
Read Time:22 Second
անահիտ սարգիսեան
Փարիզ
Դեկտեմբեր 12, 2015
կը քանդես պատը
որ անցնիս
անդին
սակայն
ով զարմանք
կը հանդիպիս
յաջորդ պատին
կը քանդես յաջորդ պատը
որ անպայման
անցնիս
անդին
սակայն կրկին
կը հանդիպիս
այն միւս պատին
կը քանդես այս միւս պատը
որ անպայման
անցնիս ու հասնիս
անդին
սակայն միշտ
կը հանդիպիս
պատին
անհատնում պատերուն դիմաց
վերջապէս
քար առ քար
կը բարձրացնես
քու պատդ
ու կը նստիս
կռնակդ քու պատիդ
երազելով անդին…