Լրահոս

Ուխտագնացութիւն Նափոլիի Սուրբ Գրիգոր Հայ եկեղեցի

 

Ապրիլ 5-ին, Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Հայ (San Gregorio Armeno) եկեղեցւոյ սուրբ կամարներուն ներքոյ, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Սուրբ Գրիգոր  Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապի յիշատակութեան օրը հնչեցին Սուրբ եւ անմահ պատարագի մեղեդիներ։

Հայ ուխտաւորներ՝ Պելճիքայէն, Լեհաստանէն, Նետերլանտներէն, Ֆրանսայէն եւ Իտալիոյ տարբեր մարզերէն, ժամանած էին երկրպագելու հոն զետեղուած հայոց առաջին հայրապետի՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները՝ անոր բարեխօսութիւնն ու օրհնութիւնը հայցելու։ Անոնց միացած էին նաեւ քանի մը իտալացի հիւրեր, ինչպէս Իտալիոյ Ներկայի եւ նախկին ռազմիկներու ազգային միութեան Փոմփէի քաղաքի գրասենեակի նախագահ Ռոտոլֆօ Արմենիօ եւ քարտուղար Փասքուալէ Սկեթինօ, որոնք մեծ ակնածանքով մասնակից դարձան այս հանդիսաւոր հոգեպարար արարողութեան։

Պատարագը մատուցեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արք․ Պարսամեան։ Հանդիսութեան ներկայ էին Պէլճիքայի եւ Իտալիոյ Հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւոր սպասաւորները՝ ուղեկցութեամբ նաեւ Լեհաստանի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Մինաս աբեղայ Հախվերտեանի։ Իր մասնակցութիւնը բերաւ Նափոլիի Անկլիքան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ փասթէօր՝ Մայր Ժիւլ Քէյվ Պերքվիսթ։

Պատարագի ընթացքին ոգեշնչող քարոզով հանդէս եկաւ Նափոլիի հոգեւոր առաջնորդի փոխանորդ՝ Կայթանօ եպիսկ. Գասթելօ։ Ան Սրբազան հօր հաղորդեց Նափոլիի առաջնորդին սրտագին ողջոյնները եւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի տօնին առթիւ միասնաբար համախմբուելու յատուկ հրաւէրին համար։ Եպիսկոպոսը ընդգծեց, որ այս տօնակատարութիւնը քրիստոնէական եղբայրական համագործակցութեան շօշափելի եւ կարեւոր խորհրդանիշն է, որ կը միաւորէ երկու եկեղեցիները։

Պատարագի աւարտին Խաժակ սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց Կայթանօ եպիսկ. Գասթելոյին եւ խնդրեց անկէ իր եղբայրական ջերմ ողջոյնները հաղորդել Նափոլիի առաջնորդին։ Ան նաեւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց միանձնուհիներուն՝ իրենց աղօթական ներկայութեան, նուիրումին ու ծառայութեան համար՝ ընդգծելով, որ անոնց խաղաղ ներկայութիւնը անբաժանելի մասն է նման հոգեւոր տօնակատարութիւններու։ Ապա դիմեց ուխտաւորներուն, ըսելով․ «Մեր Հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի «Մուտն ի Վիրապ» տօնին առիթով դուք եկած էք այս ուխտավայրը՝ խոնարհելու Անոր սրբազան մասունքներուն առջեւ եւ վերստին յիշելու մեր արմատները՝ որ մենք քրիստոնեայ ժողովուրդ ենք։ Լուսաւորչի տեսիլքին միջոցով Քրիստոս իջաւ մեր երկիրը, սրբագործեց հայոց հողը եւ հիմնեց Սուրբ Էջմիածինը՝ իբրեւ մեր հաւատքի կեդրոն։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութեամբ աղօթենք Տիրոջը, որ խաղաղութիւն պարգեւէ ողջ աշխարհին եւ յատկապէս մեր հայրենիքին՝ Հայաստան աշխարհին»։

Advertisement Subscribe Today

Պատարագէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի անունը կրող վանքի հիւրընկալ բակը, ուր սիրոյ սեղանին շուրջ, ջերմ մթնոլորտի մէջ, կարելիութիւնն ունեցան զրուցելու։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button