Լրահոս

Պայծառակերպութեան Տօնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մէջ

 

 

Կիրակի, Յուլիս 27-ին,  Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնի առիթով, Էջմիածինի Մայր Տաճարին մէջ , Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Գերաշնորհ Տէր Արշակ Արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը։

Իր պատգամին մէջ, Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց ներկաներուն Տիրոջ Պայծառակերպութեան խորհուրդով մաքրել իրենց միտքերն ու խորհուրդները, ցրել մշուշը հորիզոնէն, հեռացնել գերեզմանի քարը, որ կեանքի ճամբան կը փակէ, եւ բանալ հարութեան դռները, որպէսզի վեր հառնի մեր կեանքին մէջ յաղթանակի եւ վերածննդի ոգին։

Advertisement Subscribe Today

«Թող արեւները լուսաւորեն մեր համազգային կեանքին մութ անկիւնները, թող պատերազմներու կորուստներէն ու ցաւերէն բեկուած մեր ժողովուրդը զօրանայ հոյսով եւ հաւատքով։ Թող արժանապատուութիւնն ու պատուախնդրութիւնը ոռոգեն մեր յաղթական ճամբան, եւ թող Տիրոջ արդար ձեռքը ծանրանայ անոնց վրայ, որոնք կը պայքարին Աստուծոյ եւ Իր Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ։ Թող ծանրանայ անոնց վրայ, որոնք կը հարուածեն Հայոց Պետութեան հիմքերը եւ կը փորձեն ոչնչացնել հայութեան ինքնութիւնը։ Թող անոնց դաժան վախճանը դառնայ նախազգուշացում ապագայ սերունդներուն, որպէսզի այլեւս ոչ ոք չհանդգնի խաւարի գործերով կործանել այն, ինչ Աստուած Ինք օրհնած է», ընդգծեց Սրբազան Հայրը՝ մաղթելով, որ պայծառակերպուած Յիսուսի լոյսով խաղաղ մնայ Հայոց աշխարհը, անյաղթահարելի՝ Հայոց Պետութիւնը, եւ անսասան՝ Հայոց Եկեղեցին:

Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հայաստանէ եւ Սփիւռքէ թեմերու առաջնորդներ, Մայր Աթոռի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ եւ միաբաններ, բարերարներ, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսական դամբարանի եւ մոմավառութեան աղօթասրահի բացման առիթով Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր ու ուխտաւորներ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button