
Read Time:18 Second
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Մարտ 6-ին, Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաժա Լահպիպ ընդունեց Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, գործադիր տնօրէնուհի Հեղինէ Էվինեանը եւ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Կարօ Կարապետը:
Հանդիպումի ընթացքին գրասենեակի ներկայացուցիչները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին Արցախի մասին:
Անոնք ընդգծեցին Բերձորի միջանցքին անյապաղ բացման կարեւորութիւնը եւ Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման հրամայականը։