Լրահոս

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 18 Հոկտեմբերին, Մոնրէալէն Թորոնթօ ժամանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իրեն ընկերացող շքախումբին հետ, եւ իր իջեւանելիք պանդոկի մուտքին դիմաւորուեցաւ Թորոնթոյի հայ համայնքի կեանքէն ներս գործող կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Բարի գալուստի խօսքով ներկաներուն սիրտի թարգմանը հանդիսացաւ առաջնորդ սրբազան Բաբգէն Չարեանը՝ յայտնելով. «Թորոնթոյի մեծ ընտանիքը այսօր պատիւը ունի հիւրընկալելու Ձեզ` Վեհափառ Տէր։ Ինչպէս Մեծն Մոնրէալի մէջ մեր ժողովուրդի զաւակները հոգեւոր աննախադէպ խանդավառութեամբ նշեցին Ձերդ Սրբութեան գահակալութեան 30 ամեակը, նոյն ոգիով ու պատրաստութեամբ Թորոնրոյի հայ համայնքը եկած է հոս՝ տեսնելու ու լսելու Ձեզ, որպէսզի վերանորոգ հաւատքով ու առաւել նուիրումով շարունակէ իր համայնքային կեանքը»։
Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն։
Ապա անոնք ուղղուեցան Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք՝ ի պատիւ Նորին Սրբութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտըմեան: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Արամ Վեհափառի շունչով սերունդներ թրծուեցան, նկարագիրներ կռանուեցան, համոզումներ կռփուեցան, եկեղեցին նոր տեսիլք ու հոգեւոր շունչ առաւ, նոր զարթօնք ապրեցաւ, նոր ու միջազգային բեմբերու վրայ բարձրացաւ, հայ գիրն ու դպրութիւնը ծաղկեցաւ եւ ազգային պահանջատիրութեան ու արդարութեան ձայնը եղաւ աւելի հնչեղ ու ներդաշնակ»։  Յանուն Գանատայի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան, խօսք առաւ ատենապետ Ծովիկ Թէրզեան։ Ան ըսաւ. «Երեսուն տարիներ առաջ, երբ Ձերդ Սրբութիւնը բարձրացաւ մեր Սուրբ Աթոռի գահին, եկեղեցւոյ ու ազգին առջեւ նոր ժամանակաշրջան մը բացուեցաւ: Ձեր ղեկավարութեամբ, մեր եկեղեցին եղաւ ո՛չ միայն աղօթքի տուն, այլեւ հաւատքի, ազգային ինքնութեան ու համախմբումի վայր:
Այսօր մեր Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ բացառիկ առիթ մը, կը բանայ էջ մը իր նորագոյն պատմութեան մէջ. երեսնամեակը Նորին Սրբութեան գահակալութեան»:

Արիս Պապիկեան` Օնթարիոյ նահանգի երեսփոխանը, ընթերցեց նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտի նամակը, ուր ան իր խոր գոհունակութիւնը կը յայտնէ Նորին Սրբութեան Օնթարիոյ այցելութեան առիթով։ Ան անդրադառնալով աշխարհին դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ յիշեց Վեհափառ Հայրապետին ունեցած կեդրոնական դերը միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց աշխուժացման եւ միջ-կրօնական երկխօսութեան խորացման մէջ։
Օնթարիոյի մօտ Լիբանանի պատւոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեան, Լիբանանի պետութեան ու կառավարութեան յատուկ շնորհաւորանքը յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ գահակալութեան 30-ամեակին առիթով։
Ընթրիքի աւարտին իր հայրապետական խօսքը ուղղեց Նորին Սուրբ Սրբութիւնը։ Ան ըսաւ. «Անցնող 30 տարիները սովորական տարիներ չեղան Մեր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան առաքելութեան մէջ։ 30 տարիներ` հաւատքի ու յոյսի, կամքի ու տեսիլքի. 30 տարիներ` տագնապի ու պատերազմի, աշխատանքի ու իրագործումի տարիներ։ Եթէ Մեր 30 տարիներու առաքելութիւնը փորձենք մէկ բառի մէջ խտացնել, այդ բառը ծառայութիւն բառն է։ Առանց ծառայութեան անիմաստ կը դառնային այս 30 տարիները: Ծառայութի՛ւնը եղած է իմ կեանքիս իմաստ, նկարագիր, խորք, բովանդակութիւն, ուղղութիւն ու նպատակ տուողը: 30 տարիները ես ապրեցայ Անթիլիասով ու Անթիլիասի համար՝ մեր Սուրբ Աթոռին համար․․․Արդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եղաւ, է եւ միշտ պիտի ըլլայ հաւատքով կռանուած, կամքով թրծուած եւ տեսլականով շաղախուած ծառայութիւն. ծառայութիւն՝ Աստուծոյ, ծառայութիւն՝ մեր ազգին, ծառայութիւն՝ մեր Հայրենիքին»։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button