Հարցազրոյցներ
«Պէտք Է Ձերբազատուիլ Այս Իշխանութենէն, Որուն Պատճառով Հայութիւնը Ապրեցաւ Անկախ Հայաստանի Նորագոյն Պատմութեան Ամէնէն Աղէտալի Էջերը… ». Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
Վերջերս, Լիբանան կատարած այցելութեան առթիւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ազդակ»-ին (Հարցազրոյցը վարեց` Նորա Բարսեղեան) հետ: Քննարկուեցան Հայաստանի մէջ տիրող նախընտրական կացութիւնը, Արցախի ներկայ կարգավիճակը եւ այս բոլորին մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնն ու տարած աշխատանքը:
Ստորեւ` յապաւումով հարցազրոյցին բովանդակութիւնը:


