Գրական
Պատերազմ մը, որ ապրեցանք
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Պատերազմ մը անագորոյն
Տմարդի,
որ ապրեցանք տարիներ՝
կը կրկնուի հիմա արդէն
վերստին:
Ողջ սերունդ մը ապաքէն,
քանդում տեսած ու մոխիր,
կը տուայտի
անձրեւին տակ ռումբերու:
Գարուն է, բայց հրդեհներ
հոս կը ծաղկին միմիայն,
պայթող, ժայթքող

