ԳլխաւորԽմբագրականՅօդուածներ

ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

khemp

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Advertisement Subscribe Today

Մարտ 16, 2015

Ոչ թէ միայն հայորդիին համար Մարտ 13-էն 15 երկարող շաբաթավերջը անկիւնադարձային էր, այլ նաեւ յաչս արդարութեան, համերաշխութեան եւ պահանջատիրութեան համար պայքարող զանգուածին համար:
Վերոյիշեալ բացատրողականն ու հաստատումը կը վերաբերի Նիւ Եորքի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ, այդ թուականներուն կազմակերպուած գիտաժողովին:
Շատ բան կարելի է մրոտել այս գերհետաքրքրական գիտաժողովին մասին, որ իր զանազան նիստերով կը քննէր ու կը քննարկէր բազմաթիւ յետԵղեռնեան մտորումներ ու մտահոգութիւններ:
Այս ժողովը առիթ ընծայեց որ մասնակցողը վերատեսութեան ենթարկէ պահանջատիրութեան ըմբռնումն ու սահմանումը, որոնք միշտ ալ մնացած են ընդհանրութեան սահմաններէն ներս եւ կարիքն ունին յաւելեալ պեղումներու:
Յստակ է թէ, երբեք լուսանցքի տակ չառնելով եւ չանտեսելով ճանաչման գծով կատարուող աշխատանքները, ժամանակը հասած է գէթ ճանաչումէն անդին աշխատանքն ու գործընթացը ուղղելու դէպի հատուցում:
Խիստ յիշատակելի էին թէ՛ ռազմավարական եւ թէ՛ մարտավարական մօտեցումները, որոնք իրենց իւրայատուկ մտածելակերպով ու գործելակերպով, կարելի է գերադասել եւ նկատել խիստ այժմէական եւ հրամայական:
Այս գծով, արդէն իսկ Հայ Դատի մարմինները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ հայոց եկեղեցին հետեւողական աշխատանք կը կատարեն գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ արդար իրաւունքները օտարներուն ծանօթացնելու իմաստով: Անցնող շաբաթավերջն ալ այդ «մարաթոն» օրերէն մէկն էր:
Բանախօսները բազմիցս կրկնեցին թէ անհրաժեշտ է քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական, իրաւական եւ նոյնիսկ արուեստ-մշակոյթի բնագաւառներէն ներս սերտ առնչութիւն ու գործակցութիւն ստեղծել եւ անշուշտ ամենայն ներդաշնակութեամբ:
Ի վերջոյ, անոնք իրար ամբողջացնող ազդակներ են: Հակառակ զանազան կարծիքներու եւ մօտեցումներու, պահանջատիրութիւնը մէ՛կ է եւ այդ իւրայատուկ մէկութիւնն ու միակամութիւնն է որ տեղին է թէ ներկայի եւ յառաջիկայի գործընթացներուն մէջ կարեւորութեամբ ու բծախնդրութեամբ շեշտուի: Բնականաբար, նմանօրինակ գործելակերպ իր ազդեցիկ արդիւնքը կ՛ունենայ ազգային պահանջատիրութեան աշխատանքներուն վրայ:
Ցայսօր պահանջատիրութեան աշխատանքը առաւելաբար քարոզչական, քաղաքական ու դիւանագիտական բնոյթ ունի: Նոր սկսած են իրաւական բնագաւառէն ներս, քայլեր առնուիլ:
Հուսկ, աննահանջելի մէկ բան տեղին է կրկնել, թէ նահատակներուն կտակը նուիրական է: Հետեւաբար, երբեք կարելի չէ անտարբեր ու ձեռնածալ մնալ:
Երկա՜ր է պահանջատիրութեան ճամբան, որքան ալ դժուար ու երկար ըլլայ…եւ դեռ աւելին, հայորդին պարտաւոր է քալելու այդ փշոտ, քարքարոտ ու վերջապէս լուսաւոր ճամբէն:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button