Լրահոս

Պոլիս Անդրանիկ Այցելութիւն` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը Յունուար 3-ին հովուապետական իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքին, ինչպէս նաեւ կատարեց համայնքի աւագ թեմին նորանշանակ պատրիարքական կառավարիչ Վարդան թ.ծ.վ. Գազանճեանին ծիսական խորհրդանիշներու տուչութիւնը:

Պատրիարքին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Մեսրոպ ծ. վրդ. Թօփալեանը, Նարեկ թ.ծ.վրդ. Նամոյեանը եւ Մովսէս վրդ. Տօնանեանը, որոնք պաշտօնական ընդունելութեան արժանացան` Պոլսոյ աւագ թեմի վաստակաւոր նախկին առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեանի, Վարդան թ.ծ. վրդ. Գազանճեանի, Միքայէլ Ուչարի եւ Աբրահամ ծ. վրդ. Ֆիրաթեանի, Վարդան քհնյ. Քէշիշեանի, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի Թաղական մարմինին կողմէ:

Բարձրաստիճան հիւրերը ուղղուեցան ՍՈՒՐԲ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցի, ուր հոգեւոր տէրը արժանացաւ հայ կաթողիկէ համայնքի ջերմ ընդունելութեան, եկեղեցւոյ զանգակները իրենց զուարթ ղօղանջներով աւետեցին ժամանումը պատրիարքին, որ առաջնորդուած քահանաներէ եւ գեղաձայն դպիրներէ` «Հրաշափառ»-ի շարականով մուտք գործեց տաճար:

Աւագ խորանին առջեւ աղօթք բարձրացնելէ ետք, Վարդան թ.ծ.վրդ. Գազանճեան բարի գալուստ մաղթեց պատրիարք հօր` շեշտելով, որ հոն պատրիարքներու տունն է: Հոգեւոր տէրը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց` հոգեւոր եղբայրներուն, հոգաբարձուներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որոնք մեծ սիրով ընդառաջ ելած էին զինք ընդունելու:

Շաբաթ, 4 յունուար 2025-ի առաւօտուն պատրիարքը այցելեց Պոլսոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Սահակ Բ. պատրիարքին:

Advertisement Subscribe Today

Հոգեւոր տէրը հայրապետական պատարագ մատուցեց եւ յղեց օրուան պատգամը։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարք  այցելեց նաեւ Օրթաքէօյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ ներկայիս վերանորոգումի ենթարկուած է հայր Վարդանին եւ տեղւոյն Թաղական մարմինի անդամներուն հսկողութեան տակ: Երկուշաբթի, 6 յունուար 2025-ին կէսօրին այցելութիւն տրուեցաւ Պոլսոյ լատին առաջնորդին, եւ այնտեղ եղբայրական ագապ մը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button