
Նամակատուփս յորդած էր: Ամէն բան կարելի է գնել՝ զեղչով: Պետական նպաստ կայ, եթէ հեծանիւ գնեմ: Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ եթէ քալելու համար նպաստ տան:
Թուղթերու դէզին մէջ Կեդրոնականցի Արմենակէն պահարան մը կար: Բացի: Բազմագրուած էջ մըն էր: Քայլ պահելով ժամանակին հետ եւ լսուելու համար՝ մէյլինկ ըրած էր: Քանի՞ հազար հասցէի: Երբ զինք տեսնեմ կ’իմանամ:
Կարճ յայտարարութիւն մը: Արմենակ Հիմնադրամ ստեղծած է Հայաստանի վարչապետին պինցետներ ղրկելու համար, քանի որ ան յայտարարած էր, թէ ում շունն է կորոնավիրուսը, զայն պինցետներով կը հանենք եւ տնական արաղի մէջ կը խեղդենք: Հիմնադրամը գիւղացիներուն ալ նպաստ պիտի տայ տնական արաղի արտադրութեան զարկ տալու համար:
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄը կ’ըսէ. «Օժանդակենք վարչապետին հասցնելով պինցետներ եւ տնական արաղ, որպէսզի Հայաստանի վարակակիրները բուժուին: Այս արտակարգ ախտորոշումը եւ հրաշք դարմանը կը փրկեն Հայաստանի մէջ ամէն օր յայտնաբերուող վարակակիրները, ինչպէս կ’ըսեն՝ պացիենտները, կը կանխեն մահերը: Պինցետը ազգի ֆիզիքական գոյութեան վահանն է»:
Եթէ Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրէ,- կորոնավիրուսէ,- 7774 վարակեալներ կան, եւ պացիենտներուն թիւը ամէն օր կ’աւելնայ, մեծաքանակ պինցետ պէտք է ապսպրել եւ ղրկել Հայաստան, խնայելու համար դիմակներու սպառումը եւ ծախսը:
Եթէ յաջողի եւ միջազգային ընդունելութիւն գտնէ պինցետային եւ տնական արաղային բժշկական գիւտը, նոր Հիպպոկրատը կը ստանայ Նոպէլեան մրցանակ՝ ի փառս հայ մեծ ազգի:
Կեդրոնականցիին Պինցետային Հիմնադրամին պէտք է օգնել՝ հայ կեանքեր փրկելու համար: Նաեւ ամբողջ աշխարհը՝ արտածելով տնական արաղ: Ի զուր չէ, որ համաշխարհային ազգ ենք:
Հասցէ՞: Օգնել ուզողը կը փնտռէ եւ կը գտնէ:
Պինցետ մըն ալ գտնել պինցետը հայերէնի մարմնէն հանելու համար, որպէսզի յարգուի լեզուի մասին Սահմանադրութեան յօդուածը:
Մակար ի Գաղիա, 28 մայիս 2020