
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ․- Երեքշաբթի Ապրիլ 26-ին, Ուրուկուայի Խորհրդարանի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, կազմակերպուած Ուրուկուայի Խորհրդարանի Նախագահի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ նախարարներ, փոխ նախարարներ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Ուրուկուայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլընճեան, հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Սոյն ձեռնարկին իրենց ելոյթով հանդէս եկան Խորհրդարանի Նախագահ՛ պատգամաւոր Օպէ Պասքէթ, ով անդրադառնալով օրեր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլուի հայերուն ուղղուած «Գորշ Գայլեր»-ու նշանը ցոյց տալուն, խստօրէն դատապարտեց ըսելով թէ «Մենք այդ դէպքը կը համարենք ոչ միայն իբրեւ վիրաւորանք ուղղուած հայ համայնքին, այլ Ուրուկուայի ժողովուրդին»:
Իր կարքին, Ուրուկուայի փոխ նախագահուի Պէաթրիս Արխիմոն անգամ մը եւս վերահաստատեց երկրի հաւատարմութիւնը հայ դատի վերաբերեալ: «Մենք պիտի շարունակենք, ինչպէս պատմականորէն միշտ եղած է, մեր հաւատարմութիւնը, ոգեկոչելով այս թուականը, որպէսզի չի շարունակեն վայրագութիւնները, ինչպէս եղած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
Յաջորդաբար խօսք առաւ քաղաքագէտ, լրագրող՛ Քլաուտիօ Ֆանտինին (Արժանթին), որուն արծարծած նիւթն էր․- «Ժխտողականութիւնը դաժան և յանցաւոր է»:
Այս արթիւ տեսա-ուղերձով իր պատգամը փոխանցեց Հ.Հ. Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ, Ուրուկուայ – Հայաստան միջ-խորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ՝ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ ընկեր Իշխան Սաղաթէլեան, որ բարձր գնահատելով Ուրուկուայի պատմական կեցուածքը ըսաւ «Այսօր երբ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը արդէն իսկ իրողութիւն է, առանձնակի ակնածանքով ենք յիշում Ուրուկուայի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը 1965 թուականին: Դրանով Ուրուկուայը դարձաւ աշխարհում առաջին պետութիւնը, որ համընդհանուր մորացութեան միջից արդարութեան ձայն հնչեցրեց եւ սկիզբ դրեց հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընդացին: Մեր ժողովուրդի յուշերուն ու հոգեկերտուածքում Ուրուկուայը ընկալւում է իբրեւ իրական եւ անշահախնդիր բարեկամ» ըսաւ Սաղաթէլեան:
Հանդէս եկաւ Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ Կապրիէլա Մուժուքեանը։ Ան քննադատեց տեղւոյն արտաքին գործոց նախարարութեան, որ ընդունած է թուրք պաշտօնակից Չավուշօղլուին ճիշտ Ապրիլ 24-ի օրը։ Ան անդրադարձաւ պատահարին եւ այս դէպքի կապակցութեամբ բարձր գնահատեց Ուրուկուայի Նախագահին արագ արձագանգը։
Նշենք, թէ Ապրիլ 24- ին Հարաւային Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն յայտարարութիւն տարածեց դատապարտելով Ապրիլ 23-ին Մոնթեվիտէոյի մէջ, Թուրքիոյ դեսպանատան բացումէն դուրս եկած ժամանակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուի հայ համայնքի ցուցարարներուն ուղղուած՛ թուրք ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան նշանը ցոյց տալու կապակցութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի․-
«Գորշ գայլերը» ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը դաւանի Օսմանեան գերակայութիւնը, նեոֆաշիստական եւ ահաբեկչական՝ կազմակերպուած քաղաքական եւ կիսառազմական ճանապարհով:
Թուրքիոյ արտաքին գործեց նախարարի կատարած նշանը արհամարհելի պատահար մը չէ, բացի ժխտողականութենէն, սա սպառնալիքի ցուցմունք է մարդկանց, այն իմաստով, որ նման բան կարող է իրենց ալ պատահիլ: Այսպիսով թոյլ չտալով անոնց որպէսզի իրենց բնականոն կեանքը ապրին, լիարժէք մասնակցին հասարակութեանը, ստիպելով անոնց ապրիլ մշտական տագնապի մէջ: Այս ձեւով ուղերձը բարոյական եւ հոգեբանական բռնութիւն կատարած կ՛ըլլայ անոնց վրայ: Արտաքին Գործոց նախարարը, ժպտալով, բարձրացուց իր բռունցքը եւ հպարտօրէն ցոյց տուաւ իր ատելութեան դրօշը եւ արժանացաւ իր շրջապատի մարդկանց ծափահարութիւններուն: Այս մէկը կը վերահաստատէ «Գորշ Գայլերու» ներկայութիւնը թրքական պետութեան մէջ, ինչպէս ամենուր, հետեւաբար սպառնալիք դառնալով աշխարհի բոլոր հայերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն համար:
Վճռականապէս կը դատապարտենք Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարի վարմունքը, ժխտելով իր պետութեան կողմէ կատարուած յանցագործութիւնը, ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը պաշտպանելու, ատելութիւն եւ խտրականութիւն գարոզելու համար: Նման վարքագիծ մեր երկրի մէջ բացայայտօրէն հակասական է մեր իրաւական համակարգին համար, ուրեմն կոչ կընենք մեր հասարակութեանը «փերսոնա նոն կրաթա» յայտարարել Մեվլութ Չավուշօղլուին՝ հայերու նկատմամբ իր կատարած ծանր վիրաւորանքին պատճառաւ: