
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Արցախ այցելեցին Պելճիքայի եւ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարաններու երեսփոխաններ Անտրէ տէ Պիւս տէ Վարնաֆ, Էմմանուէլ տէ Պոք եւ Փիեռ Քոմփանի: Անոնց ընկերացան Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ յանձնախումբի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էվրիկեան:
Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ:
«Մեր այցելութեան նպատակը ո՛չ միայն Արցախը բացայայտելն է, այլեւ կապի եւ համագործակցութեան եզրեր գտնելը, յատկապէս առողջապահութեան ապահովագրութեան, մշակութային եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ», ընդգծեց երեսփոխան Անտրէ տէ Պիւս տէ Վարնաֆ: