
ՓՐԱԿԱ.- Ապրիլ 25-ին կատարուած նիստին, Չեխիոյ խորհրդարանը քուէարկեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը: 104 երեսփոխաններ ի նպաստ քուէարկեցին, իսկ 96 անդամներ որոշեցին չքուէարկել:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը առաջադրուած էր երեսփոխան Ռոպին Պէօնիշի կողմէ, որ նշեց թէ.- «Չեխիոյ պարտքն էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Քանի որ երէկ Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցն էր, այս բանաձեւը վաւերացնելը նաեւ խորհրդանշական իմաստ ունի»:
Բանաձեւին մէջ նշուած է.- «Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու տունը կը դատապարտէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին նացիներու կողմէ գրաւուած տարածքներուն մէջ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները հրեաներու, գնչուներու եւ սլաւոններու նկատմամբ, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին` հայերու ցեղասպանութիւնը եւ ազգային ու կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ…»: