Գրողի Անկիւն
Ուսումնասիրական Մենագրութիւն Մը Սողոմոն Թեհլիրեանի Մասին (Հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեան)
2018 տարեվերջին Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» տպարանէն լոյս տեսաւ փոքրածաւալ հատոր մը` «Սողոմոն Թեհլիրեան-1896-1960»` իբրեւ երկրորդ համարը «Արամ Մանուկեան» մատենաշարին. հազիւ 100 էջերու վրայ տարածուող ու ափի մը ծաւալը ունեցող գրքոյկը ուսումնասիրական մենագրութիւն մըն է, գիտական աշխատանքի մօտեցումով, սակայն լայն իմաստով` հրապարակագրական եւ ազգային աւանդներ ուսուցելու տրամադրութեամբ, պատրաստուած` Կարօ Յովհաննէսեանի կողմէ:


