Պերնի Մէջ.- Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպում

0 0
Read Time:1 Minute, 30 Second

Sarksyan_Aliyev2

ՊԵՐՆ.- Դեկտեմբեր 19-ին, Զուիցերիոյ մայրաքաղաքին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ՝ Սարգսեանի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը, հովանաւորութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն:
Այս առթիւ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի.- «Նախագահները քննարկած են վերջին շրջանին բռնարարքներու դէպքերը եւ յատուկ մտահոգութիւն յայտնած են զոհերուն առնչութեամբ, ներառեալ քաղաքային անձերու շրջանակին մէջ` ծանր զէնքերու օգտագործման պատճառով: Նախագահները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են համանախագահներուն կողմէ տարուող աշխատանքին այն առաջարկներուն շուրջ, որոնք ուղղուած են շփման գիծին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ բռնարարքներու վտանգներու նուազեցման, ներառեալ` հետաքննութիւն կիրարկելուն: Նախագահները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են շարունակելու ներգրաւուածութիւնը բանակցային լուծման առաջարկներուն շուրջ: Անոնք նաեւ վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը Մինսքի խմբակի ձեւաչափին նկատմամբ: Համանախագահները կը շարունակեն պատրաստակամ ըլլալ կողմերուն հետ աշխատանքներ կատարելու Արցախի տագնապի խաղաղ բանակցային լուծման միջնորդութեան հարցին մէջ»:Sarksyan_Aliyev3
Այս հանդիպումէն ետք, Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հայաստանցի լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Հայաստանը կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու բանակցութիւնները` բացառապէս խաղաղ միջոցներով հասնելու տագնապի լուծման: Ան ըսաւ.- «Մեր հանրապետութեան նախագահի այս վեհաժողովին մասնակցութիւնը ատիկա կը փաստէ, մեր մօտեցման մասին կը խօսի, որ Հայաստանը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` շարունակելու եռանախագահներուն հետ ջանքերը` ուղղուած տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման: Կողմերը արտայայտեցին իրենց մօտեցումները տագնապի խաղաղ լուծման զանազան տարրերու, զանազան սկզբունքներու շուրջ, որոնք ներկայացուած են եռանախագահներուն կողմէ, եւ կրնան անգամ մը եւս վերահաստատել, որ ցաւօք` մօտեցումները կողմերուն մօտ չեն համընկնիր: Բայց այստեղ ոչ միայն Ատրպէյճանի մօտեցումները չեն համընկնիր ու մօտ չեն Հայաստանի մօտեցումներուն, այլեւ Ատրպէյճանի մօտեցումները, կարելի է ըսել, որ չեն համընկնիր եւ չեն համապատասխաներ եռանախագահող երկիրներու առաջարկներուն: Այսօր Նոյնպէս նախագահները քննարկած են այդ մեքանիզմի ստեղծման առաջարկը եւ վերահաստատուած, որ հայկական կողմերը ներկայացուցած են իրենց արձագանգը այդ առաջարկներուն: Սեպտեմբերին ալ Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր ժողովի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին եռանախագահները վերահաստատեցին, որ Հայաստանը ընդունած է, իսկ Ատրպէյճանէն կը սպասեն, որ ան ալ ընդունի»:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles