ՊԱՅ­ՔԱՐ` ՅԱ­ՆՈՒՆ ԱՐ­ԴԱՐ ՀԱ­ՏՈՒՑ­ՄԱՆ

0 0
Read Time:14 Minute, 13 Second

p1b  ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

 

Եթէ յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը նե­տենք մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան վրայ, պի­տի նշմա­րենք թէ ան այլ բան չէ, եթէ ոչ անընդ­մէջ պայ­քա­րի ու մա­քա­ռու­մի գոր­ծըն­թաց մը:  Պայ­քար հայ­րե­նի հո­ղի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար, պայ­քար գա­ղա­փա­րի, պայ­քար ար­դա­րու­թեան եւ վեր­ջա­պէս պայ­քար` յա­նուն մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու ար­դար հա­տուց­ման: Պի­տի նշմա­րենք նա­եւ, թէ հոն եթէ յաղ­թա­նակ տա­նող­ներ կան, անոնք յա­րա­տե­ւող­ներն ու զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րող­ներն են ընդ­հան­րա­պէս, որոնք իրենց իսկ մէջ կը գտնեն ան­բա­սիր աւիւն`  դի­մա­կա­յե­լու հա­մար ան­խոնջ ու հա­նա­պա­զօր­եայ կեան­քի ու գա­ղա­փա­րի պայ­քա­րը: Պայ­քա­րի ձգտող ան­հա­տին հա­մար ան­հո­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րե­լը նե­րե­լի չէ. ոչ ալ ինք­նա­հո­սի ձգուած ճա­կա­տա­գի­րը` ըն­դու­նե­լի երե­ւոյթ, այլ խրոխտ ու վճռա­կամ կեց­ուածք ցու­ցա­բե­րե­լը` հա­յա­վա­յել ճա­կա­տա­բաց արարք:

Եթէ բազ­մա­հա­զար տա­րի­նե­րու մեր ազ­գա­յին պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին մենք գո­յա­տե­ւած ենք` ապա այդ յա­ջո­ղած ենք շնոր­հիւ մահ ու կե­նաց ամե­նօր­եայ պայ­քա­րի: Կ՛ըն­դու­նինք, որ մեր ազ­գի վեր­ջին մէկ ու կէս հա­զա­րամ­եա­կին ըն­թաց­քին բա­րո­յա-քա­ղա­քա­կան այլ հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով, մեր ազ­գա­յին դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւնը այն­քան տկա­րա­ցաւ, որ հա­կա­ռակ դի­մադ­րո­ղա­կան հսկա­յա­կան ճի­գե­րուն, ի վի­ճա­կի չէ­ինք պահ­պա­նե­լու  մեր Հայ­րե­նի­քի ամ­բող­ջա­կան սահ­ման­նե­րը: Մեզ­մէ բռնի կեր­պով խլուե­ցաւ հայ­րե­նի արե­ւու կի­զիչ ճա­ռա­գայթ­նե­րուն տակ հա­սուն­ցած մեր պատ­մա­կան այ­գի­ներն ու ան­դաս­տան­նե­րը եւ ամէն ճիգ ի գործ դրուե­ցաւ հայ մշա­կը  իր տոհ­մե­րով իսկ ոչն­չաց­նե­լու:

Հա­կա­ռակ մեր ազ­գին նկատ­մամբ ցու­ցա­բեր­ուած ամե­նա­դա­ժան վե­րա­բեր­մունք­նե­րուն` մենք գիտ­ցանք վե­րա­կանգ­նիլ եւ առա­ւել եւս զօ­րա­ցած ու հաս­տատ քայ­լե­րով ուղղ­ուե­ցանք  առաջ: Սա­կայն մինչ մշա­կու­թա­յին, գրա­կան ու ար­ուեստ­նե­րու բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ‘ կը նուա­ճէ­ինք նո­րա­նոր բար­ձունք­ներ, ան­դին ստրկամ­տու­թեան հիւ­ծախ­տը տա­կա­ւին բոյն դրած մեր հո­գի­նե­րուն մէջ չէ­ինք ու­զեր ակա­նա­տե­սը ըլ­լալ նո­րա­նոր ար­շա­լոյս­նե­րուն: Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի եօթ տաս­նամ­եայ  տա­րի­նե­րուն առ­թած շքե­ղու­թիւնը, ար­ուեստ­նե­րու, գրա­կա­նու­թեան ու դիւա­նա­գի­տու­թեան մար­զե­րուն մէջ ար­ձա­նագր­ուած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը մե­զի շնոր­հած էին միայն ազ­գա­յին հպար­տու­թիւն, սա­կայն միշտ ալ կը գտնուէ­ին փա­ղանգ­ներ, որոնք իրենց կեան­քի հա­ճոյ­քը կը գտնէ­ին միայն լաւն ու գե­ղե­ցի­կը քննա­դա­տե­լու արարք­նե­րուն մէջ:

Չու­շա­ցաւ սա­կայն պատ­մա­կա­նօ­րէն ու անակն­կա­լօ­րէն մե­զի շնորհ­ուած “երա­զա­յին“ ան­կա­խու­թիւնը: Թէ­եւ ան  ձեռք բեր­ուե­ցաւ  տքնան­քով, ար­եամբ ու ցա­ւով, անոր  պտուղ­նե­րը եղան նա­եւ դառն, բայց ան­կա­խու­թիւնը շա­րու­նա­կեց մնալ քաղցր բո­լո­րին հա­մար: Եր­կու տաս­նամ­եա­կէ  ի վեր, կը փոր­ձենք բու­ժել վէր­քե­րը դա­րա­ւոր թշնամի­ին, կը վե­րա­կանգ­նենք անոր աւե­րած գիւ­ղերն ու քա­ղաք­նե­րը, կը կա­ռու­ցենք մեր տներն ու դպրոց­նե­րը, եւ վեր­ջա­պէս կը շէնց­նենք մեր հայ­րե­նի հո­ղը: Այ­սօր հա­մայն աշ­խար­հին մենք կը բարձ­րա­ձայ­նենք, թէ մեր Հան­րա­պե­տու­թիւնը կա­յա­ցած պե­տու­թիւն է` օրէ օր աւե­լի զար­գա­ցող և ժո­ղովր­դա­վար: Այս իրո­ղու­թեան կա­մայ թէ ակա­մայ ակա­նա­տե­սը կը դառ­նայ ամ­բողջ աշ­խար­հը: 1991-ին, երբ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը իր պատ­մա­կան որո­շու­մով ըն­դու­նեց իր ան­կա­խու­թիւնը, մենք ազ­գո­վին մեր խօս­քը ըսինք Ատր­պէյ­ճա­նին , որ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ միայն ար­ի­ա­բար կա­րե­լի է խօ­սիլ: Մենք հա­մայն աշ­խար­հին յայտ­նե­ցինք, թէ հա­կա­ռակ որ մենք խա­ղա­ղա­սէր ժո­ղո­վուրդ էինք, սա­կայն նա­եւ պատ­րաստ էինք ար­ի­ա­բար կռուե­լու յա­նուն հայ­րե­նի հո­ղին:

Ան­կա­խու­թեան հրա­պոյրն ու խան­դա­վա­ռու­թիւնը տար­բեր երանգ ստա­ցած էր Սփիւռ­քի տա­րած­քին: “Իւ­թոբ­իա“ մըն էր ան մե­զի հա­մար. ան­հաս երազ մը, որ օրէ օր կը փայ­փայ­ուէր ու­սու­ցիչ-աշա­կերտ փոխ­-յա­րա­բե­րու­թեան մէջ: Մե­զի հա­մար ահա­ւոր էր այն երե­ւոյ­թը, որ յետ ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րը եկան ապա­ցու­ցե­լու, թէ ազա­տու­թեան ճա­նա­պարհ­նե­րուն նո­րա­նոր փոր­ձու­թիւն­ներ կը սպա­սէ­ին մե­զի: Թէ­եւ մենք հա­կա­հայ մար­դաս­պան­նե­րուն նկատ­մամբ կեց­ուածք կը ցու­ցա­բե­րէ­ինք, սա­կայն թշնա­մին կը շա­րու­նա­կէր իրա­գոր­ծել իր յստակ հա­յատ­եաց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը` բնաջն­ջե­լու հա­յու­թիւնը առն­ուազն Ար­ցա­խի տա­րած­քին բռնա­գաղ­թեց­նե­լով ար­ցա­խա­հա­յու­թիւնը, իսկ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին` ներ­քին, սա­կայն “եղ­բայ­րաս­պա­նու­թեան“ պի­տա­կին տակ ոճիր­ներ գոր­ծե­լով:

Մեծ ցա­սու­մով կը վեր­յի­շեմ այն օրը երբ մի­ջազ­գա­յին լրատ­ուա­մի­ջոց­ներ, որ­պէս գլխա­ւոր լուր կը հե­ռար­ձա­կէ­ին 27 Հոկտեմբեր 1999-ին, թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը թա­տե­րա­բեմ դա­րու­ցած էին քա­ղա­քա­կան արիւ­նա­լի հաշ­ուե­յար­դա­րի մը: Ան­նե­րե­լի ոճիր մը, որուն դա­ժա­նու­թիւնը աշա­կերտ­նե­րուն պատ­մե­լու եւ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար շատ տկար կը թուէ­ին ըլ­լալ ու­ժերս: Ցա­սո՞ւմ, ափ­սո­սա՞նք, ամօթ­խա­ծու­թի՞ւն թէ անի­ծել պէտք էր ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րը ստեղ­ծո­ղին: Նա­յի­րի Յու­նան­եան անուն ոճ­րա­գոր­ծի մը գլխա­ւո­րու­թեամբ ար­ձա­կա­զէն մար­դաս­պան­ներ խու­ժած էին դահ­լիճ եւ օր ցե­րե­կով, Հա­յաս­տա­նի Գ. ան­կա­խու­թեան ռահ­վի­րա­նե­րը գլխատ­ման են­թար­կե­լու ծան­րա­գոյն ոճի­րը գոր­ծած:

Մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քի եւ յատ­կա­պէս բո­վան­դակ հա­յու­թեան զար­հու­րած աչ­քե­րուն առ­ջեւ գործ­ուած եղ­բայ­րաս­պան արիւ­նա­հե­ղու­թիւնը խլած էր կեան­քը մար­տա­վա­րա­կան ու դիւա­նա­գի­տա­կան ակն­յայտ եօթ ան­հատ­նե­րու, յատ­կա­պէս օր­ուան վար­չա­պետ Վազ­գէն Սարգս­եա­նի եւ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Կա­րէն Դէ­միրճ­եա­նի: Այ­նու­հե­տեւ, ոչ միայն մեծ կո­րուստ կրե­ցին Հա­յաս­տանն ու  հա­մայն հա­յու­թիւնը, այ­լեւ ծան­րօ­րէն վար­կա­բեկ­ուե­ցան վե­րան­կա­խաց­եալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րա­հաս­տատ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնն ու հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւնը: Սփիւռ­քի տա­րած­քին գտնուող իւ­րա­քան­չիւր հայ կը սպա­սէր, որ շու­տով երե­ւան գար  այս ոճի­րին ետին կանգ­նող­նե­րը: Յե­տայ­նու, ամէն տա­րի Հոկ­տեմ­բեր ամ­սուն տա­կա­ւին ցա­սու­մով կը յի­շենք  ոչ միայն ոճ­րա­յին այդ ահա­ւոր երե­ւոյ­թը, այ­լեւ կը դա­տա­պար­տենք այն “լռու­թեան“ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը որ ցարդ կը շա­րու­նակ­ուի հայ­րե­նի իրա­կա­նու­թե­նէն ներս:

Նման տխուր իրա­դար­ձու­թիւն­ներ աչ­քիս առաջ ուր­ուագծ­ուե­ցան  յատ­կա­պէս երբ օրեր առաջ “Պոս­թըն Մա­րա­թոն“ի վեր­ջա­գի­ծին ական­ուած ռում­բի մը հե­տե­ւան­քով զոհ գա­ցին չորս մարդ էակ­ներ ու 180 ծանր վի­րա­ւոր­ներ: Ահա­ւոր մթնո­լորտ ստեղծ­ուե­ցաւ հա­մար­եայ ամ­բողջ քա­ղա­քին մէջ եւ պե­տա­կան այ­րե­րէն մին­չեւ ամե­նակրտ­սեր ան­հա­տը կ՛ու­զէր իր լու­ման բե­րել յայտ­նա­բե­րե­լու հա­մար իր երկ­րին մէջ նման ոճ­րա­յին երե­ւոյթ ստեղ­ծող­նե­րը: Ամէ­նու­րէք շրջա­փակ­ման ահա­զանգ հնչեց­ուած էր, ոչ ոքի ար­տօն­ուած էր իր տու­նէն դուրս գալ, զի­նուո­րա­կան, մար­տա­կան ու դիւա­նա­գի­տա­կան բո­լոր բջիջ­նե­րը խուռ­նե­րամ բազ­մու­թեամբ լեց­ուած էին փո­ղոց­նե­րուն մէջ որոն­ման ու խու­զարկ­ման աշ­խա­տանք­ներ տա­նե­լու հա­մար: Ես ալ պար­տա­ւոր էի տուն մնա­լով հե­տե­ւե­լու շրջա­նա­յին ու թա­ղա­յին այն իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, որոնց ակա­նա­տե­սը կը դառ­նա­յի ակա­մայ: Քա­ղաք մը` իր ամ­բող­ջա­կան տա­րո­ղու­թեամբ զգաստ վի­ճա­կի մէջ էր յայտ­նա­բե­րե­լու հա­մար 19 տա­րե­կան ոճ­րա­գործ մը, որ մահ սփռած էր իր հո­ղին վրայ:

Յու­զու­մով եւ ին­չու չէ, -նա­՛եւ նա­խան­ձով կը հե­տե­ւէի տեղ­ւոյն իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն: Ակա­մայ կը մտա­բե­րէի իմ ազ­գիս ու հայ­րե­նի­քիս հետ առըն­չուող երե­ւոյթ­նե­րուն մա­սին: Բնա­կա­նա­բար ցա­սու­մով կը լեց­ուէի…: Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քին երբ իր հան­րա­յայտ “ցե­ղաս­պա­նու­թիւն“ եզ­րին մա­սին գի­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը յայտ­նա­բե­րեց, ան յայտ­նեց նա­եւ որ եթէ Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը իրա­գոր­ծող­նե­րը պատժ­ուէ­ին` Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին ոչ ոք պի­տի հա­մար­ձա­կէր իրա­գոր­ծել հրէ­ա­կան “հո­լո­քոստ“ը: Մի­թէ իմ հա­յու իրա­ւունքս չէ նա­եւ մտա­ծել, որ եթէ հայ­րե­նի­քիս մէջ Հոկ­տեմ­բեր 27, 1999-ին պա­տա­հա­ծը իր ար­դար պա­տի­ժին ար­ժա­նա­նար, կամ թէ­կուզ ձե­ւա­կա­նօ­րէն մի քա­նի ժամ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի շրջա­փակն ու տա­րած­քը շրջա­պա­տե­լով, ոճ­րա­գործ­նե­րը բռնե­լու փորձ մը կա­տար­ուէր, ապա վստա­հա­բար յա­ջոր­դող մար­դաս­պա­նու­թիւն­նե­րը պի­տի չպա­տա­հէ­ին,  մա­նա­ւա՛նդ Մարտ 1, 2008-ի ամօ­թա­լի խռո­վու­թեանց խու­ժա­նա­յին երե­ւոյթ­նե­րը պի­տի չպարզ­ուէ­ին, Հ.Հ. նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու Պա­րոյր Հայ­րիկ­եա­նի դէմ մա­հա­փորձ պի­տի չկա­տար­ուէր:

Գիւմրիի մէջ 28-ամ­եայ երի­տա­սար­դը ծե­ծի պի­տի չեն­թար­կեր շտա­պ օգ­նու­թեան 65-ամ­եայ բժշկին, որ եկած էր փրկե­լու իր հայ­րը, “Հարս­նա­քար“ ճա­շա­րա­նին մէջ տե­ղի պի­տի չու­նե­նար բա­նա­կի գլխա­ւոր բժիշկ` Աւետ­եա­նի եւ իր բժիշկ ըն­կեր­նե­րուն դէմ գոր­ծադր­ուած բրտու­թիւնը, եւ վեր­ջա­պէս այս բո­լոր երե­ւոյթ­նե­րուն առաջ­քը յա­ւուր պատ­շա­ճի եթէ առն­ուէր… ան­կաս­կած որ Ռաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան նման տա­րո­ղու­թեամբ հան­րա­հա­ւաք­ներ պի­տի չյանդգ­նէր կազ­մա­կեր­պել, Հայ­րե­նի մայ­րա­քա­ղա­քիս ան­դոր­րը պի­տի չթու­նա­ւո­րէր ու ինք­զինք երկ­րորդ նա­խա­գահ մը պի­տի չհռչա­կեր:

Պոսթընի շրջա­փակ­ման վե­րաց­ման յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք երբ տեղն ու տե­ղին յա­ջո­ղա­պէս կա­լան­քի տակ առն­ուե­ցաւ չէ­չէն ծա­գու­մով ամե­րի­կա­ցին, լրատ­ուա­կան բո­լոր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս եկան.Մար­դաս­պա­նու­թիւնը վերջ գտաւ, ոճ­րա­գոր­ծը կա­լա­նա­ւոր­ուե­ցաւ, իսկ ար­դա­րու­թիւնը հա­տուց­ուե­ցաւ: Ժո­ղո­վուր­դը հոծ բազ­մու­թեամբ փո­ղոց­նե­րուն մէջ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով, ու­րա­խու­թիւն­նե­րով ու աղա­ղակ­նե­րով ող­ջու­նեց իր հե­րոս զին­ծա­ռա­յող­ներն ու պե­տա­կան մար­զի պատ­կա­նող ան­հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, որոնք 20 ժա­մէ ի վեր Ուո­թըր­թաու­նի պո­ղո­տա­նե­րուն մէջ էին, տուն առ տուն խու­զար­կու­թեան կ՛են­թար­կէ­ին: Յու­զու­մի եւ հրճուան­քի տա­րօ­րի­նակ զգա­ցում­ներ կլա­նած էին նե­րաշ­խարհս ի տես մարդ­կա­յին ար­դա­րու­թեան: Յայտ­նա­բեր­ուած էր ոճ­րա­գործ մը, որ խլած էր չորս մարդ­կա­յին ան­մեղ հո­գի­ներ…: Իսկ ես ակա­մայ կը մտա­ծէի. ու՞ր էր ի՛մ ազ­գա­յին ար­դա­րու­թիւնս: Ին­չո՞ւ հա­մար ինձ­մէ պի­տի զլաց­ուէր  ու­նե­նալ ազ­գա­յին այն հպար­տու­թիւնը, որ ի՛մ երկ­րիս մէջ, ի՛մ հայ­րե­նի հո­ղիս վրայ եւս գոր­ծադր­ուէ­ին ճի­գեր յա­նուն մարդ­կա­յին  ար­դա­րու­թեան: Չէ՞ որ ես մէկ մաս­նիկն եմ իմ հայ­րե­նի­քիս, չէ՞ որ ես հա­ւա­տա­ւոր ջա­տա­գովն եմ իմ հայ­րե­նի հան­րա­պե­տու­թեանս ու Մայր եկե­ղեցի­իս: Իմ ար­դար իրա­ւունքս պի­տի հա­մա­րէի յա­ւերժ փայ­փա­յել հոգի­իս մէջ  միայն ազ­գա­յին հպար­տու­թիւն առ­թող հայ­րե­նա­կան երե­ւոյթ­նե­րը, որոնք յար­գանք կը պար­տադ­րեն որե­ւէ ազ­գէ, պե­տու­թե­նէ նոյ­նիսկ դա­րա­ւոր թշնամի­էն:

***

 

Կը հա­ւա­տա՛մ, որ հա­յոց դա­րա­ւոր եր­թը պի­տի շա­րու­նակ­ուի իր պատ­մա­կան նո­րա­նոր երե­ւոյթ­նե­րով: Կը գի­տակ­ցիմ նա­եւ, որ նո­րան­կախ Հայ­րե­նի­քի մը հա­մար այս հանգր­ուա­նը  բարդ շրջա­փուլ է, ու դեռ պի­տի բաց­ուին նոր ար­շա­լոյս­ներ: Ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հի գրե­թէ բո­լոր նո­րան­կախ եր­կիր­նե­րը, բնա­կա­նա­բար պի­տի դի­մա­կա­յեն նման  մար­տահ­րա­ւէր­ներ: Ան­կա­խու­թեան շնոր­հած պտուղ­նե­րը կ՛ըն­դու­նինք, որ եր­բեմն դառն են, եր­բեմն ալ` հա­ճե­լի: Սա­կայն կը հա­ւա­տանք նա­եւ, որ մի­աս­նա­կան ան­շա­հախն­դիր ջան­քե­րով ազ­գո­վին կրնանք ամուր հիմ­քե­րու վրայ դնել մեր պե­տու­թիւնը` Հա­յոց հայ­րե­նի­քը եւ մի­աս­նա­բար` Սփիւռ­քով ու հայ­րե­նի­քով գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցենք  նոր յաղ­թա­նակ­նե­րու աւե­տի­սը:

Պոս­թըն

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles