
Մակար ի Գաղիա
Արմենակին հետ հայկական արուարձանի սրճարանը նստած կը զրուցէինք: Նորոյթ է հայերու ուտեստի եւ հագուստի վաճառատուներու, ծաղկավաճառներու, ճաշարաններու եւ սրճարաններու անունները Հայաստան եւ հայ կը յիշեցնեն. Արագած, Սեւան, Աբովեան, Աշտարակ, Գիւմրի, Ամբերդ…
– Առաջ տեղացիէն չտարբերուելու համար օտար անուններ կ’ընտրուէին, մկրտութեան կամ խանութի համար: Հիմա, ինչպէս կ’ըսէ մեր դրացի Ռոլանը, մարքեթթենկի օրէնքներուն հետեւելով, հայկական անուն կը փնտռուի: Եթէ սովորութիւնը տարածուի ամենուրեք ուր հայ կայ, աշխարհագրութիւն եւ պատմութիւն պիտի սորվի նոր սերունդը… փողոցը քալելով,- ըսաւ Արմենակ:
– Չյուսահատինք,- ըսի, կարծելով շարունակել Արմենակի միտքը:
– Իրաւ որ միամիտ ես: Մտի՛ր այդ վաճառատուները, սրճարանները, ճաշարանները: Հայերէնէ զատ բազմաթիւ ուրիշ լեզուներ պիտի լսես, թրքերէն, քրտերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, նոյնիսկ՝ աֆղաներէն:
– Լաւ է,- ըսի,- պատմութեան եւ աշխարհագրութեան հետ լեզուներ ալ կը սորվի նոր սերունդը:
Այդ պահուն փողոցէն կ’անցնէր հանրածանօթ անձնաւորութիւն մը: Կարծէք փարաւոնի արձան ըլլար, որուն կզակին տակ փայտ մը դրուած կ’ըլլայ, որպէսզի գլուխը վեր մնայ:
– Կը տեսնե՞ս սա անցնողը, տարիներէ ի վեր կը վազէ որպէսզի կարեւոր դէմք համարուի: Քիթը երկինք բռնած միշտ աթոռ կ’ուզէ,- ըսաւ Արմենակ:
– Եթէ եգիպտական արձան ըլլար, քիթը կը ջարդէին, որպէսզի ինքզինք աստուած չկարծէ:
– Ո՞վ կրնայ այդ ընել: Ամիս մը առաջ համայնքային ժողով կար, Հայաստանի մէջ գումարուող, աւարտող եւ վերսկսող խորհրդաժողովներէն մէկուն պատգամաւորներ ղրկելու: Գնաց, եկաւ, ասոր բան մը ըսաւ, անոր բան մը ըսաւ, եւ զինք ալ ընտրեցին պատուիրակութեան անդամ:
– Բայց, այդ քիթը երկինք խրած մարդը Հայաստանի լեզուն չի հասկնար, ինչո՞ւ կ’երթայ:
– Ըսելիք եւ լսելիք կարեւոր չեն: Կարեւորը թերթի լուսանկարն է: Ուրիշներ ալ պիտի համոզուին, որ ան կարեւոր անձ է, քանի որ պատկերը թերթին մէջ է:
– Հանրային կարծիքը այսպէս կը ձեւաւորեն, անկարեւորութիւնը լուսանկարով օծելով որպէս կարեւորութիւն,- ուզեցի եզրակացնել:
Բայց Արմենակ այդ պատիւը ինծի չձգեց եւ ինք եզրակացուց.
– Թերթի լուսանկարով ապահով կրնայ ըլլալ, որ պիտի մնայ յաւերժական պատուիրակ, կամ Բագրատուի, Արշարունի, Մանդակունի, Արծրունի, Մամիկոնեան, օր մըն ալ Ռուբինեան, Արշակունի: Հոս ծափ, հոն ծափ:
Վերադարձի գնացքին մէջ կը խորհէի. արտակարգ մարդ է Կեդրոնականցին, որ այդքան բաներ սեսնելէ եւ լսելէ ետք, սիրտը չի պայթիր: