
Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող այս կտոր մը կանաչութիւնը` “Կեզի“ն, այս օրերուն կիզակէտ դարձած է եւ մելան կը հոսեցնէ ամենուրէք:
Հետաքրքրական է արագ ակնարկ մը նետել այս կտոր մը կանաչութեան պատմականին մասին:
Պոլսոյ ամենափոքր հանրային պարտէզներէն` “Կեզի“ն նախապէս եղած է զինուորական զօրանոց: Կառուցուած 1806-ին, Օսմանական, ռուսական եւ հնդկական ճարտարապետական ոճով, ան կը կրէր “Խալիլ Փաշա“ զօրանոց անունը: 1909-ին բաւական մը վնասուելով, անոր կառոյցը մնաց անփոփոխ, մինչեւ 1936-ին, երբ օրուան նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք հրաւիրեց հանրածանօթ ֆրանսացի ճարտարապետ եւ քաղաքի վերանորոգման մասնագէտ Հանրի Փրոսթ (1874-1959), որպէսզի ունենայ իր ներդրումը:
Հանրի Փրոսթի վերանորոգման աշխատանքները Պոլսոյ մէջ տեւեցին մինչեւ 1951:
Ան որոշած էր այս զօրանոցը վերածել հանրային պարտէզի: 1940-ին կատարուեցան շինարարական աշխատանքները, տեղւոյն քաղաքապետ Լութֆի Քիրտարի օրերուն:
Մինչ այդ, արդէն իսկ տարիներէ ի վեր պարպուած զօրանոցը վերածուած էր մարզադաշտի: Եւ այսպէս, “Թաքսիմ“ մարզադաշտին վրայ, Թուրքիոյ ոտնագնդակի ազգային հաւաքականը, իր անդրանիկ միջազգային պաշտօնական հանդիպումը կատարեց, այս մարզադաշտին վրայ, Ռումանիոյ հաւաքականին դէմ, Հոկտեմբերի 26,1923-ին եւ արդիւնքը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ:
1943-ին, պաշտօնապէս աւարտեցան հանրային պարտէզին աշխատանքները եւ նոյնինքն քաղաքապետ Քիրտարի ներկայութեամբ, կատարուեցաւ այս զբօսայգիին պաշտօնական բացումը: Անունն էր “Իսմէթ Ինօնիւ“, ի յիշատակ նախագահին, որ կառավարած էր 1938-էն 1950: Այս կանաչութիւնը կը տարածուէր մինչեւ Մաշքա եւ Պոսփորի ափերը:
Հակառակ շրջապատուած իրարանցումին, այս այգին միշտ ալ հրապուրած է Պոլսեցին, որ այդ օրուայ հեւքէն դուրս գալով, շարունակ կ՛այցելէ “Կեզի“ քանի մը վայրկեան հանգչելու եւ մաքուր օդ շնչելու:
Պոլսոյ “Մարմարա“ օրաթերթը կը յայտնէ թէ այս այգին, ժամանակին իր մէջ կը ներառէր նաեւ հայկական հսկայ Սուրբ Յակոբ գերեզմանատունը:
Պատմական տուեալներու համաձայն` ԺԶ. դարուն, Սուլթան Սիւլէյման այդ տարածքը շնորհած էր հայերուն, որպէս վարձատրութիւն հայ խոհարար Մանուկ Քարասէֆէրեանի կողմէ իր կեանքի փրկութեան դիմաց:…Խոհարարը մերժած էր թշնամիին դաւին մեղսակից դառնալ եւ թունաւորել իր սուլթանը: Ուրեմն, այդ հողերը մօտաւորապէս չորս դար հայերու պատկանելէ եւ որպէս հայկական գերեզմանատուն ծառայելէ ետք, 1930-ականներու վերջաւորութեան գրաւուած են պետութեան կողմէ եւ ամբողջութեամբ քանդուած:
Այլ հետաքրքրական տեղեկութիւն մըն ալ այն է թէ, Սուրբ Յակոբ գերեզմանատան մէջ, 1919-ին կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան մը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր համաշխարհային առումով: Այդ տարին, այդ նպատակով կազմուած է յանձնաժողով մը եւ մշակուած է ոգեկոչումներու ծրագիր մը:
Մինչ այդ, այս հաւաքներուն որոշ ցուցարարներ, “Կեզի“ հանրապարտէզին տեղը նախապէս գոյութիւն ունեցած հայկական գերեզմանատան հարցը արտայայտուելու կողքին, նաեւ արծարծած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Ցուցարարներէն մէկը, խօսելով անցեալը չմոռնալու անհրաժեշտութեան մասին` ըսաւ.- “Թաքսիմի հանրային պարտէզը հայկական գերեզմանատուն է: Այս զբօսայգիին տակ Հայերու ոսկորներ կան: Ամբողջ երկրի հողերուն տակ Հայերու, Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուածներու, մեր եղբայրներուն ոսկորներն են: Ասոր պատասխանատուն Թուրքիոյ հանրապետութիւնն է: Մեզի դէմ արտասուաբեր կազ գործածողները 1915 թուականին հարիւր հազարաւոր Հայեր սպաննեցին“:
Ան խօսեցաւ նաեւ Հրանդ Տինքի մասին, որուն ձայնը եղած է եղբայրութեան, խաղաղութեան, բարեկամութեան ձայն եւ դատապարտեց պետութիւնը, որ Տինքը սպաննած եւ ոճիրն ալ անպատիժ ձգած է:
Այնուհետեւ, ցուցարարները սկսած են վանկարկել` “Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք“ ու պահանջած են, որ “Կեզի“ հանրապարտէզին փոքրիկ փողոցներէն մէկը անուանակոչուի Հրանդ Տինքի անունով, որպէսզի թուրքերը իմանան, թէ պարտական են հայերուն` Հրանդ Տինքին: Ապա, տեղւոյն ներկաները զբօսայգիի ձողերէն մէկուն վրայ փակցուցած են “Հրանդ Տինք Պողոտայ“ գրութիւնը:
Նշենք թէ անցեալ շաբթուայ ընթացքին պատուրակութիւն մը այցելեց փոխ վարչապետ Պիւլէնթ Արընչին եւ ներկայացուց պահանջներ, որոնք կը բաղկանան վեց ենթամասերէ.-
– Թաքսիմի “Կեզի“ հանրապարտէզը պէտք է մնայ որպէս հանրային պարտէզ: Պաշտօնապէս պէտք է յայտարարուի, որ այդ հողաշերտին վրայ որեւէ շինութիւն պիտի չկատարուի:
– “Աթաթիւրք Մշակոյթի Կեդրոն“ի փլուզման ծրագիրը անմիջապէս պէտք է առկախուի եւ փլուզումէն պէտք է հրաժարիլ:
– Պաշտօնազրկել բոլոր այն պատասխանատուները, գլխաւորութեամբ Պոլսոյ, Անգարայի, Հաթայի կուսակալներուն ու Ապահովութեան տնօրէններուն, որոնք բողոքարկուներու վրայ բիրտ ուժ կիրարկելու հրահանգ տուին, երկու հոգիի մահուան ու հարիւրաւորներու վիրաւորուելուն պատճառ դարձան:
– Արգիլել արցունքաբեր ռումբի կամ նման նիւթերու գործածութիւնը:
– Ազատ արձակել բոլոր անոնք, որոնք այս ցոյցերու հետեւանքով հսկողութեան տակ առնուած են: Իշխանութիւնները պէտք է ապահովութիւն տան, որ անոնց դէմ հետապնդում պիտի չկատարուի:
– Իշխանութիւնները պէտք է ջնջեն Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն գլխաւոր հրապարակներուն վրայ հաւաքոյթներ ու ցոյցեր կազմակերպելու արգելքը, այդ հրապարակները պէտք է բացուին կարծիքի ազատութեան ու արտայայտութեան: