
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Երկուշաբթի, Յունիս 27-ին, Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբերէն կազմուած միացեալ պատուիրակութիւն մը բաղկացած Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանէ, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեանէ, Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Լիաննա Մարգարեանէ եւ քարտուղար Աշխէն Ֆիքսովայէ, այցելեց Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան՝ Ռուտիկըր Լիւտեքինկի հետ:
Այս այցելութեան հիմնական նպատակն էր Պունտըսթակի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման առիթով՝ գնահատանքի խօսք մը փոխանցել գերման ժողովուրդին: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց այցին համար, եւ նշեց, որ այս բանաձեւը կը միտի նաեւ Գերմանիոյ մասնակի մեղսակցութիւնը ընդունիլ: Դեսպանը բարձր գնահատեց ծագումով թուրք գերմանացի երեսփոխաններուն ներդրումը, որ ինքնին աւելի արժէք եւ ուժգնութիւն կու տայ որդեգրուած բանաձեւին:
Դեսպանին հետ արծարծուեցան նաեւ հայութինը եւ Հայաստանը յուզող հարցեր, եւ յատկապէս Արցախի հիմնահարցը: Դեսպանը հաստատեց, որ Գերմանիան կառչած կը մնայ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին եւ համանախագահութեան աշխատանքներուն: