
Read Time:18 Second
ՊԱՔՈՒ.- Երկուշաբթի, Օգոստոս 7-ին, Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսաստանի նախագահներ` Իլհամ Ալիեւ, Հասան Ռոհանի եւ Վլատիմիր Փութին հանդիպում մը ունեցան, որու աւարտին հռչակագիր մը ստորագրեցին:
Հռչակագիրին մէջ երեք երկիրները կը շեշտեն առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Նաեւ, անոնք կը յայտնեն, թէ տարածաշրջանէն ներս հակամարտութիւնները խոչընդոտ են տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ կոչ կ՛ուղղեն շուտափոյթ կարգաւորման: