ՊՈ­ԼԻՍ… ԱՐ­ԵԱՆ ԾՈ՞Վ

0 0
Read Time:3 Minute, 35 Second

p 1 main

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Երբ Հինգ­շաբ­թի, Յու­նիս 6ի երե­կոյ­եան, Թուրք­իոյ վար­չա­պետ Էր­տո­ղա­նը Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րիկ­եան` Մաղ­րէպ­եան եր­կիր­ներ կա­տա­րած իր շրջապ­տոյ­տէն վե­րա­դար­ձաւ, քա­ջա­տեղ­եակ էր թէ հա­զա­րա­ւոր հա­մա­կիր­ներ պի­տի ժա­մա­նէ­ին օդա­կա­յան, զինք դի­մա­ւո­րե­լու: Սա­կայն, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ ան կ՛են­թա­գի­տակ­ցէր թէ,  այդ ներ­կա­նե­րու թիւին կրկնա­պա­տիկ­նե­րը հա­ւաք­ուած էին…կամ կը շա­րու­նա­կէ­ին հա­ւաք­ուիլ Պոլ­սոյ կեդ­րո­նա­կան “Թաք­սիմ“ հրա­պա­րա­կին շուրջ, իրենց զայ­րոյթն ու ցա­սու­մը ար­տա­յայ­տե­լու:

Աւե­լին, հա­կա­ռակ ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ առն­ուած կտրուկ եւ ար­մա­տա­կան որո­շում­նե­րուն, ոս­տի­կա­նու­թիւնը ան­բա­ցատ­րե­լի եւ դժուար կա­ցու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ գտնուած էր եւ յա­ւել­եալ բար­դոյթ չպատ­ճա­ռե­լու հա­մար, ցայ­սօր իսկ կը փոր­ձէ զուսպ կեց­ուածք:

Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն է թէ Արե­ւել­եան Սեւ Ծով­եան ափի հե­ռա­ւոր Ռի­զէ նա­ւա­հան­գիս­տէն ներս, այդ նոյ­նինքն ոս­տի­կա­նու­թիւնը, ստիպ­ուած եղած էր պաշտ­պա­նել եւ օգ­նու­թեան փու­թալ ցու­ցա­րար­նե­րուն, որոնք անակն­կա­լօ­րէն աք­ցա­նի տակ առն­ուած էին, Էր­տո­ղա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան մօ­տիկ խումբ մը ցու­ցա­րար­նե­րուն կող­մէ:

Էր­տո­ղա­նի հա­մար յստակ էր թէ ներ­քին խռո­վու­թիւն­նե­րու ազ­դան­շա­նը տրուած էր Մա­յիս 11-ին, երբ ինք­նա­շար­ժի պայ­թում մը, Սուր­իոյ սահ­մա­նա­մերձ Ռէյ­հան­լը գիւ­ղա­քա­ղա­քին մէջ, պատ­ճա­ռած էր աւե­լի քան յի­սուն զոհ էր խլած եւ նիւ­թա­կան վնաս­ներ եւս պատ­ճա­ռե­լով: Օրին, լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րը` տե­ղա­կան թէ արեւմտ­եան, կրցած էին կա­ցու­թեան տէ­րը դառ­նալ…մո­ռա­ցու­թեան մատ­նե­լով: Այս մի­եւ­նոյն բնա­գա­ւա­ռը փոր­ձած էր “Թաք­սիմ“ի ցոյ­ցերն ալ ծած­կել, սա­կայն այդ մէ­կը կա­րե­լի չէր կա­տա­րել… Եւ­րո­պան Աս­իոյ մի­աց­նող եւ Արեւ­մուտ­քի եւ Արե­ւել­քի մի­ջեւ կա­մուրջ (եր­րորդ կա­մուր­ջի մը կա­ռուց­ման հարցն իսկ, իր կար­գին խո­չըն­դոտ մըն է) հան­դի­սա­ցող` Պոլ­սոյ պա­րա­գա­յին:

Այս ան­ցու­դար­ձե­րուն մօ­տէն թէ հեռ­ուէն հե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար նկա­տե­լի են թրքե­րէ­նի կող­քին անգ­լե­րէն, սպա­նե­րէն, ֆրան­սե­րէն եւ յատ­կա­պէս գեր­մա­նե­րէն (ուր գո­յու­թիւն ու­նի շօ­շա­փե­լի գա­ղութ մը, ընդ­հան­րա­պէս ձա­խա­կողմ­եան գա­ղա­փար­նե­րու տէր) գրու­թիւն­նե­րը:

Որ­քա՜ն կը կրկնուին այս հա­ւաք­նե­րը, այն­քան մտա­հո­գիչ կը դառ­նայ Էր­տո­ղա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնը, որ կառ­չած կը մնայ վե­րա­շի­նու­թեան քօ­ղին տակ կա­տար­ուած փլու­զում­նե­րուն, ըլ­լան անոնք են­թա­կա­յա­կան թէ առար­կա­յա­կան, բա­րո­յա­կան թէ զգա­ցա­կան…

Հուսկ, Պո­լիս…Ար­եան Ծո՞վ:

Անե­րե­ւա­կա­յե­լի այս տո­ղին հար­ցադ­րումն ան­գամ ցոյց կու տայ թէ շատ բան փոխ­ուած է եւ կրնայ դեռ շատ աւե­լի վատ­թա­րա­նալ եթէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չջնջեն Թուրք­իոյ բո­լոր քա­ղաք­նե­րուն գլխա­ւոր հրա­պա­րակ­նե­րուն վրայ հա­ւա­քոյթ­ներ ու ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պե­լու ար­գել­քը, եւ աւե­լին, թոյ­լատր­ուի ամ­բող­ջա­կան կար­ծի­քի ազա­տու­թիւն ու ար­տա­յայ­տու­թիւն:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles