
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Հոկտեմբեր 4, 2006
Երբ Փրանկիսկոս Պապն ու իր պաշտօնական պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը էջք կատարեց Պաքուի օդակայան, դիմաւորելու եկած էր երկրի փոխ վարչապետ Ալի Հասանովը: Հոն չէր գտնուեր երկրի ղեկավար՝ Իլհամ Ալիեւը, ոչ ալ հլու կամակատար, իր մօտիկ շրջանակը:
Թէ նմանօրինակ ընդունելութիւն կարելի է նկատել բարձրաստիճան կամ առաջին կարգի: Բնականաբար յստակ էր Ալիեւի պատգամը: Քիչ մըն ալ եթէ պրպտումներ կատարուի եւ մանրամասնութիւններու երթանք, տեղին է նշել թէ նոյնինքն փոխ-վարչապետ Հասանովը միեւնոյն ժամանակ տեղահանուած եւ գաղթական տեղացիներով զբաղուող պետական խորհուրդի նախագահն է:
Դեռ յստակ չեն դիմաւորման առաջին վայրկեաններուն կատարուած փրոթոքալային զրոյցին մանրամասնութիւնները, սակայն վստահաբար Հասանովը աղաւաղուած ձեւով եւ բացադրութիւններով կրցած է շուտով արծարծել Արցախի հիմնահարցը:
Մինչ այդ, առ ի պատրաստութիւն Պապի այցին, նախագահ Ալիեւ, արդէն իսկ յայտարարած էր, որ Արցախի խնդիրը պէտք է կարգաւորուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերահաստատումով։
Յետագային, Ալիեւի հետ տեսակցութեան ժամանակ, կրկին արծարծուած էր Արցախի հիմնահարցը, որուն իբրեւ հետեւանք Փրանկիսկոս Պապը զուսպ արտայայտութիւն մը կատարած էր, շեշտելով թէ.- «Ատրպէյճան ժամանելով հասկցայ, թէ որքա՛ն մարդ կը տառապի այս արիւնալի հակամարտութեան պատճառով։ Կ՛ուզեմ, որ միջազգային հանրութիւնը աջակցութիւն ցուցաբերէ, որպէսզի խաղաղութիւն վերահաստատուի այս տարածաշրջանին մէջ, ուր կը հանդիպին Արեւելքն ու Արեւմուտքը»: Նշենք թէ նմանօրինակ, չափաւորական արտայայտութիւն, որ բնական երեւոյթ մըն նմանօրինակ այցելութիւններու ընթացքին, կատարուած էր նաեւ քանի մը օր առաջ, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, ուր Փրանկիսկոս Պապը անդրադարձած էր Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մասին, շեշտելով թէ, անպայման պէտք է որ յարգուի միջազգային օրէնքն ու ժողովուրդներու ինքնիշխանութեան իրաւունքը:
Պաքուի օդակայան ժամանած էին նաեւ կարգ մը տեղացի այլախոհներ, կամ աւելի ճիշտը՝ ընդդիմադիր ճակատին մնացորդացը, որոնք շատ բան կը սպասէին, մարդկային իրաւունքներու հլու պաշտպան Պապէն:
Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին, Փրանկիսկոս Պապը, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ կատարելու, պարզապէս խօսակցութեան ընդմէջէն անուղղակիօրէն անդրադարձաւ մարդկային իրաւունքներուն:
Արդեօք, յուսախաբ եղան ընդդիմադիրնե՞րը: Հարցադրում մը, որ ուղղեցին միջազգային ոչ-կառավարական հիմնարկներ:
Պապի այցելութիւնը տեւեց հազիւ տաս ժամ…երկրի մը մէջ, ուր կաթողիկէ դաւանանքի պատկանող հաւատացեալներու թիւը չգերազանցէր չորս հարիւրը:
Պաքուի մէջ, նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ հաւաքի ժամանակ խօսք ուղղելով, Փրանկիսկոս Պապը յայտնեց.- «Քաջ եղէ՛ք, առանց վախի, յառաջ ընթացէ՛ք»:
Տեղւոյն չորս հարիւր հաշուող կաթողիկէ յարանուանութեան անդամներուն կողքին կը գտնուէին նոյնքան թիւով տեղացիներ…:
One thought on “Պապական Կոչ՝ Պաքուէն”