
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ («Փրենսա Արմենիա»).- Ուրուկուայի մայրաքաղաքին մէջ, Արցախի հիմնահարցին գծով խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 2-ին: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ, իրաւապաշտպաններ: Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն նպատակն է յառաջ մղել Ուրուկուայի դիրքորոշումը Ատրպէյճանի եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու հարցին մէջ:
Խորհրդաժողովին մասնակիցները որդեգրած են հռչակագիր մը, որուն մէջ մասնակիցները կը հաստատեն տագնապի խաղաղ լուծման օգտին աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Արցախի ժողովուրդը պէտք է գործադրէ իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը` առանց սպառնալիքներու եւ բռնութեան ենթարկուելու:
Ստորագրուած փաստաթուղթը կը պաշտպանէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդական ջանքերը, որոնք ուղղուած են տագնապին խաղաղ լուծման, եւ միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ քայլերու ձեռնարկելու ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու, պատերազմական հռետորաբանութիւնը դադրեցնելու ուղղութեամբ, որպէսզի տագնապը նոր զինեալ բախումներու չվերածուի:
Ուրուկուայցի երեսփոխան Տանիէլ Ռատիօ հռչակագիրը կարդալէ ետք ըսած է. «Մենք կ՛ուզենք, որ բոլորը գիտնան, որ Ուրուկուայի մէջ, որ հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու է Արցախէն, կան մարդիկ, որոնք անտարբեր չեն այս հարցին նկատմամբ»:
Ծերակուտական Ռաֆայէլ Միքելինի, իր կարգին, յայտարարեց, որ այն ինչ որ իրենք կ՛ընդունին խորհրդաժողովին փակումով, արդարութեան արարք է: Իրաւապաշտպան Օսքար Լոփես Կոլտարասենա ընդգծեց, որ Արցախի ժողովուրդը արդէն ինքնորոշուած է եւ ընտրած ազատ ու գերիշխան պետութեան իր բնորդը: Իսկ Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Պելելա Հերերա յոյս յայտնեց, որ իրենց նախաձեռնութիւնը օրինակ դառնայ ամբողջ աշխարհին համար: