ՊԱՅՔԱՐ` ՅԱՆՈՒՆ ԱՐԴԱՐ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 17 Second

Genocide-Memorial (1)  Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք մարդկութեան պատմութեան վրայ, պիտի նշմարենք թէ ան այլ բան չէ, եթէ ոչ անընդմէջ պայքարի ու մաքառումի գործընթաց մը:  Պայքար հայրենի հողի պաշտպանութեան համար, պայքար գաղափարի, պայքար արդարութեան եւ վերջապէս պայքար` յանուն մարդկային իրաւունքներու արդար հատուցման:  Պիտի նշմարենք նաեւ, թէ հոն եթէ յաղթանակ տանողներ կան, անոնք յարատեւողներն ու զարգացում արձանագրողներն են ընդհանրապէս, որոնք իրենց իսկ մէջ կը գտնեն անբասիր աւիւն`  դիմակայելու համար անխոնջ ու հանապազօրեայ կեանքի ու գաղափարի պայքարը: Պայքարի ձգտող անհատին համար անհոգութեան քաղաքականութիւն վարելը ներելի չէ. ոչ ալ ինքնահոսի ձգուած ճակատագիրը` ընդունելի երեւոյթ, այլ խրոխտ ու վճռակամ կեցուածք ցուցաբերելը` հայավայել ճակատաբաց արարք:

Եթէ բազմահազար տարիներու մեր ազգային պատմութեան ընթացքին մենք գոյատեւած ենք` ապա այդ յաջողած ենք շնորհիւ մահ ու կենաց ամենօրեայ պայքարի: Կ՛ընդունինք, որ մեր ազգի վերջին մէկ ու կէս հազարամեակին ընթացքին բարոյա-քաղաքական այլ հանգամանքներու բերումով, մեր ազգային դիմադրողականութիւնը այնքան տկարացաւ, որ հակառակ դիմադրողական հսկայական ճիգերուն, ի վիճակի չէինք պահպանելու  մեր Հայրենիքի ամբողջական սահմանները: Մեզմէ բռնի կերպով խլուեցաւ հայրենի արեւու կիզիչ ճառագայթներուն տակ հասունցած մեր պատմական այգիներն ու անդաստանները եւ ամէն ճիգ ի գործ դրուեցաւ հայ մշակը  իր տոհմերով իսկ ոչնչացնելու:

Հակառակ մեր ազգին նկատմամբ ցուցաբերուած ամենադաժան վերաբերմունքներուն` մենք գիտցանք վերականգնիլ եւ առաւել եւս զօրացած ու հաստատ քայլերով ուղղուեցանք  առաջ: Սակայն մինչ մշակութային, գրական ու արուեստներու բնագաւառներուն մէջ` կը նուաճէինք նորանոր բարձունքներ, անդին ստրկամտութեան հիւծախտը տակաւին բոյն դրած մեր հոգիներուն մէջ չէինք ուզեր ականատեսը ըլլալ նորանոր արշալոյսներուն: Խորհրդային Հայաստանի եօթ տասնամեայ  տարիներուն առթած շքեղութիւնը, արուեստներու, գրականութեան ու դիւանագիտութեան մարզերուն մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները մեզի շնորհած էին միայն ազգային հպարտութիւն, սակայն միշտ ալ կը գտնուէին փաղանգներ, որոնք իրենց կեանքի հաճոյքը կը գտնէին միայն լաւն ու գեղեցիկը քննադատելու արարքներուն մէջ:

