ՊԱՏ­ՄԱ­ԳԷՏ ԱՐ­ՏԱԿ ՄՈՎ­ՍԻՍ­ԵԱՆ ԴԱ­ՍԱ­ԽՕ­ՍԵՑ ՊՈՍ­ԹԸ­ՆԻ ԵՒ ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 57 Second

p7 artak  Հինգ­շաբ­թի, Յուն­ուար 31-ին եւ Կի­րա­կի, Փետր­ուար 3-ին, յա­ջոր­դա­բար Պոս­թը­նի եւ Նիւ Եոր­քի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան դա­սա­խօ­սա­կան ձեռ­նարկ­ներ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եր­կու շրջան­նե­րու Հա­մազ­գա­յի­նի մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն:

Դա­սա­խօսն էր պատ­մա­գէտ Ար­տակ Մով­սիս­եա­նը, որ 1997-էն ի վեր տի­րա­ցած է իր տոք­թո­րա­կա­նին, իբ­րեւ աւար­տա­ճառ ու­նե­նա­լով Վա­նի թա­գա­ւո­րու­թեան պատ­մու­թիւնը:

Պոս­թը­նի մէջ կազ­մա­կերպ­ուած ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուա­թըր­թաու­նի Հայ Կեդ­րո­նի “Լա­չին­եան“ սրա­հին մէջ, իսկ Նիւ Եոր­քի մէջ կա­տար­ուած ձեռ­նար­կը, որ հո­վա­նա­ւոր­ուած էր Հա­մազ­գա­յի­նի Նիւ Եոր­քի եւ Նիւ Ճըրզիի մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն կող­մէ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ: Պոս­թը­նի մէջ կա­տար­ուած ձեռ­նար­կին, ներ­կայ էին վաթ­սու­նի շուրջ հա­յոր­դի­ներ, որոնք աւար­տին բազ­մա­թիւ հար­ցում­ներ ուղ­ղեցին դա­սա­խօ­սին:

Նիւ Եոր­քի մէջ կա­տար­ուած ձեռ­նար­կին, ներ­կայ էին Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շրջա­նի Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ` Յաս­միկ Աբ­րա­համ­եան եւ Յա­կոբ Մել­քոն­եան: Աբ­րա­համ­եան կա­տա­րեց ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը եւ բեմ հրա­ւի­րեց Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նի մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պետ Արա Գաբ­րիէլ­եա­նը, որ ներ­կա­յաց­նէ օր­ուան դա­սա­խօ­սը: Ապա բեմ բարձ­րա­ցաւ դա­սա­խօ­սը, որ փո­խան­ցեց հե­տաքրք­րա­կան փաս­տագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­յու­թեան ծա­գու­մին մա­սին:

Նշենք թէ, Մով­սիս­եան պատ­րաս­տած է խտաց­ուած հա­յոց պատ­մու­թեան գրքոյկ­ներ, յա­տուկ սփիւռ­քա­հայ շա­բա­թօր­եայ վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles