ԱրտերկիրԼրահոս

ՊԱՆԿՔՈՔԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Հ.Հ. ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ 24-ԱՄԵԱԿԸ

bangkok1bangkok4

Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 8-ին, Թայլանտի մայրաքաղաք՝ Պանկքոքի մէջ, նշուեցաւ Հայաստանի վերանկախացման 24-ամեակը, տեղւոյն Grand Hyatt Erawan պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ պատուոյ հիւպատոս Տէր եւ Տիկին Արդօ եւ Սիրին Արթինեանի:
Ներկայ էին Թայլանտի թագաւորական պալատի ներկայացուցիչներ, թղթակիցներ, կարգ մը այլ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ եւ շրջանէն բնակութիւն հաստատած հայորդիներ:bangkok2bangkok3
Այս ձեռնարկին համար յատկացուած, յատուկ հիւրասրահը կահաւորուած էր հայրենի լուսանկարներով եւ արուեստի գործերով: Ցուցադրուեցան տոհմիկ տարազներ, գիրքեր եւ այլ հայկական պատրաստութիւններ:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button