Չուշացաւ սակայն պատմականօրէն ու անակնկալօրէն մեզի շնորհուած “երազային“ անկախութիւնը: Թէեւ ան  ձեռք բերուեցաւ  տքնանքով, արեամբ ու ցաւով, անոր  պտուղները եղան նաեւ դառն, բայց անկախութիւնը շարունակեց մնալ քաղցր բոլորին համար: Երկու տասնամեակէ  ի վեր, կը փորձենք բուժել վէրքերը դարաւոր թշնամիին, կը վերականգնենք անոր աւերած գիւղերն ու քաղաքները, կը կառուցենք մեր տներն ու դպրոցները, եւ վերջապէս կը շէնցնենք մեր հայրենի հողը: Այսօր համայն աշխարհին մենք կը բարձրաձայնենք, թէ մեր Հանրապետութիւնը կայացած պետութիւն է` օրէ օր աւելի զարգացող և ժողովրդավար: Այս իրողութեան կամայ թէ ակամայ ականատեսը կը դառնայ ամբողջ աշխարհը: 1991-ին, երբ Արցախի ժողովուրդը իր պատմական որոշումով ընդունեց իր անկախութիւնը, մենք ազգովին մեր խօսքը ըսինք Ատրպէյճանին , որ հայ ժողովուրդին հետ միայն արիաբար կարելի է խօսիլ: Մենք համայն աշխարհին յայտնեցինք, թէ հակառակ որ մենք խաղաղասէր ժողովուրդ էինք, սակայն նաեւ պատրաստ էինք արիաբար կռուելու յանուն հայրենի հողին:

Անկախութեան հրապոյրն ու խանդավառութիւնը տարբեր երանգ ստացած էր Սփիւռքի տարածքին: “Իւթոբիա“ մըն էր ան մեզի համար. անհաս երազ մը, որ օրէ օր կը փայփայուէր ուսուցիչ-աշակերտ փոխյարաբերութեան մէջ: Մեզի համար ահաւոր էր այն երեւոյթը, որ յետ անկախութեան տարիները եկան ապացուցելու, թէ ազատութեան ճանապարհներուն նորանոր փորձութիւններ կը սպասէին մեզի : Թէեւ մենք հակահայ մարդասպաններուն նկատմամբ կեցուածք կը ցուցաբերէինք, սակայն թշնամին կը շարունակէր իրագործել իր յստակ հայատեաց քաղաքականութիւնը` բնաջնջելու հայութիւնը առնուազն Արցախի տարածքին բռնագաղթեցնելով արցախահայութիւնը, իսկ Հայաստանի տարածքին` ներքին, սակայն “եղբայրասպանութեան“ պիտակին տակ ոճիրներ գործելով:

Մեծ ցասումով կը վերյիշեմ այն օրը երբ միջազգային լրատուամիջոցներ որպէս գլխաւոր լուր կը հեռարձակէին 27 ÐáÏï»Ùµ»ñ 1999ÇÝ, ÿ г۳ëï³ÝÇ Ð³Ýñ³å»ïáõû³Ý  ²½·³ÛÇÝ ÄáÕáíÁ óï»ñ³µ»Ù ¹³ñÓáõó³Í ¿ÇÝ ù³Õ³ù³Ï³Ý ³ñÇõݳÉÇ Ñ³ßáõ»Û³ñ¹³ñÇ ÙÁ: ²ÝÝ»ñ»ÉÇ á×Çñ ÙÁ, áñáõÝ ¹³Å³ÝáõÃÇõÝÁ ³ß³Ï»ñïÝ»ñáõÝ å³ïÙ»Éáõ áõ Ý»ñϳ۳óÝ»Éáõ ѳٳñ ß³ï ïϳñ ÏÁ Ãáõ¿ÇÝ ÁÉÉ³É áõÅ»ñë: ò³ëáõ±Ù, ³÷ëáë³±Ýù, ³ÙûÃ˳ÍáõÃÇõ±Ý ÿ ³ÝÇÍ»É å¿ïù ¿ñ ³ÝϳËáõû³Ý ·³Õ³÷³ñÁ ëï»ÕÍáÕին:  Նայիրի Յունանեան անուն ոճրագործի մը գլխաւորութեամբ արձակազէն մարդասպաններ խուժած էին դահլիճ եւ օր ցերեկով, Հայաստանի Գ. անկախութեան ռահվիրաները գլխատման ենթարկելու ծանրագոյն ոճիրը գործած:
Միջազգային հանրային կարծիքի եւ յատկապէս բովանդակ հայութեան զարհուրած աչքերուն առջեւ գործուած եղբայրասպան արիւնահեղութիւնը խլած էր կեանքը մարտավարական ու դիւանագիտական ակնյայտ եօթ անհատներու, յատկապէս օրուան վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Տէմիրճեանի: Այնուհետեւ, ոչ միայն մեծ կորուստ կրեցին Հայաստանն ու  համայն հայութիւնը, այլեւ ծանրօրէն վարկաբեկուեցան վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նորահաստատ ժողովրդավարութիւնն ու հայոց պետականութիւնը: Սփիւռքի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր հայ կը սպասէր, որ շուտով երեւան գար  այս ոճիրին ետին կանգնողները: Յետայսու, ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուն տակաւին ցասումով կը յիշենք  ոչ միայն ոճրային այդ ահաւոր երեւոյթը, այլեւ կը դատապարտենք այն “լռութեան“ քաղաքականութիւնը որ ցարդ կը շարունակուի հայրենի իրականութենէն ներս:

Նման տխուր իրադարձութիւններ աչքիս առաջ ուրուագծուեցան  յատկապէս երբ օրեր առաջ “Պոսթըն Մարաթոն“ի վերջագիծին ականուած ռումբի մը հետեւանքով զոհ գացին չորս մարդ էակներ ու 180 ծանր վիրաւորներ: Ահաւոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ համարեա ամբողջ քաղաքին մէջ եւ պետական այրերէն մինչեւ ամենակրտսեր անհատը կ՛ուզէր իր լուման բերել յայտնաբերելու համար իր երկրին մէջ նման ոճրային երեւոյթ ստեղծողները: Ամէնուրեք շրջափակման ահազանգ հնչեցուած էր, ոչ ոքի արտօնուած էր իր տունէն դուրս գալ, զինուորական, մարտական ու դիւանագիտական բոլոր բջիջները խուռներամ բազմութեամբ լեցուած էին փողոցներուն մէջ որոնման ու խուզարկման աշխատանքներ տանելու համար: Ես ալ պարտաւոր էի տուն մնալով հետեւելու շրջանային ու թաղային այն իրադարձութիւններուն, որոնց ականատեսը կը դառնայի ակամայ: Քաղաք մը` իր ամբողջական տարողութեամբ զգաստ վիճակի մէջ էր յայտնաբերելու համար 19 տարեկան ոճրագործ մը, որ մահ սփռած էր իր հողին վրայ:

Յուզումով եւ ինչու չէ, -նա՛եւ նախանձով կը հետեւէի տեղւոյն իրադարձութիւններուն: Ակամայ կը մտաբերէի իմ ազգիս ու հայրենիքիս հետ առընչուող երեւոյթներուն մասին: Բնականաբար ցասումով կը լեցուէի…: Ռաֆայէլ Լեմքին երբ իր հանրայայտ “ցեղասպանութիւն“ եզրին մասին գիտական մօտեցումները յայտնաբերեց, ան յայտնեց նաեւ որ եթէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործողները պատժուէին` Բ. Համաշխարհային պատերազմին ոչ ոք պիտի համարձակէր իրագործել հրէական “հոլոքոսթ“ը: Միթէ իմ հայու իրաւունքս չէ նաեւ մտածել, որ եթէ հայրենիքիս մէջ 27 Հոկտեմբեր 1999ին պատահածը իր արդար պատիժին արժանանար, կամ թէկուզ ձեւականօրէն մի քանի ժամ Ազգային Ժողովի շրջափակն ու տարածքը շրջապատելով, ոճրագործները բռնելու փորձ մը կատարուէր, ապա վստահաբար յաջորդող մարդասպանութիւնները պիտի չպատահէին,  մանաւա՛նդ Մարտ 1, 2008ի ամօթալի խռովութեանց խուժանային երեւոյթները պիտի չի պարզուէին, Հ.Հ. նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի դէմ մահափորձ պիտի չի կատարուէր,

Գիւմրիի մէջ 28-ամեայ երիտասարդը ծեծի պիտի չենթարկեր շտապօգնութեան 65-ամեայ բժշկին, որ եկած էր փրկելու իր հայրը, “Հարսնաքար“ ճաշարանին մէջ տեղի պիտի չունենար բանակի գլխաւոր բժիշկ` Աւետեանի եւ իր բժիշկ ընկերներուն դէմ գործադրուած բրտութիւնը, եւ վերջապէս այս բոլոր երեւոյթներուն առաջքը յաւուր պատշաճի եթէ առնուէր… անկասկած որ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան նման տարողութեամբ հանրահաւաքներ պիտի չյանդգնէր կազմակերպել, Հայրենի մայրաքաղաքիս անդորրը պիտի չթունաւորէր ու ինքզինք երկրորդ նախագահ մը պիտի չհռչակեր:

Պոսթընի շրջափակման վերացման յայտարարութենէն անմիջապէս ետք երբ տեղն ու տեղին յաջողապէս կալանքի տակ առնուեցաւ չէչէն ծագումով ամերիկացին, լրատուական բոլոր միջոցառումները յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան. “Մարդասպանութիւնը վերջ գտաւ, ոճրագործը կալանաւորուեցաւ, իսկ արդարութիւնը հատուցուեցաւ“: Ժողովուրդը հոծ բազմութեամբ փողոցներուն մէջ ծափահարութիւններով, ուրախութիւններով ու աղաղակներով ողջունեց իր հերոս զինծառայողներն ու պետական մարզի պատկանող անհամար պատասխանատուները, որոնք 20 ժամէ ի վեր Ուոթըրթաունի պողոտաներուն մէջ էին, տուն առ տուն խուզարկութեան կ՛ենթարկէին: Յուզումի եւ հրճուանքի տարօրինակ զգացումներ կլանած էին ներաշխարհս ի տես մարդկային արդարութեան: Յայտնաբերուած էր ոճրագործ մը, որ խլած էր չորս մարդկային անմեղ հոգիներ…: Իսկ ես ակամայ կը մտածէի. ու՞ր էր ի՛մ ազգային արդարութիւնս: Ինչո՞ւ համար ինձմէ պիտի զլացուէր  ունենալ ազգային այն հպարտութիւնը, որ ի՛մ երկրիս մէջ, ի՛մ հայրենի հողիս վրայ եւս գործադրուէին ճիգեր յանուն մարդկային  արդարութեան: Չէ՞ որ ես մէկ մասնիկն եմ իմ հայրենիքիս, չէ՞ որ ես հաւատաւոր ջատագովն եմ իմ հայրենի հանրապետութեանս ու Մայր եկեղեցիիս: Իմ արդար իրաւունքս պիտի համարէի յաւերժ փայփայել հոգիիս մէջ  միայն ազգային հպարտութիւն առթող հայրենական երեւոյթները, որոնք յարգանք կը պարտադրեն որեւէ ազգէ, պետութենէ նոյնիսկ դարաւոր թշնամիէն:

*

Կը հաւատա՛մ, որ հայոց դարաւոր երթը պիտի շարունակուի իր պատմական նորանոր երեւոյթներով: Կը գիտակցիմ նաեւ, որ նորանկախ Հայրենիքի մը համար այս հանգրուանը  բարդ շրջափուլ է, ու դեռ պիտի բացուին նոր արշալոյսներ: Ժամանակակից աշխարհի գրեթէ բոլոր նորանկախ երկիրները, բնականաբար պիտի դիմակայեն նման  մարտահրաւէրներ: Անկախութեան շնորհած պտուղները կ՛ընդունինք, որ երբեմն դառն են, երբեմն ալ` հաճելի: Սակայն կը հաւատանք նաեւ, որ միասնական անշահախնդիր ջանքերով ազգովին կրնանք ամուր հիմքերու վրայ դնել մեր պետութիւնը` Հայոց հայրենիքը եւ միասնաբար` Սփիւռքով ու հայրենիքով գալիք սերունդներուն փոխանցենք  նոր յաղթանակներու աւետիսը:

Պայծիկ Գալայճեան

Պոսթըն

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles