ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆԻ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ «1915-Ի ԿԱՆԱՅՔ» ԺԱՊԱՒԷՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 24 Second

15ae1b53-37e4-437d-bd12-ac7ea7c40edd

Շաբաթ, Յունիս 4-ին, Նիւ Ճըրզիի «Պէրկըն» քոլէճի սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կանայք» վաւերագրական ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Օրուան հանդիսավարն էր ծանօթ դերասանուհի՝ Նորա Արմանին, որ իր բացման խօսքին մէջ շնորհաւորեց բեմադրիչն ու իր հետ գործակցող անձնակազմը: 562862d9-8d0b-44af-800c-774c9c786d4e73aef510-9280-49f8-844b-e61f3def9469
Ապա, խօսք առաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Թալին Տաղլեանը, որ յայտնեց թէ բազմաթիւ ձեռնարկներով, Հ.Օ.Մ.-ի զանազան մասնաճիւղեր իրենց գաղթօճախներէն ներս կրցան նեցուկ կանգնիլ Մարոնեանի այս ժապաւէնին:
Վաւերագրականի ցուցադրութենէն ետք, նաեւ խօսք առաւ նոյնինքն բեմադրիչ՝ Մարոնեանը, որ տեղեկացուց թէ, այս ժապաւէնին նիւթը՝ հայ կնոջ տիպարն է: 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայուհիներ, որոնք ապաստարան գտած բազմաթիւ երկիրներէ ներս, եւ որոնց հանդէպ գուրգուրանք ցուցաբերուած է, նաեւ կատարուած մարդասիրական օժանդակութիւն: Պարէտ կը ներկայացնէ հայ կինը իր բոլոր երեսներով եւ անշուշտ պատկերներով: Առաջին հերթին, գաղթական հայ կինն է, այդ մայրը` ծոցին շալկած իր զաւակը, ժամեր շարունակ անապատին մէջ թափառելով, իր զաւակներուն հետ հայերէն խօսելով, զրուցելով ու երգելով : Անօթի, ծառաւ եւ ուշակորոյս եւ ուժասպառ, ան կը հասնի Եփրատի ափերը…ուր այլ դաժան ճակատագիր մը զինք կը սպասէ: 78204a0f-6caf-4ee8-ad25-cc08feb97e90a314ac75-ddda-4cd8-92fc-9cfdca818c3a
Այդ կանայքի շարքին են նաեւ, հասարակական գործիչը, ուսուցչուհին, դիւանագիտուհին, արուեստագիտուհին, եւ պարզ ու մեկին ՄԱՅՐԸ:
Մարոնեան տարիներէ ի վեր գործի լծուած էր այս վաւերագրականը պատրաստելու համար: Ան այցելած էր Գանատա, Ֆրանսա, Դանիա, Աւստրալիա, Արժանթին եւ այլ գաղութներ, կատարելու համար հարցազրոյցներ՝ վերապրողներու եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ:
Պարէտ կը ցուցադրէ ցասում արտայայտող պատկերներ ու տեսարաններ, որոնք պարզապէս ճակատագիրն են 1915ի նահատակներուն։
Նշենք թէ, Մարոնեան նախապէս կատարած էր այլ պատրաստութիւն մը Ցեղասպանութեան մասին, կիզակէտ ունենալով որբերը:
Ժապաւէնին ցուցադրութենէն առաջ, ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Յուշերը, որ ներկայացուց գործեր, որոնց կարգին Կոմիտասի «Հով Արէք»ն ու Պատալեանի «Սարերի հովին մեռնեմ» երգերը:
Վաւերագրականին ցուցադրութիւնէն ետք,Մարոնեան պատասխանեց ներկաներու շարք մը հարցումներուն:
Լուսանկարներ`
ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆԻ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ «1915-Ի ԿԱՆԱՅՔ» ԺԱՊԱՒԷՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

  1. Կը շնորհաւորեմ բիմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «1915–ի Կանայք» վաւերագրական ժապաւէնը։ 1915ի հերոսուհիներու մասին ոչ ոք խօսած է, վաւերագրական կամ ժապաւէն մը բեմադրած։ Երկու տարի առաջ զուգադիպութեամբ ձեռքս անցաւ «Հայը Անմահ Է» գիրքը, գրած է Յարութիւն Ջրաղացպանեան, ականատեսի վկայութիւններով, աշխատած է սոյն գիրքին վրայ 35 տարի, գիրքը կը բաղկանայ 1400 էջերէ։ Պրն. Յարութիւնը այս գիրքը գրեց ի սէր եւ յարգանք Հայ Կանանց կատարած հերոսութիւններուն ցեղասպանութեան ժամանակ։ Պրն. Ջրաղացպանեանը հիմակ 86 տարեկան է եւ կ՚ապրի Լոս Անճըլըս, Գալիֆորնիա։Այս գիրքը հոյակապ ժապաւէն, առաջին հերոսուհիին անունը Հերմինէ էր, 95 տարեկանին այս աշխարհէն կը բաժնուի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles