Չիլէի Խորհրդարանը Դատապարտեց Ատրպէյճանի Յարձակումը

0 0
Read Time:55 Second

hay tad chile

ՍԱՆԹԻԱԿՕ («Փրենսա Արմէնիա»).- Մայիս 18ին, Չիլէի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց պատմական բանաձեւ մը՝ դատապարտելով «Արցախի Հանրապետութեան վրայ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը»:
Բանաձեւին մէջ նաեւ կոչ կ՛ուղղուի Չիլէի կառավարութեան, որ հակամարտութեան կողմերը մղէ Արցախի տագնապը լուծելու՝ բանակցութիւններու միջոցաւ, Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսկի խմբակի միջնորդութեամբ, «որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել աննախատեսելի հետեւանքներով յղի շրջանային պայթումի մը»։hay tad chile2
Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ Ալֆոնսօ Թապաքեան ողջունեց Չիլէի խորհրդարանին այս յանդուգն որոշումը։
Բանաձեւը, որ ներկայացուած էր երեսփոխան Կուսթաւօ Հասպուն Զելումէն, երկրորդուած էր շարք մը երեսփոխաններու կողմէ:
«Ատրպէյճանի արարքները ոչ միայն յստակօրէն կը խախտեն երկկողմանի եւ միջազգային յարաբերութեանց պայմանները, այլ վտագն կը սպառնան համաշխարհային խաղաղութեան եւ այդ պատճառով ալ պէտք է դատապարտուին միջազգային համայնքին կողմէ, յատկապէս ա՛յն քաղաքացիներուն եւ երկիրներուն կողմէ, որոնք եղբայրական կապեր ունին Հայաստանի հետ», յայտնեց երեսփոխան Կուսթաւօ Հասպուն Զելումէ, որ միեւնոյն ժամանակ նախագահն է Հայաստան-Չիլէ Բարեկամութեան խմբակին։
Զելումէ տեղեկացուց, թէ բանաձեւի ձախողութեան նպատակով երկրի երեսփոխաններուն վրայ ճնշում բանեցուած է Չիլէի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ, որ անցեալ տարի եւս նման ճնշումներ բանեցուցած էր, սակայն՝ ձախողած, երբ Չիլէի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով հայութեան կողքին կանգնելու եւ Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու բանաձեւ մը վաւերացուցած էր։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles