

համաձայնագիրը
Լիբանանեան “Միտըլ Իսթ“ ընկերութիւնը կատարեց Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ թռիչքներու պաշտօնական բացումը: Արդարեւ, Յուլիս 6-ին, “Էրպաս 320“ տիպի օդանաւ մը, երեկոյեան ժամը 10:15-ին թռիչք առաւ Զուարթնոց օդակայանէն դէպի Լիբանանի մայրաքաղաք:
Օր մը առաջ, Երեւան ժամանած էր լիբանանեան պաշտօնական ու գործարար շրջանակներու ներկայացուցչական ընդարձակ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած 130 ուղեւորներէ:
Միեւնոյն օրն իսկ, երկու երկիրներու պալատներու նախագահներ` Մարտին Սարգսեան եւ Մոհամատ Չոքէր, գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեցին, եւ կատարեցին մամլոյ ասուլիս: Նշենք, որ այս թռիչքները կը կատարուին Երկուշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը:
Նշենք թէ Լիբանանեան ընկերութիւնը, Խորհրդային Միութեան օրերուն, Եօթանասունականներու կիսուն, սկսած էր թռիչքներ կազմակերպել, սակայն դժուարութիւններու հանդիպելով, դադրեցուցած էր: Այդ օրերուն “Աէրոֆլոթ“ի հայկական բաժինն էր որ կը կատարէր, ապա Հայաստանի անկախացումէն ետք, հայրենի ընկերութիւնները կատարեցին այս թռիչքները, որոնց վերջինը` “Արմաւիա“ն էր: Այս վերջինին սնանկացումէն ետք, Պէյրութի ուղեւորները ստիպուած էին Տուպայի կամ եւրոպական մայրաքաղաքներու ճամբով կատարել իրենց ճամբորդութիւնները:
Թռիչքներու վերահաստատման առթիւ, Հայաստանի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեան եւ լիբանանեան կողմէն “Ֆրենչայզինկ“ ընկերակցութեան նախագահ Շարլ Արպիտ համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեցին:
Յուշագիրը կը նախատեսէ երկկողմանի կապերու ամրապնդում եւ ներդրումներու խթանում: Համաձայնագիրով պիտի ցուցաբերուի աջակցութիւն նաեւ գործարար շրջանակներուն:
Նախարար Սապունճեանի կողքին կը ճամբորդէին հայ երեսփոխաններ, “Միտըլ Իսթ“ օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամէտ Հութ, Պէյրութի առեւտրական եւ արդիւնաբերական պալատի նախագահ Մոհամետ Շուքէյր, Լիբանանի Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ, “Միտըլ Իսթ“ օդանաւային ընկերութեան ծանուցողական բաժանմունքի պատասխանատուն, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովական կառոյցի պետ դերգնդապետ Ժան Թալուզեան, լիբանանահայ գործարարներ եւ ուրիշներ:

որ 130-150 ճամբորդ կրնայ փոխադրել
Հայաստանի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեանի համաձայն, հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները 2 հազարամեակի պատմութիւն ունին: “Լիբանանահայ բազմաթիւ գործարարներ եւ արդիւնաբերողներ մաս կը կազմեն երկրի արդիւնաբերողներու եւ առեւտրականներու միութիւններու: Լիբանանի հայերը ներկայացուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ, երկրի դիւանագիտական անձնակազմին մէջ: Լիբանանէն Հայաստան ներմուծուող ապրանքները 2011 թուականին 3,5 միլիոն տոլար կազմած են, իսկ Հայաստանէն Լիբանան արտահանուած է ընդամէնը մէկ միլիոն տոլարի ապրանք“, ըսաւ ան:
Սարգսեանի համաձայն, համաձայնագիրով Հայաստանի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատին եւ Լիբանանի առեւտուրի, արդիւնաբերութեան եւ երկրագործութեան պալատին կից գործարար խորհուրդներ պիտի ստեղծուին:
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան այս առիթով նշեց, որ երկու կողմերն ալ փոխադարձ ներդրումներու համար լաւ կարելիութիւններ ունին: “Բազմաթիւ լիբանանցի գործարարներ կ՛աշխատին Հայաստանի մէջ: Մենք աջակցած ենք եւ կ՛աջակցինք անոնց: Այս համաձայնագիրը կարեւոր է, որպէսզի լիբանանահայ եւ լիբանանցի գործարարներ ուղղուին Հայաստան եւ սերտեն հոն ստեղծուելիք աշխատանքի կարելիութիւնները: Լիբանանահայութիւնը Հայաստանի մէջ իր կարողութիւններով, մասնագիտական մօտեցումով, ուղիղ գործելակերպով եւ հաւատարմութեամբ լաւ տպաւորութիւն ձգած է, սակայն այս իրականութիւնը միակողմանի պէտք չէ ըլլայ: Այս առիթով ես մեր հայաստանցի քոյրերուն ու եղբայրներուն պիտի առաջարկեմ, որ իրենք ալ բացուին այս գործակցութեան նկատմամբ եւ ճկունութիւն ցուցաբերեն: Լիբանանցին աշխարհի բոլոր կողմերը կ՛երթայ եւ աշխարհի չորս կողմերը աշխատանքներ ունի ու յաջողութիւններ արձանագրած է, հետեւաբար Հայաստանի մեր հայրենակիցները պէտք է նկատի ունենան այս իրականութիւնը, քաջալերեն լիբանանցին եւ դիւրութիւն տան անոր` համոզուելով, որ միասնաբար կարելի է շարք մը աշխատանքներ իրագործել:… Լիբանանահայութիւնը եւ լիբանանցիները պէտք է ստեղծուած այս ճամբան օգտագործեն եւ Հայաստանի, Վրաստանի ու Ռուսիոյ շուկաներուն բացուին, առանց զանց առնելու նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ներդրումներու կարելիութիւնները“, ըսաւ ան:
Սապունճեանի համաձայն, Երեւան-Պէյրութ օդանաւային նոր ուղին կարելիութիւն պիտի ընձեռէ երկկողմանի թռիչքներու միջոցով աւելի սերտ յարաբերութիւններ ստեղծել Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ: Նշենք թէ նախարար Վրէժ Սապունճեան, Լիբանանի “Ազդակ“ օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր թէ, քուլիսներու ետին կատարուած աշխատանքներու արդիւնք, կարելի եղած էր հասնիլ այս իրագործումին, ինչպէս նաեւ այս քայլին ընդմէջէն ապագայ նպատակներ նուաճելու հեռանկարները: Անդրադառնալով Պէյրութ-Երեւան ուղղակի թռիչքներ ստեղծելու նախաձեռնութեան եւ բանակցութիւններուն` Սապունճեան նշած էր, որ ինք իր ծանօթներէն եւ բարեկամներէն տեղեկացած է, որ վերջին հանգրուանին լիբանանահայութեան եւ Հայաստանի հայրենակիցներուն համար բաւական դժուար ընթացք մը ստացած է դէպի Հայաստան եւ հոնկէ դէպի Լիբանան փոխադրութիւնը‘ նկատի ունենալով, որ երկու երկիրներուն միջեւ ուղղակի թռիչք չկար: Ան սերտած էր այս պարագան եւ “Միտըլ Իսթ“ի ընդհանուր տնօրէնութեան հետ սկսած է քննարկել այս հարցը: Առաջին հանդիպումը ունեցած է “Միտըլ Իսթ“ օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամէտ Հութի հետ, կատարուած էր Յունուար 2012-ին: Առաջին հանդիպման ընթացքին, այս վերջինը, խանդավառութիւն չէև ցուցաբերած, բարդ դժուարութիւիններ նախատեսելով, սակայն նախարար Սապունճեան, ամէն գնով շարունակած էր աշխատանքը եւ ի վերջոյ համոզած:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանահայութեան, Սուրիահայութեան եւ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն համար այս նախաձեռնութիւնը նուաճում մըն է, որովհետեւ այսպիսով կարճ միջոցի մէջ` մէկուկէս ժամուան թռիչքով, Հայաստան ուղղուելու: