
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Փետրուար 13-ին, նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն, Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը, որուն ընկերացաւ Ուրուկուայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ արք Գըլըճեանը, հանդիպում մը ունեցաւ Ուրուկուայի պետութեան մօտ Զուիցերիոյ դեսպան, Պր. Տիտիէր Փֆիրտրի հետ, որուն նպատակն էր Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտնի թուրք քաղաքական գործիչ, Փէրինչէքին արդարացնող վճիռը, Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ մերժելու եւ իր կարգին դիմելու միևնոյն դատարանի Գերագոյն Ատեանին, վերատեսութեան ենթարկելու այդ հակահայ որոշումը:
Յայտնի դարձաւ որ Պր. դեսպանը ոչ միայն ծանօթ էր Փէրինչէքի հարցին, այլեւ մանրամասնօրէն լաւատեղեակ անոր:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, պարզուեցաւ նաեւ թէ Պր. Փֆիրտր բաւական լաւ կը ճանչնայ հայկական հարցը եւ մեր արդար իրաւունքն ու պահանջատիրութիւնը, քանի որ ըստ իր ըսածին, տարիներէ ի վեր կը հետաքրքրուի հայութիւնը յուզող հարցերուն եւ Հայ Դատի հետ կապուած գործունէութեան:
Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած յուշագիրը ուղղուած Զուիցերոյ կառավարութեան, յանձնուեցաւ դեսպանին: