
Երեւան
- Այսօր ի՞նչ օր է:
- Նորէ՞ն շուարեցար, մա՛մ, այսօր Կիրակի է, այսօր քովդ եմ, գործ չունիմ:
- Ինչպէ՞ս չշուարիմ, օրացոյց ալ չկայ, որ տեսնեմ…: Ի՜նչ լաւ էր մեր տունը, օրացոյցը տանս մուտքի պատէն կախուած էր, թերթիկներո՛վ օրացոյցը, կը յիշե՞ս, աղջիկս, ամէն առտու արթննալուս պէս թերթիկ մը կը փրցնէի, օրուան առածը կամ ասացուածքը կը կարդայի, ձեզի ալ կը հաղորդէի. հապա՛ թերթիկներուն ետևի տեղեկութիւննե՞րը, որոնցմէ լաւ նկատածներս դեռ պահուած են ննջասենեակիս դարակին մէկ անկիւնը. երանի հետս բերէի. ի՞նչ գիտնամ, որ այս տան մէջ օրացոյց չկայ:
- Հա, մա՛մ, հիմա ամէն ինչ արդիականացած է, ամէն մարդ ձեռքի հեռաձայնով կը տեղեկանայ ամսաթիւին, տարեթիւին, օրուան մասին. համացանցով ու հեռատեսիլով ալ տօնական օրերուն մասին կը տեղեկանանք։
- Ամա՜ն աղջիկս, ես ալ այդ գործիքները չսիրեցի գնաց…: Մեծ վնաս են անոնք, որոնց պատճառով ո՛չ գացած տեղէդ համ կ’առնես, ո՛չ ալ մարդու պէս մէկու մը հետ կրնաս խօսիլ…:
- Խոստացած եմ, քեզի հատ մը պիտի բերեմ, ամէն առտու կը յիշեմ, բայց աշխատանքի խճողուածութենէն կը մոռնամ: Կը ներես, մա՛մ, վաղը կէսօրէ ետք հեռաձայնէ, որ հետս հատ մը բերեմ:
- Ամա՜ն, աղջիկս, ինչու ես կը յիշե՞մ. վնաս չունի, ըլլայ ալ կ’ըլլա՜յ, չըլլայ ալ. բան մըն է կը խօսինք,- ու դարձեալ կը շարունակէ,- …Այդ թերթիկներուն ետևը յաճախ ճաշացուցակներ ալ կ’ըլլային, որոնց համաձայն ճաշ կը պատրաստէի ու այնքան սիրելով կ’ուտէիք. կը յիշե՞ս, չէ՞: Հապա տօնական օրերու մասին գրուած մանրամասն տեղեկութիւննե՞րը…:
- Հա, մա՛մ, շատ լաւ կը յիշեմ, բայց այդ համը ճաշացուցակներու ճաշերէն չէր, այլ զանոնք պատրաստող այս շնորհալի ձեռքերէն…։
Աղջիկը կը զգայ մօր կարօտը տան ամէն ինչին, նոյնիսկ՝ պատերուն հանդէպ։ Անշուշտ հասկնալի է ծննդավայրի մը լքման պատճառած ցաւն ու կսկիծը։ Երիտասա՛րդ մը դժուար կը յարմարի այսպիսի արմատական փոփոխութիւններու։ Տիկին Շուշանի համար տունը, սենեակները, նոյնիսկ անկողինն ու բարձը օտար են և մա՛նաւանդ սեփական չեն, նորէն ալ ան լաց ու կոծով չ’արտայայտեր իր կարօտը. թերևս այն ալ կ’ընէ, երբ առանձին մնայ: Աղջկան հետ ամէն առտու այսպիսի յիշատակներով կ’արտայայտէ կարօտը, այսօր օրացոյցի նիւթով, երէկ՝ դրացիներուն, առջի օր՝ թաղի նպարավաճառին. այսպէս օղակ առ օղակ կը քակուին յիշողութիւնները, աղջիկն ալ համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ մօր խօսքերն ու միշտ կը փորձէ մխիթարել զինք՝
- Լաւ օրեր էին, մա՛մ, նորէն լաւ օրեր կու գան, միայն քիչ մը համբերութիւն ու կամաց-կամաց յարմարելու կը սկսինք. հոս ալ լաւ է, օդը, ջուրը, լաւ մարդիկ ալ կան…:
- Այո՛, աղջիկս, գոնէ խաղաղ քուն մը կը քաշենք, տաքուկ տան մէջ նստած, ջուրի ու լոյսի առատութիւնը կը վայելենք, որմէ զրկուած էինք երկար ժամանակ:
Մօր տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար աղջիկը կը մօտենայ պատուհանին ու՝
- Մա՛մ, եկուր տե՛ս դուրսը ի՞նչ կը պատահի. համախմբուած բազմութիւն մը կայ, տեղեա՞կ ես, անդրադարձա՞ծ ես, երէ՞կ ալ այսպէս էր,- փակ պատուհանին ետևէն հետաքրքրուած կը դիտէ աղջիկը, մայրն ալ հրաւիրելով:
- Այո՛, երէկ և առջի օր ալ հաւաքուած էին: Դիմացի տան եօթանասունամեայ բնակիչը մահացած է, ծաղկեպսակներ ալ բերին, ներսը շարած ըլլալու են, հիմա դուրս կը հանեն, չեմ գիտեր մինչև ե՞րբ պիտ’մնայ դին տան մէջ:
- Է՛, մահազդ չկայ փողոցը պատերուն փակած:
- Կ’երևի հոս մահազդ տպելու ու պատերուն փակցնելու սովորութիւնը չկայ:
Բազմութիւնը երթալով կը խտանայ և ահա ներսէն ուսերու վրայ շալկուած, գլխու կողմէն բաց դագաղը դուրս կը հանեն ու կը տեղաւորեն առանձնատան դրան առջև, մոմն ու խունկը կը ծխեն, աղօթք մըն ալ կ’արտասանեն, ապա բոլոր ներկաները հրաժեշտ տալով կը համբուրեն հանգուցեալին դէմքը, անմիջական հարազատները կ’արտասուեն ու դարձեալ ուսերու վրայ բարձրացուած կը տարուի դագաղը ու թաղին անկիւնը կանգնած մեռելաթաղի ինքնաշարժին մէջ կը տեղաւորուի ու ետևէն ինքնաշարժներու շարանը առաջնորդելով կ’ուղղուի գերեզմանատուն:
Մայր ու աղջիկ ուշի ուշով կը հետևին մանրամասնութիւններուն, երբեմն մօր զարմանքի արտայայտութիւնները կը լսուին.
- Յիսո՛ւս Քրիստոս, մեռելին երեսը բաց է ու բոլորը կը համբուրեն զինք… Այս ի՛նչ յարգանք է հանգուցեալի մը հանդէպ…: Որքա՜ն սիրուած անձ մըն է եղեր հանգուցեալը…: Մինչ մեր քով խեղճերը ռումբերու տակ կը զոհուին…: Խաղաղութեան օրերուն ալ չկար այսքան յարգանք հանգուցեալի անշնչացած մարմնին նկատմամբ. անմիջական հարազատները կը մխիթարուէին ու կը յարգուէին:
- Այո, մա՛մ, զարմանալի է, երևանցի գործընկերներէս լսած եմ, որ կեդրոններ կան, ուր հանգուցեալին մարմինը կը լուան, բորոտիքը կը պարպեն, կը պատրաստեն թաղմանական արարողութեան ու մարմինը երեք օր կը պահեն տան մէջ: Հետաքրքրական են նաև այն նախապաշարումները, որոնք հաւատքով կը կիրարկուին, երբ տան մը մէջ մահ պատահի: Հանգուցեալի մահացած վայրկեանին իսկ տան պատի ժամացոյցը կը կեցնեն մինչև թաղումէն վերադառնան, քառասուն օր տան բոլոր հայելիները կը ծածկուին ճերմակ սաւաններով, որպէսզի մինչև քառասուն օր տան մէջ շրջող հանգուցեալի հոգին չթափանցէ հայելիներէն, և երբ տան անդամները հայելիին նային՝ չտեսնեն զինք… բայց այս մանրամասնութիւններուն մասին չէի լսած, ահա հիմա դիտելով տեղեկացանք: Հա , մա՛մ, առաջին հոգեճաշն ալ խաշլամա (խաշուած միսի տեսակներ՝ ձուկ, հաւ, և այլն) կ’ըլլայ եղեր, որու ընթացքին, երբ կենաց («ողորմաթաս» կը կոչեն հոգեճաշերու կենացները) խմեն՝ բաժակները կը հարուածեն մատներով շրջապատուած կողմէն, որպէսզի ապակիներու հարուածէն յառաջացած ձայներ չելլեն:
- Ինչու հոգեճաշերու ատե՞ն ալ կը խմեն:
- Հա, կ’երևի, բայց այս ձևով կը խմեն:
***
Դրան զանգը կը հնչէ: Աղջիկը կը բանայ դուռը եւ արդէն սպասուած հարազատը իր հինգ տարեկան անուշիկ դստեր ու երեւանցի բարեկամուհիին հետ ներս կը հրաւիրէ, կը նստին ու այլազան նիւթերու մասին կ’ընթանայ զրոյցը. հարցը այդ չէ՛, շատ հետաքրքրական էր երևոյթը ընդամէնը երեք ամիս մանկապարտէզ յաճախած աղջնակին ո՛չ միայն զրոյցին մասնակցութեան, այլ այս կարճ ժամանակի ընթացքին կարծես տիրապետած ըլլալով արևելահայերէն բանաւոր լեզուին, մօր ու բարեկամին միջև թարգման հանդիսանալուն.
- Աղջիկս, պատմէ՛ քիչ առաջ ի՞նչ եղաւ, երբ փողոցի սառած ձիւներուն վրայէն կը քալէիր,- ժպտելով մայրը կը դիմէ դստրիկին։
- Ո՞ր լեզուով պատմեմ: Այստեղի լեզուով կը պատմեմ, որ Հայկան թանթիկն ալ հասկնայ:
- «Թանթիկ» բառը չի հասկնար Հայկանը, ի՞նչ պիտի ըսես, որ հասկնայ,- քաջալերելով կ’ընդմիջէ մայրը:
- Հայկան տէոդան (ռուսերէն՝ տիկին),- կը սրբագրէ փոքրիկը ու կը պատմէ,- քայլում էինք սառցակալած ձեան վրով, ոտս սահեց ու ընկնում էի, չընկայ, բայց սումքեքս (ռուսերէն՝ պայուսակ) թռաւ ձեռիցս…
Բոլորին ժպիտը արդէն բարձրաձայն խնդուքի վերածուած է եւ կը շարունակեն մտիկ ընել, անշուշտ «ապրիս»ներ ալ տեղացնելով: Մանկիկը կը ծարաւնայ ու գաւաթով ջուրը խմած միջոցին քանի մը կաթիլ վրան կը թափէ ու՝
- Սվիտերդ (ռուսերէն՝ մեր գիտցած casaque-ը) թաց է եղել, մայկա (ռուսերէն՝ ներքնաշապիկ) հագե՞լ ես, հանի չորացնենք, որ չմրսես,- կ’ըսէ երեւանցին:
Մանկիկին մայրը կը սկսի հարցնել բառերուն իմաստները ու պատասխանները անշուշտ ստանալ իր աղջիկէն, մինչ տան աղջիկը կը մասնակցի.
- Գազակին անգլերէն ալ sweatshirt կ’ըսեն, միթէ նոյն բառը չէ՞:
- Չէ՛,- կը պատասխանէ երեւանցին,- այս բառին ծագումը ռուսերէն է, անգլերէն այդ բառը՝ sweet-ն է, որ կը նշանակէ անոյշ, քաղցր…
Տան աղջիկը զայրոյթէն չի գիտեր ի՞նչ ընէ կամ ըսէ, ան զայրացած է նախ ի լուր մանկիկի լեզուի աղաւաղումին, ապա ինքզինք անգլիագէտ սեպող երեւանցիին սխալ մեկնութիւններուն: Անոր միտքը կու գայ առած մը. «Գիտունին հետ քար քաշէ, բայց անգէտին հետ փիլաւ մի՛ ուտեր» ու միայն «Ա՛յ քեզ բան» կ’ըսէ ու կը շարունակէ մտիկ ընել շուրջի անհաճոյ զրոյցները, բայց այս անգամ հեռաձայնին զանգին պատասխանելով կ’անջատուի անոնցմէ: Անծանօթ թիւ մըն է, որ կա՛մ Հալէպէն Երևան նոր հասած անձ մը, կամ ալ ընդհանրապէս սխալ զանգ մը կրնայ ըլլալ: Կը պատասխանէ, կամաց-կամաց ալ կը ժպտի ու․ «Կէս ժամէն հոն կ’ըլլամ» ըսելով, կ’աւարտէ խօսքը, դառնալով մօր հարցական հայեացքներուն․ «Անակնկալ է, մա՛մ, շուտով կը բացայայտուի ու շա՜տ կ’ուրախանաս», կ’ըսէ ու հիւրերը մօրը քով ձգելով կը պատրաստուի ու կ’երթայ որոշուած վայրը:
***
Աղջիկը մօրը համար Հալէպի հարազատներէն թերթիկով օրացոյց մը ապսպրած էր. ահա թէ ինչո՞ւ կը ձգձգէր օրացոյց գնելը: Ան շատ փնտռած էր գրախանութները, բայց չէր գտած արևմտահայերէն օրացոյց մը: Չէր ուզեր որ իր բնակած տան պատէն արևելահայերէնով օրացոյց մը կախէր: Մեծ հարց մը չէ թերևս, բայց հոս ո՛չ միայն լեզուն է հարցը, այլ նաև ան կը փափաքէր ծննդավայրի տան պատկերը յիշեցնող բան մը ունենալ: Կարելի չէր ամէն ինչ բերել, բայց այս մէկը իրականացնելն ալ այդքան դժուար չէր: Մանրուք մը երբեմն երջանկութիւն կը պատճառէ: Միշտ ալ գոյութիւն ունին այդ մանրուքները և շատ մեծ ջանք չեն խլեր անոնք մեզմէ, ոչ ալ այդքան ժամանակ՝ զանոնք բացայայտելու համար. միայն կամքն է էականը, որ եթէ կայ՝ անկարելիի հասկացողութիւնը կը ջնջուի ընդհանրապէս:
Օրացոյցին Երևան հասնիլը շատ չէր ուշացած. ամէն թռիչքի Հալէպէն եկող բարեկամներ կան անպայման: Օրացոյցը յանձնողը աղջկան՝
- Կը ներես, քիչ մը միայն ճմռթկուած է:
- Հասկնալի է, բարեկամ, մէջէն անցնողը գիտէ, մենք ալ նոյն ձևով եկանք և արտօնուած կշիռքէն շատ աւելի ապրանք բերինք: Խուզարկութիւններէն ու երկար ճամբորդութենէն բոլոր ապրանքները պայուսակներուն մէջ կը ճմռթկուին:
Շնորհակալութիւն կը յայտնէ ու կը փութայ տուն, մօրը զուարճացնելու: Տակաւին հիւրերը նստած կը զրուցեն արևելա-արևմտա-անհասկնալի հայերէնով մը, երբ տոպրակը մօր ձեռքերուն մէջ կը տեղաւորէ ու՝
- Բա՛ց տոպրակը, մա՛մ, տե՛ս մէջը ի՞նչ կայ,- կ’ըսէ մօրը:
Մօր դէմքին արտայայտութիւնը անմիջապէս կը փոխուի, զուարթ ու հրճուալից նայուածքներ կը փոխանակուին աղջկան ու մօր միջեւ: Կը հանէ օրացոյցի խաւաքարտը, պատերը կը զննէ ու մէկուն վրայ յարմար տեղ մը գամ մը կը նկատէ, կը կախէ խաւաքարտը անոր վրայ ու թերթիկներու ծրարը ձեռքը առած կը սկսի թերթատել ու մէկ-մէկ կարդալ: Ան անջատուած է բոլորէն, իր տան անկիւնը նստած է կարծես ու անյագօրէն կը թերթատէ ու կը ժպտի, հիւրերը կը փորձեն ընդմիջել անոր մտածումներու ու ապրումներու շղթան, բայց անշուշտ անոր աղջիկը կը շեղեցէ անոնց ուշադրութիւնն ու առիթ չի տար: Բայց ահա Տիկին Շուշան գլուխը վեր կը բարձրացնէ ու անոյշ երազներէ սթափածի մը պէս բարձր տրամադրութեամբ կը սկսի ներկաներն ալ բաժանեկից դարձնել իր անսահման երջանկութեան: Ան կը սկսի ծրարը խառն թերթատել ու ներկաներուն կարգով բախտի առածներ կարդալ, ճիշդ այնպէս ինչպէս կ’ընէր իր տան մէջ։ Առաջինը կը նուիրէ աղջկան.
- «Ով որ առանց թերութեան բարեկամ կը փնտռէ, առանց բարեկամի կը մնայ»:
Աղջիկը կը հասկնայ մօր ըսելիքը, մայրը շատ մտահոգ է աղջկան ապագայով և անոր միակ փափաքն է աղջիկը տեսնել ճերմակ զգեստով: Յաճախ կ’ակնարկէր այս հարցին և միշտ ալ աղջիկը կը փոխէր նիւթը:
Երկրորդ առածը կը կարդայ հարազատին.
- «Թէ ականջ դնես քեզ բամբասողին, կեանքդ կը դարձնես վշտի անկողին»:
Մանկիկը կը սպասէ իր կարգին և ահա՝
- «Որքան լեզու իմանաս, այնքան մարդ ես»:
Մինչ երեւանցի հիւրին, որ ապշահար կը հետևէր ամէն ինչին, բախտ կ’իյնայ հետևեալ առածը.
- «Լաւ է անուն բարի, քան գանձ աշխարհի»:
- Մա՛մ,- մօրը ձեռքէն ծրարը առնելով,- քեզի համար ալ ե՛ս պիտի կարդամ,- կը թերթատէ ու մէկ կողմէն ալ կ’ըսէ,- «Մօր մէկ օրհնութիւնը եօթը անէծք կը քանդէ, այլևս օրդ չես կորսնցներ…»:
***
Այս տարի ալ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի օրացոյցը ջերմացուց հալէպահայ այս ընտանիքին հայրենիքի բնակարանը. գալ տարի ո՞վ գիտէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ…: