
Հոկտեմբեր 26-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ ցուցադրուեցաւ Հայկազեանի շրջանաւարտ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնը, որուն ներկայ էին մեծ թիւով ակադեմականներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ, հանրային դէմքեր եւ ուսանողներ:
Այս առիթով, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Պարէտ Մարոնեանը՝ իր ժապաւէնին ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կնոջ տանջանքները հարազատօրէն ներկայացնելու եւ տարածելու աշխատանքին համար: Իր Խօսքին մէջ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շեշտեց նման գործերու կարեւորութիւնը, որոնք լոյս կը սփռեն ոչ միայն հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքներուն, այլեւ բոլոր ժողովուրդներուն՝ որոնք մինչեւ ներկայ ժամանակները կ’ապրին նմանատիպ դժուարութիւններ:
Յայտագիրը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեան, որ փոխանցեց Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կիները» վաւերագրական ժապաւէնի հիմնական խորհուրդը՝ վեր առնել հայ կնոջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնել ամերիկացի եւ եւրոպացի կիներու կողմէ տրուած բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները, որոնք անկիւնադարձային եղան Հայոց ցեղասպանութենէն ետք կազմուած գաղթավայրերուն մէջ, յիշելով յատկապէս ժապաւէնին մէջ նշուած Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանը, Մարի Լուիզ Կրաֆամը, Տիանա Աբգարը եւ Մարիա Ճէյքըպսընը:
Նշենք, որ Վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ, Պարէտ Մարոնեան չորս անգամ շրջանային պատկերասփիւռի «Էմմի» (Emmy) մրցանակի մրցանակակիր է, 2016-ին «Արմին Վեկներ» մարդասիրական մրցանակի մրցանակակիր, ինչպէս նաեւ վերջերս ստացած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի «Արուեստի Եւ Գրականութեան» մրցանակը:
2006-ին հիմնած է «Արմենոյտ» խումբը, Մարոնեան հիմնականօրէն կ’արտադրէ հայկական նիւթերով վաւերագրական ժապաւէններ: Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական ժապաւէնը Ամերիկայի տարածքին յաջողած է հասնիլ 100 միլիոն հանդիսատեսի:
Շուրջ ինիսուն վայրկեան տեւած ժապաւէնին հետեւելէ ետք ներկաները բարձր գնահատեցին Պարէտ Մարոնեանի աշխատանքը, ընկերային մթնոլորտի մը մէջ ուղղելով իրենց հարցումները:
Նշենք թէ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հոկտեմբեր 25-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ցուցադրուած էր եցաւ Պարէտ Մարոնեանի վաւերագրականը:
Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Պարէտ Մարոնեան, որ ըսաւ, թէ մեծ ուրախութիւն է իրեն համար գտնուիլ Լիբանան, ուր անցուցած է իր մանկութիւնը: Պարէտ Մարոնեան յայտնեց նաեւ, որ ժապաւէնին վրայ մեծ թիւով մարդիկ աշխատած են եւ ան միշտ փորձած է իր երախտագիտութիւնը յայտնել անոնց: Ան նշեց, որ ժապաւէնը միջազգային աշխատանքներով մէջտեղ եկած է. աշխարհի տարբեր կողմերէն հայեր եւ ոչ հայեր սիրայօժար օժանդակած են ժապաւէնի պատրաստութեան: Ան ըսաւ, որ միջազգային տարողութիւն ունեցող պատմութիւններ պատահած են մեզի` հայերուս, եւ մենք ձեւը գտած ենք մեր պատմութիւնները միջազգայնականացնելու եւ ներկայացնելու հազարաւոր մարդոց: Պարէտ Մարոնեան յայտնեց նաեւ, որ «Ցեղասպանութեան Որբերը» իր առաջին ժապաւէնը յաջողած է հասնիլ 100 միլիոն հանդիսատեսի, իսկ այսօր կը յայտարարէ, որ նոյն ճամբով պիտի տանի «1915-ի կիները»:
Ան խօսքի աւարտին պարգեւատրեց Սեդա Խտըշեանը, որ երկու ժապաւէններուն ալ նեցուկ կանգնած է իրեն, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեց Սերուժ Պաղտասարեանը, որ պատրաստած է երաժշտութեան մեծ մասը Լիբանանի մէջ: Ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Պարէտ Մարոնեանը, որ աւարտին պատասխանեց ժապաւէնի մասին իրեն ուղղուած հարցումներուն: