«Պիտի Շարունակենք Օգնել Հայրենիքին», Կը Յայտնէ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհի՝ Քարոլին Շմաւոնեան

0 0
Read Time:37 Second

caroline-shmavonian

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Քարոլին Շմաւոնեան վերջերս մասնակցեցաւ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարի եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տեղական մարմիններու անդամներու հանդիպման:
Հարցազրոյցի մը ընթացքին, Շմաւոնեան ներկայացուց վերջին տարիներուն սուրիահայերուն ցուցաբերուած օգնութիւններու ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ Արցախին օգնելու համար կազմակերպուած հաւաքներն ու արդիւնքները:
Շմաւոնեան, շեշտեց թէ վերջին տարիներուն Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերականգնումը ամենակարեւոր ծրագիրներէն մէկն է, որուն աշխատանքները կ’աւարտին 2017 թուականին:
«Հ.Օ.Մ.ի ջանքերով՝ Սուրիոյ մէջ յիսուն հազարէ աւելի հայերու օգնութիւն կը տրամադրուի: Դեռ վերջերս, Հայաստանի մէջ Նոր տարուան առթիւ հարիւր ընտանիքներու նուէրներ բաժնուեցան: Բայց ապրիլեան օրերուն առաջնահերթութիւնը, ի հարկէ, Արցախն էր: Հ.Օ.Մ.ը առաջիններէն էր, որ յիսուն հազար տոլար փոխանցեց Արցախի կառավարութեան: Եւ պիտի շարունակենք այս ծրագիրներն այնքան, որքան Հայրենիքն ու Արցախը մեր կարիքը ունին», եզրակացուց Շմաւոնեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles