
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ
Տ․ ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ․ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
«Ով չորցած ոսկորներ, լսեցէք Տիրոջ պատգամները․ ահա ես ձեր վրայ կենդանի շունչ պիտի բերեմ։ Եւ ձեզի ջիղեր պիտի տամ եւ ձեր վրայ մարմին պիտի դնեմ ու մորթով պիտի ծածկեմ եւ ձեր մէջը շունչ պիտի դնեմ։ Եւ դուք պիտի կենդանանաք եւ պիտի իմանաք թէ ես եմ Տէրը։» (ԵԶԵԿԻԷԼ, ԼԷ․ 3-6)
Ս․ Վարդան Մայր Տաճարի արեւմտեան որմին՝ քառասուն ոտք բարձրութեան վրայ բացուող լուսամուտի գունաւոր նկարազարդ ապակին Աստուածաշունչէն առնուած երկիւղալի տեսարան մը ցոյց կու տայ։ Պատկերին նիւթը առնուած է Եզեկիէլ մարգարէին ցնցիչ տեսիլքէն, որ ծանօթ է «չորցած ոսկորներու հովիտը» անուամբ։
Իսկ Մայր Տաճարի պատուհաններու ապակենկարները գծագրող հանգուցեալ արուեստագէտ Բոգդան Գրոմին եւ յիսուն տարի առաջ՝ Տաճարի օծման օրը ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն համար որոնք առաջին անգամ դիտեցին զայն, այդ տեսիլքը կը խտացնէր հայ ժողովուրդի ոդիսականը՝ մանաւանդ 1915 թուականի ցեղասպանութեան հետեւանքները։ Ասիկա պատմութիւնն էր ժողովուրդի մը, որ ըստ երեւոյթին ջնջուած էր պատմութենէն եւ Տէր Զօրի անապատին նման չոր ու ամայի վայրերու մէջ ոսկրակոյտի վերածուած բայց ձեւով մը կեանքի վերակոչուած։
Ո՞վ պիտի կարենար այդպիսի հրաշք մը գործել՝ եթէ ոչ միայն Ամենակալն Աստուած։ Սակայն հայ ժողովուրդի գոյատեւման հրաշքը երբեք տեղի պիտի չ՛ունենար առանց ուրիշ հրաշքի մը, այն զոր կը տօնենք ամէն տարի՝ Զատիկին։
Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը մեզի տրուած մեծագոյն աւետիսն է, որ Աստուած իր հաւատացեալ զաւակները չի լքեր։ Մեզի տրուած մեծագոյն հաւաստիքն է, որ չարին զօրութիւնը պիտի չզգետնէ բարիինը․ յոյսի մեծագոյն աղբիւրն է մեր կեանքին մէջ։
Իր որդւոյն աշխարհ գալուստէն դարեր առաջ՝ Աստուած խօսած էր Եզեկիէլ մարգարէին՝ փոխանցելու համար այդ յոյսը ազդեցիկ տեսիլքի մը միջոցաւ ։ Յիշեցէք Աստուծոյ խօսքը, մինչ ան կ՛առաջնորդէր Եզեկիէլը չորցած ոսկորներու հովիտէն եւ կը հարցնէր՝ «Որդի մարդոյ, այս ոսկորները կրնա՞ն կենդանանալ»։
«Տէր Աստուած, այդ դուն գիտես,» պատասխանած էր Եզեկիէլ։ Ապա Աստուած յարուցած էր չորցած ոսկորները, պատած էր զանոնք մարմինով, ջիղերով եւ մորթով եւ պարգեւած էր կենդանութեան շունչ։ Եզեկիէլ սարսափած էր մահուան եւ կործանման տեսիլքէն բայց ականատես եղած էր Աստուծոյ զօրութեան, որ կրնար մահէն կեանք քաղել, եւ տեսնելով Կենդանութեան հրաշքը՝ վերահաս եղած էր Յոյսի հրաշքին։
Նոյն յոյսը յայտնուած էր առաջին Զատիկին, երբ երեք կիներ կ՛այցելէին Քրիստոսի գերեզմանը։ Անոնք եւս կը քալէին «մահուան հովիտէն», գերեզմանատունէն․ մօտեցան
գերեզմանին՝ երկիւղով եւ յուսալքուած վիճակով, քանի որ ականատես եղած էին իրենց Տիրոջ Յիսուսի խաչելութեան եւ տեսած էին անոր մեռած մարմինը օր մը առաջ։
Բայց զանոնք դիմաւորողը մահուան տեսիլքը չէր, այլ կեանքի աւետիսը՝ թափուր գերեզմանը։ Հայեացք մը միայն բաւարար պիտի ըլլար վանելու ամէն տեսակի երկիւղ եւ յուսադրելու այդ կիները յոյսով մը որ պիտի յեղաշրջէր աշխարհը։
Ատեն մը ետք մեր նախահայրերը եւս սթափեցան այդ նոյն յոյսին դիմաց։ Հայ ժողովուրդը՝ նախ անհատաբար եւ ապա ազգովին, ողջունեց Յարութեան յոյսը, որ դարձաւ մեր քաղաքակրթութեան կենսական ջիղը եւ մեր գոյատեւման գաղտնիքը։ Քանի՞ քանի անգամ մեր ժողովուրդը մահուան հովիտէն քալեց։ Եւ մենք ի՞նչպէս պիտի դիմանայինք, ի՞նչպէս պիտի յաղթահարէինք դժուարութիւնները, եթէ չունենայինք յոյս՝ այդ թանկագին պարգեւը։
Իսկ Յարութեան յոյսը որ ունինք անցեալէն հասած նշխար մը չէ։ Հաճելի պատմութիւն մը չէ միայն, որ կրնայ օգտակար ըլլալ դժուարին օրեր դիմագրաւելու։ Գոյութեան ապացոյցն է ան որուն կ՛անդրադառնանք անակնկալ կերպերով եւ աներեւակայելի վայրերու մէջ։
Յոյսի այս պատգամէն պարտինք աւիւն ստանալ այսօր, երբ մեր կարգին մեր դժուարութիւններուն դէմ յանդիման կանգնած ենք։ Այսօր կ՛ապրինք դարեր շարունակ կեանքի հաստատ ուղիներու խանգարման ժամանակաշրջանին մէջ։ Փոփոխութիւններէն ոմանք, զորս կը նշմարենք, կրնան խնդրականօրէն դրական ըլլալ։ Բայց այլ փոփոխութիւններ մեզ շփօթութեան, նոյնիսկ վախի, կը մատնեն, մտածել տալով՝ թէ ի՛նչպիսի աշխարհ մը պիտի ժառանգեն մեր զաւակները։ Հանրային կարծիքը բարոյալքուած, մտավախ եւ կասկածոտ կը թուի ըլլալ ապագայի նկատմամբ։
Նման երեւոյթներ առիթ կու տան մտահոգուելու, աղօթելու եւ խորհրդածելու․ բայց ոչ երբեք յուսալքուելու։ Վասն զի մենք անծանօթ չենք մահուան հովիտին։ Այդտեղէն անցած ենք Քրիստոսի շնորհիւ։ Մեր փրկութեան համար Քրիստոս ինք ճաշակեց անոր արհաւիրքները, խոցոտուեցաւ բայց յաղթական հանդիսացաւ։ Արդարեւ՝ երբեք չկորսնցնենք մեր հաւատքը մինչ կը քալենք մեր փորձութեանց դաշտին մէջէն։ Մենք փորձառութիւնը ունինք Կեանքի հրաշքին եւ գիտենք Յոյսի հրաշքը։
Այս յոյսն է որ Յիսուս Քրիստոս իւրաքանչիւր հոգիի կը խոստանայ։ Այս Զատիկի օրով միասնաբար կառչինք անոր՝ աւելի խորունկ համոզումով քան երբեք։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի
Ս․ Զատիկ 2018