
Չարութեան եւ ժխտումի զօրութիւնները փորձեցին պարտադրել մեզի,
Որ հետզհետէ տժգունած յիշատակի մը վերածէինք քեզ:
Թանձրածալ սեւ վարագոյր մը իջեցուցին
Վեհասքանչ տեսիլքիդ վրայ.
Խժալուր աղաղակներով խափանեցին
Լուսադաշնակ համանուագը հերոսաշունչ քայլերգիդ,
Որ կը կոչուի Սարդարապատ:
Բայց անոնք, որ ստեղծած էին քեզ,
Անոնք, որ դէպի աստեղակուռ կամարները յաղթանակի
Առաջնորդած էին փաղանգներն անձնուրաց,
Անոնք, որ անջնջելի արձանագիրն իրենց ճակատագրին
Պատմութեան վկայութեամբն էին քանդակած,
Կը հսկէին սրտապինդ, իբրեւ դարերու խորհուրդովն ընտրեալ
Գերագոյն եւ անկաշառ պահապաններ:
Եւ Երազը գեղահրաշ իրականութեան ոսկեճամուկ պատմուճանն էր հագած
Հոգիի ցրտասարսուռ մերկութիւնն չէր այլեւս,
Ո՛չ ալ ցնորք խաբեպատիր,
Ո՛չ ալ կրկներեւոյթ անծայրածիր անապատին մէջ
Յոգնատանջ ուղեւորին աչքերուն դիմաց:
Երազը ծնունդ առած արիւնահեղ պայքարներէ`
Ամենէն ճշմարիտ, ամենէն հզօր, ամենէն արժանի յաղթանակն էր
Հաւատքի, մեծափարթամ եւ անյողդողդ նուիրումով սրբագործուած:
Օր մը յուսացինք եւ մնացինք ծնրադիր, ակնասեւեռ
Խորանիդ լուսաքանդակ մարմարներուն,
Սպասելով որ ահեղաշունչ փոթորիկներէն բզքտուած,
Բայց դեռ երկինքին եւ բովանդակ մարդկութեան առջեւ
Դրօշակդ` որ խորհրդանիշն է միշտ
Հերոսներուդ արիւնին,
Որ յաւերժութեան կապոյտին մէջ կ՛անդրադառնայ.
Եւ ակօսներու ոսկեծուփ հասկերուն մէջ կը բոցավառի:
Դուն այլեւս միայն թուական մը չես ժողովուրդիս պատմութեան մէջ:
Դիւցազունները քեզ կերտեցին կոթողաձեւ
Իրենց արեւակէզ ոսկորներուն անխորտակելի կարկառին վրայ:
Դուն դարաւոր արշալոյսները բազմատեսիլ պատկերի մէջ խտացուցիր
Եւ անոնցմով վառեցիր մեր հայրենի ակութներուն կրակը սրբազան.
Կրակը` որ դուն ես յաւիտեան մեր սրտերուն մէջ,
Կրակը` որ սէր է եւ պաշտում,
Կրակը` որ անսպառ խունկն է մեր բուրվառներուն,
Կրակը` որ մեր ջահերուն լոյսն է ճաճանչագեղ,
Կրակը` որ կը բորբոքի ճարճատուն,
Ամէն անգամ, երբ կը ղօղանջեն Յարութեան զանգակներն աւետաբեր,
Երբ գերեզմանէ գերեզման կը փոթորկի կանչ մը կարօտաձայն,
Ինչպէս մինչեւ հեռատարած հորիզոնը թաւալող կոհակները ծովուն,
Ձայն մը մոլեգնասաստ, յաւերժութեան ձիւնասպիտակ բեւեռներէն հասնող.
“Սարդարապա՜տ, ամրոց անանցանելի“:
Մինչեւ վերջին շունչը մեր կարօտակէզ հոգեվարքին,
Եւ մինչեւ մեր աճիւններուն անվրդով հանգիստը հայրենիքի ծոցին մէջ,
Ձեզմով պիտի յուսանք, Յո՜յս մեր միայն, Յո՜յս` որ զօրութիւն ես անպարտելի,
Եւ հայրենաշող արեգակ,
Յո՜յս` որ հեռաւոր հորիզոններէն կը բոցավառիս.
Եւ մեր լեռներուն տեսիլքն անհունաթեւ կը պահես անայլայլ
Հայրենակարօտ գերեզմաններու վերեւ`
Որոնց մէջ մեռելները բաց աչքերով կը հսկեն մշտարթուն:
ԱՐՍԷՆ ԵՐԿԱԹ