ՊԱՏԱՆԻԻՆ ՍԵՒ ՀԱՍՏ ԳՕՏԻՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 34 Second

 

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նիս

Ինչ որ անցնի մարդուն մտքէն եթէ կ՛ուզէ հերոսանալ այդպէս կ՛ընէ, մարդիկ գիտնան ու
զարմանան։ Իրական է, հարիւր տոկոս, պատին կռթնած պատանիին պատմութիւնը։ Ի՛նչ
յոգնութիւն. եթէ չըլլար՝ չէի գրեր։
Պատանի մը Մելոտինի ցուցափեղկէն ներս կը նայէր ո՛վ կայ չկայ, կարծեցի որ իր ընկերոջը
կը սպասէ, եկաւ, գնաց ու երբ մոռցայ, դուռը բացաւ ու ներս մտաւ, ինծի գտաւ…։ Գլխաւոր
դռնէն չմտաւ, վրան գլուխը չտեսնեն։
– Պիտի երթա՞ք։
– Ո՛չ։
– Հո՞ս պիտի ﬓաք։
– Այո՛
– Հեռաձայնս պիտի լեցնեմ (charger)։
– Լաա՜ա՞ւ…։
– Կը նայի՞ք ﬕնչև որ ետ գամ։
– Պիտի երթա՛մ։
– Պիտի երթա՞ք, ինչո՞ւ համար պիտի երթաք, որովհետե՞ւ։
– Որովհետև ի՞նչ։
– Որովհետև այսպէ՞ս հագուած եմ։
– Ինչպէ՞ս հագուած էք։
– Պաղեստինին համա՞ր է որ կ՛ուզէք երթալ։
– Պաղեստինի՞ն, ի՞նչ պաղեստին։
– Պաղեստինի՛ն…- պատասխանեց, ու ցոյց տուաւ իր ոսկեգոյն ﬔծ գիրերով ՊԱՂԵՍՏԻՆը
ուսէն փորին իջնող ելլող գօտւոյն վրան արաբերէն, ֆրանսերէն։
– Ի՜՜՜նչ։
– Ո՛չ, ո՛չ, պարո՛ն. ես այդպէս չե՛մ, ես այդ տեսակ բաներու հետ բան գործ չունիմ.
Պաղեստինի, Իսրայէլի խնդիրներուն չեմ խառնուիր, ըրաւ գլխոﬖ՝ որ հաւատամ։
Ինչ տեսակ չէ՛ այս պատանին։ Համակարգիչս վերցուցի ու քալեցի դէպի դուռը։
– Ո՛չ, ո՛չ, պարո՛ն, տեղ ﬕ՛ երթաք, դուք ձեր գործը շարունակեցէք։
Կեցէ՛ք, կըսէ՞, կենամ՝ ինչո՞ւ. յետոյ իրեն իմ ﬓալս կամ երթալս չի՛ խառնուիր։
Մելոտինի ծովահայեաց այս բաժինը, ճաշէն ետքը երեկոյեան ճաշին համար կը գոցեն որ
մաքուր ﬓայ։ Սպասեակն ու սպասուհին կը ձգեն որ ես հոս ﬓամ ուզածիս չափ։ Սպասեակը օր մը
հարցուց,-
– Գի՞րք կը գրէք։
– Այո՛։
– Գիրք գրելը շատ լաւ բան է։
– Այո՛, ճիշդ էք, շա՛տ լաւ բան է,- ինչպէ՞ս գիտէ։ Լաւ որ չըսաւ ի՞նչ է նիւթը։ Երկար
բարակ ինչպէ՞ս ըսեմ։
Վերադառնամ Պաղեստինի պատանիիս. տեղէս ելայ ու քալեցի դէպի դուռը, ու պատանին
ալ խօսելէն ﬕնչև աղբիւրն հետս եկաւ ու բակ ելաւ (Թերրաս)։ Տղուն տեսքէն ու հագուածքէն
մտածեցի՝ ահաբեկիչ նահատակներն այսպէ՞ս կ՛ըլլան. չէի տեսած սև հաստ գօտի…։
Ինչպէ՞ս գիտնամ որ արարքը կը բեմադրէ, կ՛ուզէ ցուցնել դերասա՞ն է։ Մտահոգիչ վիճակ
մըն է. չհաւատանք՝ ըլլալիքը նորէն կ՛ըլլայ. ճակատագի՛ր։ Աստուած չընէ որ այս տղան բան մը
ընէ, անﬔղ մարդիկը սպաննէ, ոստիկանները ﬔզի գան, զիս մասնակից կամ ﬔղսակից
ամբաստանեն, ձերբակալեն, ինչպէ՞ս ըսեմ որ հաւատան թէ այս տղուն չեմ ճանչնար։ Տեսերիզէն
տեսեր են որ տղան ու ես կը խօսակցինք, դուրս կ՛ելլեմ ես, տղան՝ թերրաս, հեռաձայնը հոն կը
ձգէ, ելեկտրուժը ըմպէ՝ ու երբ ժամանակը հասնի ուժեղ պայթի՜…։
Առևտրական այս կեդրոնին եղած տեղս ուրկէ՞ եկաւ։ Հանգստացայ հեռատեսիլը բան
չըսաւ, Փառք Աստուծոյ։ Շատեր տեսան պատանիին սև հաստ գօտին փորին վրան. և ուզածն ալ
գուցէ այդ էր. ինծի նման շատեր տեսա՛ն, չանդրադարձան թէ այս տղուն հոգիին մէջ փոթորիկ
կայ. ամէն մէկը իր ուզածը կը նկարէ շապիկին ու մարﬓին վրան…. այդ տղան ալ երբ ոէ վախցայ՝
ուրախացաւ ելայ գացի, այդ վայրկեանին ան ինքզինքը հերոս կարծեց, կամ նահատակ…։
Լուրջ թէ կատակ, տղեկն ըսաւ՝ Պաղեստինի, Իսրայէլի խնդիրներուն չի խառնուիր, ուրեﬓ
պէտք է հաւատամ… երկար ատեն մտածեր է թէ ինչ ընէ, սև հաստ գօտին փորին կապեր եկեր է որ
մարդիկ տեսնեն վախնան փախչին. ա՛յ քեզ աշխարհ չես հաւատար զաւակներդ ինչեր կ՛ընեն։
Բարի՛ն ըլլայ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles