
Read Time:21 Second
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, հայ ցուցարարներուն ուղղութեամբ թուրք ազգայնամոլներուն՝ «Գորշ գայլեր»-ուն, նշանը ցոյց տուաւն, անակնկալի բերելով Ուրուկուայի պատասխանատուները:
Ուրուկուայի նախագահ Լուիս Լաքայէ Փու բռնօրէն քննադատեց այս դէպքը եւ յայտնեց.- «Հայ համայնքը նեղացած է եւ իրաւունք ունի: Շատ ցաւալի է, որ Չաւուշօղլու խումբ մը հայերու ցոյց տուաւ թրքական ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր»ու շարժումին նշանը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին վերաբերմունքը պէտք է խիստ քննադատուի»: