութիւնները կը լուծուին երկխօսութեան եւ հակամարտութիւններու մնայուն կարգաւորման համար փնտռտուքներու ճամբով: Այս տեսանկիւնէն կը հաւատանք, որ Ընկերվար Միջազգայնականը պէտք է նպաստէ առկայ կերպարի (paradigm) եւ հաւասարութեան փոփոխութեան, ուր պէտք է ապահովել ներդրումներ, ստեղծել նոր աշխատատեղեր, զարգացնել գիտութիւնն ու ճարտարուեստը, բարելաւել առողջապահութիւնը“:
Նշենք, որ Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովը կը շարունակուի:

Ընկերվար Միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է: Այն կը համախմբէ բոլոր ցամաքամասերէն աւելի քան 140 երկիրներու շուրջ 160 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստացած առաջին կուսակցութիւնը եղած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (2003ին): Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը կազմակերպութեան փոխնախագահ է, իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը` ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան տարածաշրջանային յանձնախումբի համանախագահ: Հ.Յ.Դ. նաեւ անդամ է կազմակերպութեան ելեւմուտքի եւ վարչական յանձնախմբի: Հ.Յ.Դ.-ի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY):

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles