Լրահոս

ՈՒՍՏԸՐ․- ՔՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆ ՄԸՔԿԱՎԸՐՆԻ ԱԶԴԵՑԻԿ ԽՕՍՔԸ


Հարիւրաւոր ցուցարարներու մասնակցութեամբ, Ուստըրի հայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ ի նպաստ Արցախի հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 16-ին։
Այս առթիւ ներկայ եղաւ քոնկրէսական Ճէյմս ՄըքԿավըրն, որ տպաւորիչ ելոյթով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։ Ան քննադատելով Սպիտակ Տան օժանդակութիւնը թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ատրպէյճանի, անյապաղ կոչ ուղղեց ոչ թէ միայն ընդհատելու օժանդակութիւնը, այլ նաեւ սառեցնելու ամերիկեան դրամատուներէ ներս, անոնց գումարները։
«Մեր երկիրը եղած է արդարութեան կողքին։ Ժամանակի կորուստ է սպասելը։ Անպայման, որ պէտք է շուտով գործի լծուինք եւ անցնինք շօշափելի արդիւնքներու։ Սիրելիներ, հակառակ այս բոլոր ռմբակոծումներուն, հրթիռարձակումներուն եւ հետեւողական ճնշումներուն, Արցախը պիտի դիմադրէ։ ․․․Զինադադար չի յարգուիր եւ վարձկան ահաբեկիչներու օժանդակութեամբ, կը շարունակուի այս յարձակումը։ Պէտք է աղմկել, շատ աւելի բարձր, հասնելու համար Սպիտակ Տուն։ Արցախցին խաղաղութիւն կը ձգտի», ըսաւ ՄըքԿավըրն, որ 1996-էն ի վեր պաշտօնի վրայ է եւ քաջատեղեակ է անցուդարձերէն։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button