ՊԷՏՔ Է ԼՍԵԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՆՈՅՆԻՍԿ ԵՐԲ ԱՆ ՍԽԱԼ Է  ԿԱՄ ՄԵԶԻ ՊԷՍ ՉԻ ՄՏԱԾԵՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 22 Second

 Յ. Պալեան

            Հաւաքականութիւն մը, ան ըլլայ միութիւն, կուսակցութիւն, քաղաք թէ երկիր, կը լճանայ եւ կը նեխի, երբ անոր ղեկավարութիւնը չի լսեր ժողովուրդը եւ ժողովուրդը կը դադրի զինք լսելէ: Ղեկավարութիւնը պէտք է լսէ ժողովուրդը նոյնիսկ երբ ան, ըստ իրեն, սխալ կը մտածէ: Ան տարրական ողջմտութեամբ ինքն իրեն հարց պիտի տայ, թէ ինչո՞ւ ժողովուրդը (միշտ ըստ իրեն) սխալ կը մտածէ, կամ ինք ի՞նչ ըրած է որ ժողովուրդը սխալ մտածէ եւ սխալ դիրքորոշուի (միշտ ըստ իրեն):

            Եւ քանի որ ժողովրդային կամքը, ժողովրդավարական կարգով կ’արտայայտուի քուէարկութեամբ, ան չափանիշ է հասկնալու համար, որ ժողովուրդը կը լսէ՞ եւ կը հասկնա՞յ իր ղեկավարութիւնը, թէ ոչ: Ոչի պարագային հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ չի լսեր եւ նոյն ղեկավարութիւնը լսա՞ծ է եւ կը լսէ՞ ժողովուրդը: Երբ ղեկավարութիւնը կը հաստատէ, որ ժողովուրդը զինք չէ լսած, պէտք է յանգի համապատասխան եզրակացութիւններու, առանց թաքնուելու իրաւ, կեղծ կամ ժամանակավրէպ դափնիներու ետին:

            Ֆրանսայի ազատարար զօրավար տը Կոլ, երբ նախագահ էր, հանրաքուէի մը արդիւնքի հիման վրայ հրաժարեցաւ իշխանութենէ, քանի որ ժողովուրդը չէր լսած զինք: Իրաւ ղեկավարի վերաբերում ունեցաւ, մինչդեռ կրնար կառչիլ իշխանութեան: Այս «իշխանութեան կառչելու» ախտավարակ երեւոյթը գոյութիւն ունի ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներուն, որ ուշ թէ կանուխ ինքզինք կը դարմանէ զանազան անուններով յատկանշուող յեղափոխութիւններով. զինուորական յեշաշրջում, ապստամբութիւն, զանգուածային ցոյցեր (անարիւն, արիւնալի, թաւշեայ), պառակտումներ, եւայլն: Ըսելու համար, որ անփոխարինելիները միշտ փոխարինուած են:

            Ինչ որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ ուսանելի պէտք է ըլլայ այսօրուան եւ վաղուան նախաձեռնունիւններուն եւ ընտրանքներուն համար, երկրի ղեկավարութեան մակարդակին, բայց նաեւ երկրի ղեկավարութեան ձգտող կուսակցութիւններուն: Քանի մը օրէն տեղի պիտի ունենայ Երեւան քաղաքի աւագանիի եւ քաղաքապետի ընտրութիւնը: Ինը խմբաւորումներ կը ներկայանան քաղաքի քուէարկողներու դատաստանին: Այս քուէարկութիւնը խնդրայարոյց կամ վիճելի հարցախոյզ չէ: Ստացուած ձայներու տոկոսը, համեմատութիւնները եւ տոկոսները բանգէտի փաստարկումներով պիտի չմեկնաբանուին: Ինչպէս կ’ըսեն ընկերային գիտութիւններու շրջանակին մէջ, այս քուէարկութիւնը բնական տարողութեամբ (grandeur nature) հարցախոյզ է, 10%ը,  30%ը, 50%ը,  90%ը, ըսուածին եւ գրուածին չափ պիտի ըլլան: Ծիծաղելի պիտի ըլլայ ըսել, թէ այս մէկը աւելի կ’արժէր, բայց…

            Հայաստանէն (եւ ոչ Երեւանէն) տասը անգամ աւելի բնակչութիւն ունեցող megapole Նիւ Եորքի քաղաքապետի եւ աւագանիի ընտրութեան համար չեն մրցիր ինը, տասը, կամ քսան ցանկեր, այլ երկու ցանկեր: Հոն ալ կան փառասիրութիւններ, ծառայելու ցանկութիւններ: Եթէ Նիւ Եորքը կրնայ բաւարարուիլ ղեկավարութեան եւ բարելաւման երկու ծրագիրներով, միթէ՞ Երեւանը նոյն աշխատանքին համար կարիք ունի բարելաւման եւ ղեկավարման ինը ծրագիրներու: Չգտնուեցաւ ղեկավար մը, մասնագէտ վերլուծաբան մը, որ լուսաբանէր հանրային կարծիքը, քուէարկողը ինը ծրագիրներուն մէջ առկայ նոյնութիւններու, տարբերութիւններու եւ հակասութիւններու մասին, որպէսզի քաղաքացին գիտակցէր, թէ որո՞ւ պիտի քուէարկէ եւ ինչո՞ւ:

            Փողոցները չափող եւ մաքրող երիտասարդները, թեկնածուներու կողքին, ոչ մէկ հիմնական լոյս կը սփռեն հաշուարկուած ծրագիրներու եւ ժամանակի գիծի վրայ անոնց իրականացման հանգրուաններուն մասին: Ժողովուրդը պիտի քուէարկէ խոստումներու եւ խոստացողներու հմայքին հետեւելով: Իսկ այդ խոստումները, մէկէն միւսը, երկու կաթիլ ջուրի պէս իրարու կը նմանին: Քուէարկութիւնը պիտի կատարուի ըստ անհատներու պատկերին եւ ոչ ջոկելու համար մէկ ծրագրին եւ միւսին միջեւ: Բոլոր թեկանածուներն ալ, որպէս բարի կամքի արտայայտութիւն, շրջեցան իրենց համախոհներով եւ գործնականօրէն ուզեցին Երեւանը մաքրել, յուզիչ էր: Յետո՞յ: Անոնք տարուան 365 օրերուն այդ պիտի չընեն:

            Ասդին անդին տեսանք քաղաքապետական պաշտօնի թեկնածուներու եւ անոնց ապագայ ղեկավար խմբակի պատկերները: Հայ մարդիկ են: Բայց, թող ներուի անտեղեկաութիւնս, այդ լուսանկարներուն հետ չտեսայ պրակ մը, որ ծրագիր ներկայացնէր, համապատասխան ծախսերով եւ մուտքերով:

            Կը մտածեմ: Միթէ՞ ժողովուրդը պիտի քուէարկէ իր դժգոհութիւնը արտայայտելու, ասոր կամ անոր դէմ ըլլալու, կամ ծրագրի մը իրականանալիութեան համոզուած ըլլալով պիտի ընտրէ աւագանի եւ քաղաքապետ:

            Կացութիւնը ձեւազեղծող ակնոցով չդիտելու համար, լսեցէ՛ք զբօսայգիի թոշակառուները, վարորդները, խանութներու վաճառողները, շինարարները, եւ դեռ զէնքերը վար չդրած մտաւորականները:

            Բայց հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանին վրայ կան անուններ եւ դէմքեր: Բոլորն ալ կը խօսին աղբահանաման մասին: Պատահեցա՞ւ որ խօսին նուազ աղբ արտադրելու քաղաքացիական դաստիարակութեան մասին… ոչ միայն ձմերուկի կեղեւի, այլ նաեւ ասդին անդին նետուած լքուած ինքնաշարժի ժանգոտած «դիակ»ներու վերացման մասին: Եթէ խօսողներ եղած են թող ներեն որ չեմ լսած:

            Ո՞վ կրնայ բացատրել, որ Երեւանի բոլոր քուէարակողները իրենց խիղճով եւ գիտակցութեամբ պիտի կարենան բաղդատել ինը ցանկերը եւ ընտրել:

            Պիտի քուէարկեն ԻՆՆԵԱԿէն բարձր խօսողի՞ն եւ շատ խօսողի՞ն…

            ԻՆՆԵԱԿը եւ այլ ԻՆՆԵԱԿներ երբ չեն լսեր, չեն ալ լսուիր: Այդպէս է քիչ մը ամէն տեղ, Հայաստան, ովկիանոսէն ասդին թէ անդին:

            Պատկերները կը խօսին միամիտներու:

            Կը ծառայեն եսի եւ ծափի:

            Հարցումներու պատասխան չեն բերեր:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles