Գլխաւոր

Պելճիքայի Դաշնակցային Խորհրդարանը Ընդունեց Բանաձեւ մը Արցախի Մասին՝ Դատապարտելով Ատրպէյճանը


Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Յուլիս 18-ին, Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը, միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը «Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան» վերաբերեալ։ Այս բանաձեւը նախապէս առաջադրուած էր Պելճիքայի Դաշնակցային Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբէն՝ Յուլիս 2-ի միաձայն քուէարկութեամբ։
Բանաձեւը ներկայացուած էր երեսփոխաններ Էլս Ֆան Հոֆի եւ Միշէլ Տը Մէյկըտի կողմէ։ Ան հիմնուած է խորհրդարանական նախորդ դիրքորոշումներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանի կողմէ ընդունուած նոյնանման փաստաթուղթերուն վրայ։ Ընդունուած բանաձեւը աներկբայօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի զինուորական յարձակումները Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան դէմ, ինչպէս նաեւ անոր նախորդած Լաչինի միջանցքի պաշարումը՝ շեշտելով, որ այս գործողութիւնները միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտումներ են։ Ան նաեւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակողական մօտեցումը Հայաստանի դէմ եւ կը վերահաստատէ աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։
Բանաձեւը Պելճիքայի Դաշնակցային Կառավարութեան կը կոչէ․-
• Աջակցիլ Ատրպէյճանի կողմէ գործուած յանցագործութիւններու միջազգային հետաքննութեան՝ Լա Հէյի Միջազգային Քրեական Ատեան դիմելու միջոցաւ։
• Խորացնել համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ։
• Պահանջել 2023-ի Սեպտեմբեր 19-էն ետք բանտարկուած բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակումը, անոնց հիմնարար իրաւունքներու եւ արդարադատութեան հասանելիութեան ապահովմամբ։
• ԵՄ-ի մակարդակով պաշտպանել պատժամիջոցներու կիրարկումը այն անձանց եւ կազմակերպութիւններու նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են հրադադարի խախտումներու, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան սպառնացող գործողութիւններու համար։
Բանաձեւը, պահանջելով հաշուետուութիւն Ատրպէյճանէն, նաեւ կը պահանջէ այս վերջինէն՝
• Հետեւելու միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ Մ․Ա․Կ․-ի Արդարադատութեան Միջազգային Ատեանին պարտադիր որոշումներուն։
• Երաշխաւորելու Լեռնային Ղարաբաղի էթնիք հայերու իրաւունքները եւ ապահով ու անխոչընդոտ վերադարձը՝ միջազգային վերահսկողութեան եւ անվտանգութեան ապահովագրութիւններու ներքեւ։
• Դադրեցնել սադրիչ հռետորաբանութիւնը եւ ձեռնպահ մնալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ գործողութիւններէ։
• Ներգրաւուիլ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու հետ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ՝ անոնց ապահովութիւնը եւ իրաւունքները երաշխաւորելու նպատակով։
• Թոյլատրել անկախ բժիշկներու խումբի այցելութիւն՝ կալանաւորուած հայերուն զննութիւն կատարելու համար։
• Պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութիւնը եւ թոյլատրել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան մուտքը տարածք՝ յուշարձաններու գնահատման նպատակով։
• Դուրս բերել զինուած ուժերը Հայաստանի տարածքէն։
Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունեց բանաձեւին միաձայն ընդունումը՝ նշելով. «Այս բանաձեւը յստակ եւ վճռակամ դիրքորոշում մըն է Պելճիքայի Խորհրդարանէն, որ ուժգնացուց միջազգային կոչերը՝ ի նպաստ խաղաղութեան, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի պահպանման անկայուն Հարաւային Կովկասի մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին իր հայրենիքին ապահով վերադարձի իրաւունքը անժխտելի է, եւ այս միաձայն քուէարկութիւնը կը հաստատէ այդ իրաւունքի անբեկանելիութիւնը։ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող յարձակումը պէտք է դադրի։ Շնորհակալութիւն մեր պելճիքացի բարեկամներուն՝ բարձրաձայնելու մարդու իրաւունքներու, արդարութեան եւ ճշմարտութեան ձայնը։ Ոչ մէկ գազի պաշար կամ հարստութիւն կրնայ սրբել մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները կամ լռեցնել անոնց, որոնք կը պայքարին ճշմարտութեան համար»։
Ներկայացուցիչներու պալատի մէջ բանավէճին ընթացքին, բազմաթիւ երեսփոխաններ քաջալերեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ շարունակուող բանակցութիւնները, սակայն շեշտեցին, որ խաղաղութիւնը եւ հաշտեցումը պէտք է հիմնուած ըլլան միջազգային իրաւունքի վրայ եւ ըլլան արդար։ Էլս Ֆան Հոֆ ազդեցիկ ելոյթ մը ունեցաւ՝ յիշեցնելով, թէ ինչպէս պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճան ստիպեց աւելի քան հարիւր հազար հայեր տեղահանուիլ իրենց իսկ հայրենիքէն, ինչպէս ալ գիւղերու եւ եկեղեցիներու աւերումները՝ յանցաւոր արարքներ, որոնք արժանի են միջազգային դատապարտման եւ պատասխանատուութեան։ Նոյնպէս, Միշէլ Տը Մէյկըտ վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն եւ դատապարտեց անոնց նկատմամբ գործադրուած «ամբողջական ցեղային զտումը»։ Ան նաեւ քննադատեց Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի անհասկանալի նախապայմանները եւ կարեւորեց Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը՝ որպէսզի հրաժարի իր յարձակողական հռետորաբանութենէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button