
Read Time:21 Second
ԼԱՐԵՏՕ (Թեքսաս) ․- Ուրբաթ, Յունուար 21-ին, Ատրպէյճանի մօտիկ բարեկամ՝ դեմոկրատ քոնկրէսական Հենրի Քուէլարի բնակարանը խուզարկուեցաւ հետախուզութիւններու դաշնակցային գրասենեակին (Էֆ․Պի․Այ․) կողմէ: Ատրպէյճանի զեղծարար եւ կաշառատու քաղաքականութեան մէկ արդիւնքն է պատահածը:
Թեքսասի 28-րդ ընտրատարածքը ներկայացնող Քուէլար 2005-էն ի վեր Քոնկրէսի Ատրպէյճանի հարցերու յանձնախումբի համանախագահն է եւ բազմաթիւ անգամներ հանդիպած է ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու եւ Ամերիկայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանովի հետ, որ արդէն իսկ հեռացած է մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն: