ՉՈՐՍ ՄԻԼԻՈՆԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ…

0 0
Read Time:2 Minute, 12 Second

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան լոյս ընծայած վիճակագրական պատկերը ցոյց կու տայ, որ աշխարհի բնակչութիւնը 2100-ին պիտի գերազանցէ 11 միլիառը: Զարմանալի չէ նաեւ այն ակնկալութիւնը, որ ափրիկեան ցամաքամասը ամենէն աւելի բնակեցուածը պիտի ըլլայ, եւ անշուշտ Հնդկաստանն ու Չինաստանը յաջորդաբար պիտի գրաւեն աշխարհի ամենէն խիտ բնակչութիւն ունեցող երկիրներու առաջին երկու տեղերը:

Կովկասեան բարձրաւանդակն ու յատկապէս Հայաստանը նկատի ունենալով, միեւնոյն աղբիւրները յաւելեալ մանրամասնութիւններով եւ թիւերով կ՚ակնկալեն, որ 2030 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը կազմէ 2միլիոն 993 հազար, 2050 թուականին` 2 միլիոն 729 հազար` 9,6 տոկոս կորուստով, եւ վերջապէս 2100 թուականին` 1 միլիոն 739 հազար:

Վերոնշեալ այս թիւերը երբեք նախանձելի չեն: Ըստ երեւոյթին ու էութեան, յառաջիկայ յիսուն տարուան մէջ, Հայաստանի մէջ բնակչութիւնը պիտի կրճատուի գրեթէ մէկ միլիոնով:

Այս վայրէջքին դէմ ինչպէ՞ս կարելի է պայքարիլ, շրջանցելով այս մռայլ պատկերը, ինչ որ որոշած է կատարել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յանձին նախագահ Սերժ Սարգսեանի, որ խորհրդակցութեան հրաւիրած է բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին վարչապետը, փոխվարչապետը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը, Ազգային ժողովի առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնախումբինախագահը, առողջապահութեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման աշխատանքի, եւ ընկերային հարցերու, գիւղատնտեսութեան, ելեւմտական, սփիւռքի նախարարները, տնտեսական զարգացման եւներդրումներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը, նախագահի աշխատակազմի պաշտօնեաներ:

Այդ խորհրդակցութեան սկիզբը, նախագահ Սարգսեան շեշտած է, թէ մինչեւ 2040 թուական Հայաստանի բնակչութեան թիւը պէտք է չորս միլիոնի հասնի: Նախագահ Սարգսեանի յայտարարած մարտահրաւէրը նորութիւն մը չէր: Վերջերս տեղի ունեցած Հայաստան – Սփիւռք Զ. համագումարին, ան իր խօսքին մէջ նշած էր թէ յառաջիկայ տարիներուն, ամէն ճիգ պիտի թափուի Հայաստանի բնակչութեան բնական աճի կշռոյթըբարձրացնելու: Այդ ճառին մէջ, Սարգսեան շեշտած էր. «Մենք յայտարարել ենք, որ մեր նպատակն է, որպէսզի Հայաստանը, 2040 թուականին, ունենայ առնուազն չորս միլիոն բնակիչ: Ակնյայտ է, միայն ծնելիութեանմակարդակի աւելացման, մարդկանց կեանքի երկարացման եւ ժողովրդագրական պատկերը բարելաւող միւս քայլերով, մենք այդ նպատակին դժուարութեամբ կը հասնենք` չնայած այդ ուղղութիւններովհաստատակամօրէն առաջ ենք գնալու: Հետեւաբար նպատակադրումը ենթադրում է գալիք 25 տարիների ընթացքում դէպի Հայաստան ներգաղթի լուրջ ցուցանիշների ձեռքբերում»:

Վերանկախացման 26 տարիներու ընթացքին, երեք տարբեր նախագահներու ղեկավարութեան ընթացքին, արտագաղթը եղած է առաջնահերթ հարց: Ըստ տուեալներու, միայն 2004-2006 թուականներուն կարելի եղած է դէմ դնել արտագաղթին: 2004-ին Հայաստան վերադարձած է աւելի քան 2 հազար հայորդի, 2005-ին այս թիւը բարձրացած է 13 հազարի, իսկ 2006-ին` 22 հազարի: Նախագահ Քոչարեանի օրերուն արձանագրուած այս յաջողութեան բանալին տնտեսական նշանակալից աճն էր:

Իսկ վերջին տարիներուն, տնտեսութեան վատ վիճակի մէջ ըլլալուն պատճառա՞ւ կը շարունակուի արտագաղթը: Պատկերն ու ցուցանիշերը այդպէս ցոյց չեն տար:

Նկատի ունենալով համաշխարհային շուկայի ներկայ իրավիճակը,Հայաստանի տնտեսական տուեալները կարելի չէ վատ համարել, սակայն հակառակ ասոր կը շարունակուի արտագաղթը:

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, Հայաստանի բնակչութիւնը կը հաշուէ 2.8 միլիոն, իսկ ոչ պաշտօնական դէտեր կը նուազեցնեն այս թիւը 2.5 միլիոնի սահմաններուն: Իրականութեան մէջ, տարբերութիւնը այս տը ֆաքթօ եւ տը ժիւրէ թիւերուն մեծ բան մը չէ, սակայն հարցը իփսօ ֆաքթօ թիրախն է …չորս միլիոնի մարտահրաւէրը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

2 thoughts on “ՉՈՐՍ ՄԻԼԻՈՆԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ…

  1. Knowing population of neighbouring Turkey and Azerbaijan, its potential increase during same period, planning the increase of Armenias population to 4 million shows how unqualified those in charge of planning are to confront this life and death situation of an ancient nation, the challenge, considering their knowledge of the pattern since its independence. Armenia needs drastic and unusual measures now, perhaps learning from the experience of other nations and religions, religious denominations, that is culture change in family structure, ends justify means.

  2. «Ըստ պաշտօնական» ո՞ր աղբիւրներու Հայաստանի բնակչութիւնը 2.800.000 է, կարելի՞ է գիտնալ: Որովհետեւ վիճակագրական պաշտօնական տուեալները ցոյց կու տան 3.000.000-էն տասնեակ մը հազար նուազ բնակչութիւն:
    Նախագահ Սարգսեանի նախատեսութիւնը բոլորովին իրապաշտական է, պայմանաւ որ ազգովին օգնենք այս կացութեան եւ սփիւռքահայ մամուլը ըմբռնէ իր առաքելութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles