Յօդուածներ

Պիտի Կտրենք Վիշապին Գլուխը

 

Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան

Սփրինկֆիլտ, Մասաչուսէց

 

 

Advertisement Donate Today

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Անոր, որ փորերը պատրեց մեր յղիներուն,

Անոր, որ գոռոզօրէն ըսաւ.«Լաւ ըրի ու նորէն պիտ ընեմ անվարան»:

 

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Անոր, որ մեր հիւրը եղաւ,

Ու ետքը դուրս հանեց մեզ մեր հողերէն պատմական:

 

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Ու չնայած, որ ցանցառ ենք ու քիչ,

Բայց զօրաւոր ենք լոյսով ու հաւատքով քրիստոնէական:

 

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Բայց նախքան կտրելը,

Որդիին պարանով լաւ մը պիտ ծեծենք անոր վայրի բնազդն սատանայական:

 

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Ու պիտ հպարտ ըլլան մեր մայրերը,

Որոնց կաթէն ծնան մեր հերոսներն անզուգական:

 

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Ու պիտ սրբանան այն մայրերը,

Որոնց զաւակներուն արիւնը պիտ ջրէ մեր ծաղկումին ճամբան:

 

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Ու արիւնը մեր քաջերուն պիտ թոյն ըլլայ անոնց,

Որոնք թունաւորեցին մեր հոգին ազնուական:

 

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Ու այնպէս մը կտրենք, որ երբեք ու երբեք,

Մեզմէ մէկուն մազին չկրնայ դպչիլ անգամ:

 

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Ու այս արմակէտոնին մէջ,

Ոչ թէ միայն մեր, այլ համայն բարուն հարցը պիտի լուծենք անխափան:

 

 

 

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Ընկերներն ու նախանձողնե՛րն պիտ խոնարհին անգամ,

Ամբողջ աշխարհն պիտ թակէ մեր դուռն արքայական:

 

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Ու Թորգոմի ցեղը յաղթած պիտ քալէ փառքի ճամբէն,

Ու Թորգոմի ցեղը պիտ բարձրացնէ գաղափարի մարդն յաւերժական:

 

Պիտի կտրենք վիշապին գլուխը,

Ու չարին գլուխը կտրելուն մէջն ալ առաջինն պիտ ըլլանք,

Ինչպէս որ առաջինն եղանք Լոյսին բերելուն մէջ աստուածաշնչեան:

 

Այո, ա՛յս անգամ պիտի կտրենք վիշապին գլուխը վերջնական:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button