
Կարինէն ընդամէնը 14 տարեկան էր երբ ներկայացաւ առաջին անգամ նուագախումբով հանրութեան նուագելով Պեթհովենի Դաշնակի թիւ 1 գոնչերթոն Նիւ Եորքի Գարնըկի համերգասրահին մէջ: Աւելի ուշ, 23 տարեկանին ունեցաւ իր առանձին մենահամերգը, մտնելով ինքնավսահ, բայց խստապահանջ կերպով այս մեծ ոստանի երաժշտական աշխարհէն ներս:
Իր վրայ դարձուց երաժշտասէր հանրութեան համակրանքը եւ անոր միջոցաւ ալ` երաժշտական զանազան կազմակերպութիւներու ուշադրութիւնը, որուն որպէս հետեւանք ալ ետեւ-ետեւի չուշացան պարգեւատրումներ, մրցանակներ: Իր առջեւ բացուեցան այլ համերգասրահներ. Մըրքըն, Սթայնուէյ, Երրորդութեան տաճար, Պեվըրլի Հիլլզ …: Ու ամէն անգամ նոր ու ճոխ յայտագիրով մը, ընդգրկելով դասականներուն լաւագոյն ստեղծագործութիւնները: Անոնց հետ մէկտեղ չմոռցաւ հայ հեղինակներու գործերը- այսպէս` Կոմիտասէն մինչեւ Խաչատուրեան:
Որպէս սոլոյիսթ նուագեց զանազան նուագախումբերու մէջ. Նիւ Եորք ֆիլհարմոնիք, Փարք Էվընիւ սենեկային, Միւզիքա Պելլա սիմֆընի, Քոքոլա Անսամպլի եւ այլ նուագախումբերու մէջ:
Կարինէն Երեւան ծնած է ու աւարտած է Ռոմանոս Մելիքեանի երաժշտական դպրոցն ու Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը, ուսուցիչ ունենալով` Իրինա Ղազարեանը եւ Սվեթլանա Տատեանը: 1998ին կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ, ուր պատուոյ յիշատակութեամբ կը ստանայ իր պսակաւորի վկայականը Նորթրիտճի Գալիֆորնիոյ համայնքային համալսարանէն, ուր Փրոֆ. Ֆրանսուազ Ռեկնաթի եւ Դոկտ. Արքատի Արոնովի նման ուսուցիչներու խնամքին ներքեւ աւելիով ան կը մասնագիտանայ:
Կարինէն այժմ կը դասաւանդէ Մենհեթըն երաժշտական դպրոցը եւ առ այժմ հաստատուած է Նիւ Եորք:
Հաճոյք էր Փետրուար 3-ին, ներկայ գտնուիլ իր դաշնակի մենահամերգին, որ տեղի ունեցաւ Թինեքի (Նիւ Ճըրզի) Փաֆըն փոքր համերգասրահին մէջ, ուր բացի հայերէ ներկայ էին շատ աւելի մեծ թիւով ամերիկացիներ:
Յայտագիրը ճոխ էր եւ ամբողջութեամբ Ֆրանս Լիսթի գործերուն նուիրուած էր: Առաջին մասով նուագեց Պախ-Լիսթ Օրկանի Փրելիւտը
Էյ Մինոր, այնոհետեւ` Three Petrarch Sonnets, from Annees de Perelinage եւ ապա` երեք էթիւտները, որոնցմէ մէկը Փականինիի:
Փոքր դադար մը ապա Դաշնակի սոնաթան S.178 (1854), որով անշուշտ եզրափակեց ելոյթը:
Ներկաներուն խնդրանքին ընդ առաջ նոաւգեց Կոմիտասէն ըսելով. “հանդիսասարհին իմ հայ ազգակիցներուս համար“:
Երկու տարի առաջ, զինք առաջին անգամ ըլլալով վայելելու առիթը ունեցած էի, երբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի տարեկան երիտասարդ տաղանդներու համերգին մասնակցած էր: Արդէն Կարինէն այն դաշնակահարուհին է, որ շա՜տ իր մասին խօսիլ պիտի տայ: