Պապին Այցելութիւնը` Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր

0 0
Read Time:8 Minute, 19 Second

agavni

Յունիս 24-ին, Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ, Փրանկիսկոս Պապը արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան:
Դիմաւորելու եկած էին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնեաներ, դիւանագէտներ, հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներ: Օդակայանին մէջ հայկական միջնադարեան շարականներով Պապը ողջունեցին «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբին սաները: Ազգային տարազով երեխաները Հռոմի Պապին մատուցեցին հայկական ծիրան եւ լաւաշ: Օդակայանի նախագահական սրահին մէջ հանրապետութեան նախագահին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ ունեցած կարճատեւ զրոյցէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հազարաւոր հաւատացեալներ հաւաքուած էին` մասնակցելու Պապին բարի գալստեան` Հրաշափառի արարողութեան:

17999_b
Նախագահական պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, ուր Պապը դիտել տուաւ, թէ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդին համար պատմական իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են:
Նոյն օրը երեկոյեան Սուրբ Էջմիածինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը, հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն եկած թեմակալ առաջնորդներ եւ առաջնորդական տեղապահներ:
Փրանկիսկոս Պապը եղբայրական սիրոյ եւ ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին` շեշտելով, որ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ինքզինք կը զգայ իր տան մէջ: Նաեւ, Պապը Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց միասնական աղօթքն ու խաղաղութիւնը` աւելցնելով, որ իբրեւ եկեղեցիներ իրենք կոչուած են այդ խաղաղութեան քարոզիչները ըլլալու:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս Փրանկիսկոս Պապին բարի գալուստ մաղթեց: Ան իր եղբայրական սէրն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նաեւ պատուիրակութեան անդամներուն:Ejm_2
«Այսօր ուրախութիւն է մեր տանը եւ մեր հոգիներում, քանզի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին է այցելել սիրեցեալ մեր եղբայրը, որի հանդէպ առանձնակի ջերմ վերաբերմունք ունի հայ ժողովուրդը: Դրա վառ վկայութիւն է նաեւ մեր աշխարհասփիւռ թեմերի բարձրաստիճան հոգեւորականների ներկայութիւնը, ովքեր եկել են իրենց համայնքների հաւատացեալների հետ: Ձեր այցը մեր ժողովուրդը դիտարկում է որպէս առիթ եւ հնարաւորութիւն իր երախտագիտութեան զգացումներն արտայայտելու մեր ժողովրդի, հայ եկեղեցու եւ պետութեան նկատմամբ Ձեր ջերմ վերաբերմունքի համար: Մենք այս նուիրական սրբավայրում մեր աղօթքն ենք բարձրացնում դէպի երկինք` հայցելով, որ Տէրը Ձեզ քաջառողջ երկար տարիներ պարգեւի` առաջնորդելու համար Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին, քոյր եկեղեցիների հոգեւոր առաջնորդների եւ հաւատացեալների հետ իրականացնելու եւ արդիւնաւորելու Քրիստոսի սուրբ եկեղեցու առաքելութիւնը` ի սէր առաւել բարօր ու խաղաղ աշխարհի եւ մարդկութեան երջանկաբեր կեանքի», յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Այցելութեան աւարտին կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում:
Պապը վեհափառ հայրապետին նուիրեց Ս. Աստուածածինի խճանկար եւ արձանագրութիւն մը կատարեց վեհարանի յիշատակի մատեանին մէջ: Իսկ, Գարեգին Կաթողիկոսը Պապին նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբապատկերը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պատարագի սկիհ, որուն երկու կողմերուն վրայ պատկերուած են Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարն ու Սուրբ Էջմիածինի Մայր տաճարը;
Պապը, նաեւ իբրեւ նուէր ստացաւ աշխարհի վրայ, իր ամենափոքր դիմանկարի մանրաքանդակը, որուն հեղինակն է մանրաքանդակագործութեան հիմնադիր Էդուարդ Տէր Ղազարեանի թոռը` Էդուարդ Տէր Ղազարեան կրտսերը:

Ծիծեռնակաբերդ

18061_bՇաբաթ, Յունիս 25-ին Փրանկիսկոս Պապը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
Պապը ծաղիկներ զետեղեց հայոց մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը խորհրդանշող անմար կրակին մօտ եւ իր անունով եղեւնի մըն ալ՝ Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պուրակին մէջ:
Ծիծեռնակաբերդի մէջ Փրանկիսկոս Պապին մօտեցան Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու զաւակներէն եւ թոռներէն բաղկացած խումբ մը ներկաներ, որոնց նախահայրերը Պիոս ԺԱ. Պապին որոշումով ապաստանած էին «Կանտոլֆօ» պապական պալատ:
Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ետք, Փրանկիսկոս Պապը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ հիւրերու տետրակին մէջ արձանագրեց հետեւեալ տողերը. «Այստեղ կ՛աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, ինչպիսին է այս, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ բարիով յաղթէ չարին: Թող Աստուած սիրեցեալ հայ ժողովուրդին խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն պարգեւէ: Յիշողութիւնը ո՛չ կարելի է պղտորել եւ ո՛չ ալ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է: Թող հայ ժողովուրդի ողբերգութեան յիշողութիւնը մնայ մեր մէջ, եւ յիշողութիւնն է, որ հետագային պիտի կանխէ նման ոճիրները»:
Թանգարան-հիմնարկին կողմէ Փրանկիսկոս Պապին նուիրուեցաւ ոսկեայ յուշամետալ մը, որուն վրայ պատկերուած էր Ծիծեռնակաբերդը, ինչպէս նաեւ Աղթամարը պատկերող փորագրանկար մը:18066_bp dzidzernag
Պապին ընկերակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներ:
Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Գերապայծառ Ֆետերիքօ Լոմպարտի լրագրողներուն հետ ունեցած իր կարճ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Պապը Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան ընթացքին խորհրդածութեան պահեր ապրած է, «եւ այդ պատճառով ալ անոր ոճը աւելի յարիր էր լռութեան եւ աղօթքին», աւելցուց ան:
Լոմպարտի նշեց որ Պապին համար հայ ժողովուրդը եւ հայոց պատմութիւնը նորութիւն չեն: «Ան արժանթինահայ գաղութին հետ խոր յարաբերութիւններ ունի եւ այդ պատճառով ալ, իրեն համար մեծ ուրախութիւն է ծանօթանալ հայկական մշակոյթին սկզբնաղբիւրին», շեշտեց ան: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի յուշամատեանին մէջ կատարած իր արձանագրութեան մէջ Պապը նշած է անպատրաստից խօսքեր, որոնք կապուած էին այդ օրուան իր փորձառութեան:
«Մենք այս առաւօտեան ցնծութեամբ տեսանք Արարատ լեռը: Այս պատմական պահուն, Հայաստանի խորհրդանիշ Արարատը երեւցաւ մեր դիմաց», շեշտեց ան:
Գիւմրի

gyumriՇաբաթ Յունիս 25-ը պատմական օր էր Գիւմրիի մէջ, ուր Վարդանանց հրապարակին վրայ հանդիսաւոր կերպով պատարագ մատուցեց Պապը:
Ան ողջունեց հաւատացեալները, ապա իջաւ, քանի մը վայրկեան հետիոտն զրուցեց անոնց հետ, ապա մեկնեցաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստանի» կուսանոց:
Սուրբ պատարագին ընթացքին հայ ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ, Պապը խօսեցաւ նաեւ Գրիգոր Նարեկացիին մասին: «Ան կարապետն ու մարգարէն էր աստուածային ողորմութեան: Դժուար է գտնել ոեւէ մէկը, որ հաւասարի անոր մարդկային սրտին մէջ թեւածող անդնդային թշուառութիւնները քննելու առումով: Սակայն ան կը վերածուի անոնց աստուածային սիրոյ անդադրում, արտասուալի եւ վստահ պաղատանքի` հաստատելով, որ Աստուած «պարգեւներ բաշխող է, բնութեամբ բարի Նարեկացին ո՛չ միայն վարդապետ է ուսուցման, այլ յատկապէս կեանքի, որովհետեւ կը սորվեցնէ, թէ ինչքա՛ն կարեւոր է ճանչնալ մենք զմեզ: Այս սուրբ վկան մարգարէաբար կը ներկայացնէ ձեր ժողովուրդը: Ան, սակայն, ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ է արդէն: Ձեր սիրելի ժողովուրդը եւս` տառապելու քաջատեղեակ եւ յարութեան զօրութեամբ, կրնայ հաւատքի վկայ եւ վարդապետ ըլլալ բոլորիս», եզրափակեց Հռոմի Պապը` խօսքին ընթացքին քանի մը անգամ մէջբերումներ կատարելով Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութենէն»:
Ապա, Պապը օրհնեց Գիւմրիի Եօթը վէրք եկեղեցւոյ մօտ հաւաքուած հաշմանդամ երեխաները` «Փիւնիկ» հաշմանդամներու միութիւն հասարակական բարեսիրական կազմակերպութեան անդամները:
Երեւան

yerevanyerevan2Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Խաղաղութեան աղօթքի արարողութեան ընթացքին ուղերձ յղեց հայ ժողովուրդին` հաստատելով, որ իր փափաքը եղած է այցելել Հայաստան, այն երկիրը, որ եղած է քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ ընդունող պետութիւնը:
«Ինծի համար առանձնաշնորհում է գտնուիլ այս բարձունքներուն վրայ, ուր Արարատ լերան հայեացքին տակ նոյնիսկ լռութիւնը մեզի խօսուն կը թուի. խաչքարերը մեզի կը պատմեն անկրկնելի պատմութիւն մը` ամրակուռ հաւատքով եւ սոսկալի տառապանքներով հիւսուած, պատմութիւն մը` հարուստ Աւետարանի սքանչելի վկաներով, որոնց ժառանգներն էք դուք», ըսաւ Պապը` հաստատելով, որ կաթողիկէ եկեղեցին կը սիրէ հայ ժողովուրդը եւ անոր կողքին է:
Ապա ան անդրադարձաւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ նախորդ տարիներուն եղած շատ յարգալից եւ յոյժ յիշարժան այցելութիւններուն ու հանդիպումներուն: «Մեծ ուրախութեամբ կը կիսենք միասին կտրած արդէն շատ յառաջացած ճամբու բազում քայլերը եւ, իրօք, լիայոյս կը նայինք այն օրերուն, երբ Աստուծոյ օգնութեամբ միացած պիտի ըլլանք Քրիստոսի զոհասեղանին շուրջ` հաղորդութեան ամբողջական միութեամբ», ըսաւ Պապը` դիտել տալով, որ այս ուղիէն նախապէս անցած են բազում վկաներ, յատկապէս բազմաթիւ նահատակները, որոնց արեամբ կնքուեցաւ հասարակաց հաւատքը ի Քրիստոս` դառնալով փայլող աստղեր, որոնք ուղին ցոյց կու տան: Ան այս առիթով յիշեց Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսը, որ արտակարգ սէր կը տածէր իր ժողովուրդին եւ անոր աւանդութիւններուն հանդէպ, միեւնոյն ատեն հակելով միւս եկեղեցիներուն, անխոնջ միութեան փնտռտուքին` Քրիստոսի կամքը իրականացնելու փափաքով:
«Որքան մեծ են այսօր խաղաղութեան ճամբուն վրայ կանգնած խոչընդոտները, եւ որքան ողբերգական` պատերազմներուն հետեւանքները: Կը մտածեմ այն ժողովուրդներուն մասին, որոնք ստիպուած են ձգել ամէն ինչ, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, ուր բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր կ՛ենթարկուին բռնութեան եւ հալածանքի` ատելութեան եւ հակամարտութիւններու պատճառով, որոնք շարունակ կը հրահրեն զէնքի տարածումն եւ վաճառքը, ուժի դիմելու փորձութիւնը եւ յարգանքի պակասը մարդուն նկատմամբ` յատկապէս տկարներուն, աղքատներուն եւ անոնց, որոնք կ՛ուզեն միայն պատուարժան կեանք ունենալ: Չեմ կրնար չմտածել այն սոսկալի փորձութիւններուն մասին, որոնց ընդմէջէն անցած է ձեր ժողովուրդը. ընդամէնը դար մը առաջ անցած է Մեծ եղեռնէն, որ ձեզ պատուհասեց: Այս «սոսկալի եւ խելագար ջարդը» (Ուղերձ Սուրբ պատարագի սկիզբը հայածէս հաւատացեալներուն, Ապրիլ 12, 2015), այս անարդարութեան ողբերգական խորհուրդը, զոր ձեր ժողովուրդը իր մարմինին վրայ կրեց, միշտ տպաւորուած կը մնայ յիշողութեան մէջ եւ կ՛այրէ սիրտը: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ ձեր տառապանքները մեզի կը պատկանին», հաստատեց Պապը: Ան շեշտեց, որ ասիկա յիշելը ոչ միայն պատեհ է, այլ նաեւ պարտաւորութիւն` շեշտելով, որ հայութեան ողբերգութիւնը պէտք է բոլոր ժամանակներուն համար ազդակ դառնայ, որպէսզի աշխարհը այլեւս երբեք չիյնայ այդպիսի սխալներու յորձանքի մէջ: …Բոլորիս համար լաւ կ՛ըլլայ աջակցիլ ապագայի հիմերը դնելու, այնպէս, որ թոյլ չտրուի վրէժի խաբէական ուժին մէջ ներքաշուելու. Ապագայ մը, ուր երբեք չյոգնին ստեղծելու խաղաղութեան պայմաններ` բոլորին համար արժանավայել աշխատանք, առաւել կարիքաւորներուն խնամատարութիւն եւ անխոնջ պայքար կաշառակերութեան դէմ, զոր պէտք է արմատախիլ ընել: Սիրելի՛ երիտասարդներ, այս ապագան ձեզի կը պատկանի. Ձեր մեծերուն իմաստութիւնը ամբարելով` խաղաղարարներ դառնալու կարելիութիւն կ՛ունենաք, ոչ թէ սթաթիւս քոյի կրողները ըլլալով, այլ հանդիպման եւ հաշտութեան մշակոյթի դրական գործիչներ: Աստուած օրհնէ ձեր ապագան եւ «պարգեւէ, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն հաշտութեան ուղին կրկին ձեռք առնուի, եւ խաղաղութիւնը տիրէ Արցախի մէջ (Պատգամ հայերուն, Ապրիլ 12, 2015)», յայտնեց Պապը:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, իր պատարագին մէջ յայտնեց.- «Ճիշդ մէկ դար առաջ այս նոյն ճանապարհն էր անցնում մեր ժողովուրդը` յայտնուելով ծանրագոյն իրավիճակի առջեւ, երբ Ցեղասպանութեան հետեւանքով կորցրել էր հայրենիքի մեծագոյն մասը եւ, ունենալով մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներ, պայքարում էր իր գոյութեան իրաւունքի համար: Այսօր էլ մեր ժողովուրդն ապրում է չյայտարարուած պատերազմի դժուարին պայմաններում` թանկ գնով պաշտպանելով խաղաղութիւնը մեր երկրի սահմաններում, Լեռնային Ղարաբաղի մեր ժողովրդի ազատ ապրելու իրաւունքը` իր բնօրրան հայրենիքում: Մեր ժողովրդի խաղաղասիրական ձգտումներին ի պատասխան` Ատրպէյճանը, խախտելով հրադադարը, Ապրիլ ամսին Արցախի Հանրապետութեան սահմաններին սանձազերծեց ռազմական գործողութիւններ: Հրետակոծուեցին եւ աւերուեցին հայկական բնակավայրեր, զոհուեցին ու վիրաւորուեցին խաղաղութեան պաշտպան զինուորներ, դպրոցահասակ երեխաներ, խոշտանգուեցին խաղաղ, անզէն բնակիչներ: Այս դժուարութիւններին յանդիման` մեր ժողովուրդը ապրում է ցաւը նաեւ այն աւերածութիւնների եւ կորուստների համար, որ շարունակւում են Մերձաւոր Արեւելքում, սոսկալի ահաբեկչութիւնների համար, որ իրագործուեցին եւրոպական խոշոր քաղաքներում, Ռուսաստանում, Միացեալ Նահանգներում, Ասիայի եւ Ափրիկէի երկրներում, հոգեւոր ու մշակութային այն արժէքների համար, որ անխնայ կերպով ոչնչացւում են հակամարտութիւնների տարածաշրջաններում:…Որքա՜ն սրբավայրեր պղծուեցին եւ արժէքաւոր կոթողներ կործանուեցին Սուրիայում, Իրաքում, Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկրներում, որքա՜ն խաչքարեր ոչնչացուեցին: Փլատակների, կորստի ցաւի ու կարիքի մէջ փլուզւում են նաեւ մարդկային հոգու արժէքներն ու զգացումները: Ստեղծուած իրավիճակներում քրիստոնէական եկեղեցիների եւ կրօնական առաջնորդների առաքելութիւնը չի կարող սահմանափակուել միայն տուժածներին աջակցելով, մխիթարելով եւ հովուական հոգատարութիւն ցուցաբերելով: Խաղաղութեան փնտռտուքի ճանապարհին առաւել գործուն քայլեր պիտի ձեռնարկուեն` ջանքերը համատեղելով կանխարգիլելու համար չարիքը…»:hrajeshd
Արարողութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Պապին նուիրուեցաւ Նոյեան Տապանի մանրակերտ, որ դրուած է Սիսն ու Մասիսը պատկերող քանդակին վրայ: Այս աղօթքի աւարտէն ետք, Պապը մօտեցաւ հաշմանդամութիւն ունեցող խումբ մը անձերու, ողջագուրուեցաւ անոնց հետ եւ տուաւ իր օրհնութիւնը:
Փրանկիսկոս Պապին այցելութիւնը՝ առաջին քրիստոնեայ երկիր իր աւարտին հասաՒ, Յունիս 26-ին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, ուր կը գտնուէին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու առաջին տիկինը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու այլ ներկայացուցիչներ:
Հնչեցին Հայաստանի եւ Վատիկանի քայլերգները: Պապը ուղղուեցաւ օդանաւ, ուր հրաժեշտ տուաւ ներկաներուն եւ բարձրացաւ օդանաւ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles